Բարռեսիա Քոլէքթիվի «Բարռեսիաբար» սիւնակի աշուն-ձմեռ եղանակը պիտի կեդրոնանայ գաղթին, գաղթելու անկարողականութեան եւ գաղթածներու ապրումներուն վրայ։ Լեռնա Պապիկեանի գրութեամբ սկսած այս յօդուածաշարքը կեանքի պիտի կոչուի, նախորդ տարիներուն նման, մեր բոլորին փորձառութիւններով։ Լեռնային յօդուածը մեզ ոչ միայն յիշեցուց, որ վերջին հինգ սերունդներու ընթացքին գաղթը բնաւ չէ բացակայած հայերու կեանքէն, այլ նաեւ ստիպեց հասկնալ՝ որ բոլորս ալ ունինք գաղթած հարազատներ, կ՚ապրինք գաղթի գաղափարով ու գործադրութեամբ եւ շատ չենք մտածեր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ այս իրականութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Թէեւ մեր Քոլէքթիվին մէջ կան չգաղթածներ, սակայն կրնանք ըսել, որ բոլորս ալ ունինք գաղթողի փորձառութիւնը ապրած ազգականներ, իսկ գաղթելու հաւանակութիւնը միշտ ալ ներկայ է։
Գաղթականի անձնական փորձառութենէս սորված եմ, որ գաղթը, առաջին հերթին, ջանքի խնդիր է, որ անձը կը դնէ ծնած-մեծցած երկրին եւ գաղթած երկրին տարբեր ժամանակային փորձառութիւններուն միջեւ։ Ժամանակի կարեւորութիւնը կը գնահատուի, մասնաւորապէս, գաղթողին ծնած-մեծցած երկիրը վերադառնալու կարողութեամբ։ Այլ խօսքով, եթէ գաղթողները կրնան որոշել, թէ որքան ժամանակ պիտի ապրին որպէս գաղթող, ապա այդ մէկը բացառիկ մենաշնորհ է։ Այս առումով արդար պիտի չըլլար նոյն ակնոցով դիտել աշխատաւորներու դէպի 20-րդ դարու ճարտարարուեստի երկիրներ կազմակերպուած կերպով գաղթը եւ աղէտէ փախչողներուն ու իրենց կեանքը ալեկոծ ծովուն յանձնողներուն գաղթը։
Գաղթին այլ ազդակներէն է ժամանակահատուածին անվերջ ըլլալը, որուն արդիւնքը անորոշ է։ Այս հատուածին մէջ ինչ պատահիլը կախեալ է անհատին ինքնիր կարողութեան գիտակցութենէն, որքանո՛վ ինքնիր անձը ընտրելէն եւ որքանո՛վ իր առած արկածաբերումներուն իսկապէս տոկալէն։
Հայերուն համար գաղթը նախ եւ առաջ պատմական յիշողութեան ջուրի երես ելլելն է, որ անմիջականօրէն կապուած է աղէտի հետ։ Ողջ մնացող ու հեռացողները, հեռանալ կարողացողները, անոնք են, որոնք գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար ամէնէն արմատական կերպով կամք գործադրեցին իրենք զիրենք աղէտէն հեռու պահելու։ Այսուհանդերձ, ֆիզիքապէս վայրէ մը հեռանալը անպայմանօրէն չի նշանակեր ժամանակաւորապէս հեռանալ վայրէն։ Ըստ էութեան, յաճախ աղէտի ժամանակը կը գերազանցէ բոլոր վայրերը եւ կը շարունակէ ապրիլ գաղթի երկիրներուն մէջ։
Թէկուզ գաղթածները ֆիզիքապէս ելած են իրենց երկիրներէն, անոնք կը շարունակեն կապուած մնալ իրենց երկիրներուն՝ մնայուն հաղորդակցութեամբ եւ օրուան բոլոր պահերուն լուրերուն հետեւելով. կարծես ելեկտրական վանդակ մը ըլլային՝ իրենք զիրենք գաղթին հետեւանքով յառաջացած ճեղքերուն միացուցած։ Իրենց ֆիզիքական միջավայրը փոխուած է, բայց ժամանակային տեղաշարժը՝ ոչ. գաղթածները օդէն կախուած կը մնան, ամպի մը նման։
Ընտանիքներ, մասնաւորապէս, յաճախ կ՚արտայայտուին, թէ կը գաղթեն իրենց երեխաներու ապագային համար, այնուամենայնիւ, գաղթող ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի կեանքը փոփոխութեան կ՚ենթակուի։ Գաղթը, խորքին մէջ, ընտանիքի դիմագրաւած ամէնէն մեծ մարտահրաւէրներէն մէկն է, քանի որ տարածական եւ ժամանակային պատշաճեցումը նոյն ձեւով չի գործեր ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի վրայ։ Ընտանիքի ժամանակաւոր ճեղքերը, ընտանիքի երէցներուն օդին մէջ կախուած մնալը եւ երիտասարդ սերունդներուն յարմարեցումը իրենց գաղթած երկրին գլխիվայր կը շրջէ ընտանիքին ժամանակաւոր շարժաբանութիւնը՝ ուղղակիօրէն ազդեցութիւն բանեցնելով սերունդներու միջեւ կապերուն վրայ։ Այս առումով, երբ գաղթը չ՚ընկալուիր որպէս կամաւոր որոշում՝ իր բոլոր արկածաբերութեամբ, եւ երբ չկան ընդունուած որոշումին հետեւանքները կրող ընտանիքի երէցներ, գաղթը կը դառնայ անկիւնադարձային դէպք, որուն ժամանակային ճեղքին ազդեցութիւնը կը տեւէ սերունդներ շարունակ՝ բազմաշերտ եւ դժուար ըմբռնելի հետեւանքներով։
