«Ընդդիմութիւնը կը միաւորուի Փաշինեանը հեռացնելու օրակարգով»։ Այս խորագրի ներքեւ թերթի լրատւութիւնը կը մանրամասներ 7 Յունիսի ընտրութիւններէն պարտութիւնով դուրս եկող քաղաքական կուսակցութիւններու իշխանափոխութեան որոնումները։
Գիտենք թէ ժողովրդավարական սկզբունքները իշխանափոխութեան համար միայն մէկ եղանակ կ'առաջարկեն՝ արդար, անխարդախ ընտրութիւն։ Եթէ միջազգային չափանիշներու համապատասխան կարգ ու կանոնով կայացած ընտրութենէ ետք տակաւին կը շարունակուի իշխանափոխութեան կոչերը, սա կը նշանակէ թէ խնդիր մը կայ, բաւականին լուրջ խնդիր մը կայ մեր դիմաց։
Ընդդիմադիրները իրենց առարկութիւնը կը հիմնաւորեն ընտրակեղծիքներու պնդումով։ Բայց այդ առարկութիւնները չեն կրնար ներկայացնել փաստացի օրինակներ թուելով։ Ո՞ր ընտրամասին, ի՞նչ եղանակով կեղծիքներ կատարուեցան հարցումին դիմաց անոնք զուրկ են իսկական յայտ մը ներկայացնելէ։ Պարզապէս օթին մէջ ճոճուող թուր մըն է ընտրակեղծիք բառը, որ մեզ՝ թուրքեացիներուս ծանօթ է «Եթէ բան մը չեղաւ իսկ, բան մը եղաւ» ծիծաղաշարժ ընդվզումով: Իսթանպուլի քաղաքապետական ընտրութիւններուն պարտուած իշխանութեան այս քաղաքի վարիչը նման բողոքով արտայայտուելէ ետք, քաղաքականացած իրաւական համակարգը որոշեց ընտրութեան կրկնութիւնը: Քաղաքապետութեան ընդդիմադիր թեկնածուի ապահոված 13 հազար առաւել ձայները այս երկրորդ ընտրութիւնով հասան 800 հազարի տարբերութեան։
Վերեւ նշուած լուրջ խնդիրը, ընտրութեան արդիւնքները մերժելու երեւոյթն է, որ սահմանուած չէ Հայաստանի ընդդիմութիւնով։ Վերջին տասնամեակներուն յաճախ ականատես կը դառնանք թէ ընտրակեղծիքներու առկայութեան, եւ թէ ընտրութեան արդիւնքները մերժող բողոքի ցոյցերու։ Այդ ցոյցերու հետեւանքով քաղաքականութեան բառամթերքին մաս կազմեց «գունաւոր յեղափոխութիւն» եզրը։ Յատկապէս Ուկրանիոյ, Պելառուսի եւ Վրաստանի նման նախկին խորհրդային միութեան անդամ հանրապետութիւններ, որոնք բաւականին չէին իւրացուցած արեւմտեան ժողովրդավարութեան սկզբունքները, դիւրաւ ենթարկուեցան շատ անգամ ալ օտար դերակատարներու բեմադրած զաւեշտաողբերգական ներկայացումներու։
Քաղաքական պայքարի հիմքը թորթի բաժանման եղանակն է: Արդարութիւնը կը պահանջէ համահաւասար բաժանում։ Համաշխարհային ձեւաչափով սա իւթոփիա մըն է, երազանք մը պարզապէս: Իրողութիւնը կը շարունակէ մնալ հասարակութեան փոքրաթիւ հատուածին թորթի խոշոր շերտը լափելով։
Հոն եւս կայ տանելի եւ անտանելի անհաւասարակշռութիւն: Եթէ հասարակութեան 40 տոկոսը կը տանի թորթի 60 առ հարիւրը, այս անհաւասարակշռութիւնը մասամբ տանելի է։ Իսկ եթէ 10 տոկոսը լափել փորձէ թորթի 90 առ հարիւրը, ահա այս մէկը անտանելի է ամենուրէք։
Որքան ատեն որ ընդդիմութիւն կոչուածը կը խուսափի թորթը հաւասար բաժնելէ եւ կը ձգտի առիւծի բաժինը ինք վերցնելու, նշանակութիւն չունի մեզի համար: Մեր ուզածը կուշտ ու կուռ թորթ ուտելն է, այլ ոչ թէ որուն ինչքանը լափելը դիտել։


