Երբ Բարռեսիա Քոլէքթիվով սկսանք խոկալ եւ գրել գաղթի մեր փորձառութիւններուն մասին, սկիզբը վարանեցայ այս պատումներուն մէջ իմ փորձառութիւնս ինչպէ՛ս զետեղելու։ Թալին Սուճեանի վերջին յօդուածը ինծի յիշեցուց, որ գաղթի, գաղթել չկարողանալու եւ այլ վայրի մէջ կեանք կերտելու հնարաւորութիւնը հայերուս ուղեկցած է սերունդներ շարունակ։ Սուճեանի բառերը հրաւէր մը դարձաւ, որ ես վերանայիմ գաղթի օրերուս։ Իմ պարագայիս՝ ուսանող ըլլալս, պսակուիլս եւ գաղթելս իրարու ընդելուզուած էին։
Քսանմէկ տարեկանիս Պոլիսը լքեցի Նիւ Եորք հաստատուելու։ Նպատակս ուսումս շարունակել էր ֆեմինիստական ուղիով հանրածանօթ Պառնարտ քոլէճին մէջ՝ միաժամանակ կնքելով մատղաշ տարիքի պսակս։ Թէեւ իմս էր Պոլիսէն ելլելու որոշումը, սակայն գաղափար չունէի այս ընտրութեան՝ առօրեայիս վրայ ունենալիք ազդեցութեան մասին։ Իբրեւ Պոլսահայ երիտասարդ կին, նոր-նոր պիտի յայտնաբերէի հետս շալկած լեզուներուս ու պատկանելիութիւններուս ընկալութիւնը նոր կեանքիս մէջ։ Մինչ կը փորձէի հասկնալ քաղաքին ռիթմը, յարաբերութիւններն ու հեռաւորութիւնները, ետիս ձգած կեանքիս հետ կապը պահեցի նամակագրութեան ճամբով։ Ասոնք մեր նախահամացանցային ու ե-նամակային տարիներն էին։ Յաճախ, երբ կը նստէի ընտանիքիս եւ ընկերներուս նամակ գրելու համար, չէի գիտեր գրելիքս։ Ինչպիսի՞ բառեր պիտի կարենային հանդիսանալ առանձնութեանս եւ կորսուածութեանս թարգմանը։ Ի՞նչ կրնայի ընտրել կիսել անոնց հետ։ Ասոնք մնացին անպատասխան հարցումներ։
Նախքան մեկնիլս, կը կարծէի, որ անգլերէնի գիտութիւնս լաւ էր։ Սակայն ակնկալածէս աւելի դժուար էին դասերուս հետեւիլը, ըսուածը հասկնալն ու դասապահին ընթացքին արտայայտուիլը։ Հոն էր, որ զգացի լեզուի գիտութեան եւ գիտցած լեզուով հանգիստ շարժելու հեռաւորութիւնը։ Ես կը փնռտէի նաեւ Պոլսոյ համալսարանական կարճ տարիներուս ունեցած ուսանողներու միութիւնը։ Պատահեցաւ օր մը, որ քովս նստած ուսանողին հարցուցի իմաստը դասախօսին արտասանած բառերէն մէկուն, որ չէի հասկցած ինծի անծանօթ հնչիւնի պատճառով, որուն իբրեւ պատասխան ան կայծակի արագութեամբ վերցուցած էր նօթատետրը տեսողութեանս ոլորտէն։ Թէեւ այս պարզ արարք կրնայ թուիլ, սակայն տակաւին կը զգամ եղածին ծանրութիւնը։ Բառը չհասկնալուս դժուարութեան կ՚աւելնար օգնութիւն խնդրելուս մերժումը։
Թուրքիայէն եմ հաստատումիս յաջորդող ինծի ուղղուած հարցումները աւելցուցին օտարացման զգացումներս,— «Ուղտո՞վ դպրոց կ՚երթաս», «Կրնա՞ս տաբատ հագնիլ»։ Նաեւ կար շարունակ ինծի ուղղուած հետեւեալ հարցումը «Ի՜նչ աղուոր հնչիւն ունիս, ուրկէ՞ ես»։ Այս խօսքին մէջ հեռաւորութիւն զգացի, որ ժամանակի ընթացքին զայրացուց զիս։ Ձայնիս ուրկէ ըլլալը շատ աւելի կարեւոր էր քան ինչ ըսած ըլլալը։ Չէի գիտեր, թէ ինչպէս պատմութեանս տեղ կրնայի տալ այս օրիանթալիսթ հայեացքի պատրաստի պատկերին տակ, որ օտարոտի կը դարձնէր այն վայրը, ուրկէ կու գայի։
Հարազատ տան զգացումը ունենալու միտումով, որոշեցի համալսարանին հայկական ակումբի ժողովներուն մասնակցիլ։ Պատկերացումս այն էր, որ պիտի գտնուէի միջավայրի մը մէջ, ուր պիտի կարենայի հայերէն խօսիլ եւ Նիւ Եորքի հայերու հետ յարաբերութիւններ մշակել։ Անգլերէն հասկնալու եւ անգլերէնով հասկցուելու ջանքէս ետք, մտածեցի, որ ապահով կրնամ զգալ ծանօթ լեզուով։ Այսուհանդերձ, հաւաքավայրի դրան սեմին հայերէն խօսիլ չգիտցող ակումբի անդամի մը կողմէ ինքզինքս հարցաքննութեան մէջ գտայ պոլսահայ ըլլալուս մասին։ Ոչ ուրկէ եկած ըլլալս, ոչ ալ ներկայութիւնս ողջունելի էին հոն։ Այդ դէպքը ապրեցայ որպէս վտարում եւ անգամ մըն ալ վերադառնալ չուզեցի հայկական ակումբ։ Այսօր, մինչ կը խոկամ գաղթի իմ փորձառութիւններուս մասին, այս դէպքը կը մնայ իմ վրաս ամէնէն շատ ազդածներէն մէկը, նաեւ՝ ամէնէն խոր վէրք յառաջացուցածներէն մէկը։ Ինքզինքս դուրս դրուած զգացի նախքան իսկ ստեղծուէր յարաբերութիւն մը, ուր պիտի կարենայի պատմել պատմութիւնս։ Չեմ գիտեր ներկայիս նման վայրեր ինչպիսին են, բայց իմ յուշերս ետ դառնալն է այդ դռնեն, որուն մօտեցած էի ընկերութիւններ մշակելու յոյսերով։ Դրան սեմին պատահածը տակաւին զիս մտածել կու տայ զանազան վայրերու մէջ հայկական ինքնութեան տարբեր ձեւերուն մասին եւ թէ որքա՛ն տեղ կրնանք բանալ իրարու փորձառութիւններուն համար։
Այսօր, նաեւ կը վերանայիմ Քոլոմպիա համալսարանէն պսակաւոր արուեստից վկայականէս ետք գերմաներէն լեզուի եւ գրականութեան հետեւելու որոշումիս։ Գերմաներէնը սորված առաջին օտար լեզուս էր։ Արդեօք Նիւ Եորքի մէջ այս լեզուին դիմելը ծանօթ ձայնի փնտռտո՞ւք էր։ Թերեւս այս ընտրութեան մէջն էր տան փնտռտուքը։ Կը յիշեմ այդ տարիներուն Կիորկի Լուկաչի «The Theory of the Novel» (Վէպին տեսութիւնը) գործին մէջ «transcendental homelessness» (մտացածին անտնութիւն) մտայղացքին հանդիպիլս եւ կապ մը զգալս։ Ըստ Լուկաչի, արդի մարդը անկարող էր միասնական իմաստ մը գտնելու ինքզնինքին եւ աշխարհին միջեւ։ Ան վէպի ձեւի մէջ կը տեսնէր մարդու իրավիճակը, որ կ՚ապրի աշխարհի մը մէջ, ուր իմաստը պէտք է փնտռել։
Այս գաղափարը կարդացած ժամանակս կը վերադառնայի իմ կեանքիս։ Բաց մը կար ինքզինքիս եւ ապրած աշխարհիս միջեւ, իսկ չէի գիտեր ինչպէս յաղթահարել զայն։ Կը փորձէի լեզուն սորվիլ, դասերս հասկնալ եւ յարաբերութիւններ ստեղծել, սակայն, այս բոլորին մէջ, չէի յաջողեր ինքզինքիս համար վայր մը գտնել։ Լուկաչի մտայղացքը զիս արտօնեց մօտենալ զգացումի մը, զոր կ՚ապրէի, բայց չէի կրնար անունանել։ Մտայղացքին հետ ունեցած կապս ծնաւ իմ փորձառութենէս։ Հայոց պատմութեան մէջ գաղթի եւ տեղահանութեան յստակ վիճակները կը բովանդակեն իրենց պատմական եւ քաղաքական կշիռը։ Լուկաչի բառերով, կեանքիս մէջ զգացած օտարացումին արձագանք գտած եղայ։ Կարդացածս անուն տուաւ այն վիճակին, որ ես առօրեայ շփումներուս մէջ կը զգայի, բայց չէի կրնար բացատրել։
Այս փնտռտուքին կը միանար Նովալիսի խօսքերը, որուն անդրադարձած է նաեւ Լուկաչ, փիլիսոփայութեան անոր հասկացողութիւնը իբրեւ տան կարօտ, իբրեւ ամէն տեղ տուն դարձնելու ցանկութիւն։ Ինծի համար, այդ տարիներուն, այս ցանկութիւնը շատ առօրեայ համարժէքներ ունէր՝ դասարանին մէջ առանց վարանելու հարցում հարցնել կարողանալը, հնչիւնէս անդին լսելի ըլլալը եւ ինծի համար տեղ գտնելը միջավայրի մը մէջ, ուր կ՚ուզէի հայերէն խօսիլ։ Եւ ամէնէն կարեւորը՝ կ՚ուզէի ծանօթացած մարդիկս հետաքրքրութեամբ լսէին Պոլիսէն հետս շալկած կեանքիս մասին։
Երբ առաջին ամուսնութիւնս չյաջողեցաւ, Պոլիս վերադարձայ՝ կիսատ թողելով ուսումս։ Տարիներ անց, հնարաւորութիւնը ունեցայ վերադառնալու եւ մագիստրոսականի ուսումս աւարտելու։ Հետս կը շալկէի նաեւ միջանկեալ տարիներն ու գիտութիւնը բան մը անաւարտ ձգելուն։ Նախորդ տարիներուն զգացած օտարացումս յիշողութեանս մէջ մնացին։ Այժմ, նայելով այդ երիտասարդ կնոջ աւելի լաւ կը հասկնամ, թէ որքա՜ն առանձին պիտի մնար իր իսկ որոշումով առած այդ ճանապարհին վրայ։ Ան կը փորձէր ինքզինքին համար կեանք ստեղծել Պոլիսէն բերած իր հայկական ժառանգութեամբ, իր լեզուներով, մտերմութիւններ հաստատելու ցանկութեամբ։ Կ՚ուզեմ քիչ մը աւելի անդրադառնալ այն նամակներուն, որոնք չկարողացաւ գրել։ Թերեւս այս գրութիւնը եւս, տարիներ ետք, տարածք կը ստեղծէ ըսելու այն բոլոր բաները, որոնք չկարողացաւ ըսել այն ատեն։
Թարգմանութիւն՝ Արազ Գոճայեան