Մէկ կողմէն, գաղթողները տիւ ու գիշեր աշխատելով կը փորձեն տեղ մը գտնել գաղթած երկրին ամէնօրեայ կեանքին մէջ՝ յաճախ որպէս աժան աշխատող ձեռքեր, միւս կողմէ կը դառնան ամէնէն անտեսանելի աշխատուժի անդուլ բանուորները՝ շարունակել մնալով ընտանիք, պահելով կապը ազգականներու, ընկերներու եւ ետին ձգած շրջապատին հետ, ընտանեկան ոստայնին մէջ պահելով անմիջական շրջապատէն օտարացած ազգականներուն եւ կերտելով ու շարունակելով իրենց կապը երիասարդ սերունդներուն հետ։ Չափազանցած չենք ըլլար, երբ ըսենք, որ հայերը հսկայական զգացական ու տնտեսական ներդրումներ եւ երկար ժամանակի վրայ ջանքեր թափած են մասնակից դառնալու ծնունդներու, մահերու, հարսանիքներու, երջանկութեան եւ տխրութեան՝ յաղթահարելով աշխարհագրութիւն, պատերազմներ եւ ժամանակային տարբերութիւններ առնուազն հինգ սերունդներ շարունակ։
Գաղթի անտեսանելի ազդակներէն մէկը այն է, որ եթէ նոյնիսկ աւելի լաւ պայմաններու գաղթած ըլլայ անհատը, ամէն պարագայի կեանքը պիտի սկսի զերոյէն՝ ընկերային թէ՛ մասնագիտական ծիրերուն մէջ։ Պարտաւորութեամբ, ուսման, աշխատանքի կա՛մ ամուսնութեան պատճառով գաղթած ըլլան անոնք, բոլորն ալ պէտք է սորվին նոր երկրին ընկերամշակութային օրէնքները։ Տուեալ վայրի մը մէջ վարուելակերպի բոլորովին նոր գիտելիքներ ձեռք ձգելը տարիներու կը կարօտի։ Երբ այլեւս իմաստ չունին տարիներու վրայ հաստատուած ծանօթութիւնները, բարեկամութիւնները, խնդիրներու լուծման եղանակները եւ արժէք մը չունին կուտակուած գիտութիւնն ու փորձառութիւնը, այս ընկերային եւ կառուցային մեկնակէտին վրայ ճիգ թափուած տարիները ձեւով մը ինքնին գաղթին համար դրուած քննութիւն մըն են։ Կը քննեն եթէ անհատը ինքզինք ընտրած է գաղթին միջոցով կամ՝ արկածաբերումները իբրեւ թէ կամաւոր որոշումին երբեւէ ամբողջովին հասկցած եւ ընդունած է։ Յատկութիւններն ու ընկերային եւ մասնագիտական փորձառութիւնները, որոնք մարդը իր հետ կը բերէ իր գաղթած երկիրը, կ՚իմաստաւորուին միայն, երբ անոնք կրնան տեղաւորուիլ տուեալ երկրի համածիրին մէջ,— այսինքն միայն որոշակի ժամանակ մը ետք։ Այլ խօսքով, մեր հետ բերած ձիրքերը այլ երկրի մէջ տեսանելի դառնալու համար նախ պէտք է հաստատել մեր գոյութիւնը եւ տեսանելի դառնանք այդ այլ երկրին ժամանակին եւ վայրին մէջ։ Հոս եւս, ժամանակն է գաղթին հիմնադիր տարրը։ Երբեմն այս գործընթացը սերունդներ կրնայ տեւել։
Հերի Յարութիւնեան իր գլուխ գործոց «Չխօսուածը որպէս ժառանգութիւն» (2019) հատորին մէջ, որ շուտով «Արաս» հրատարակչատան կողմէ թրքերէնով լոյս պիտի տեսնէ, կը քննէ իր ընտանիքին պատմութիւնը եւ գեղեցկօրէն կը նկարագրէ իր վերապրած ծնողքին Միացեալ Նահանգներ գաղթը, ինչպէս նաեւ իր, որպէս երեխայ, բազմաժամանակային ընտանիքի մէջ ապրած ըլլալը։ Յարութիւնեան այս ժամանակը կ՚անուանէ «ներկայ-անցեալ» ժամանակ։
Մեր յառաջիկայ յօդուածներուն ճամբով, որպէս քոլէքթիվ, մենք եւս պիտի խօսինք մեր ընտանիքին ու մեր անձնական գաղթելու եւ գաղթել չկարողանալու փորձառութիւններուն մասին։ Այսպիսով, մենք միասնաբար պիտի մտածենք թէ ի՛նչ կը նշանակէ մեզի համար մեր կեանքին մէջ յառաջացած ժամանակային եւ տարածական ճեղքերը։
Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան




