Խորհուրդներ նորատիպ երեք հատորներէ
Քանի որ յատուկ պատճառ մը չկայ, պարզ զուգադիպութիւն պիտի համարենք Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան եւ անոր ծնունդ տուող քաղաքական ու ընկերային խնդիրները ուսումնասիրող հատորներու իրերայաջորդ հրատարակումը։
Այս ծիրէն ներս առաջինը եղաւ փրոֆ. Պիւլենթ Պիլմեզի գիրքը, որ նիւթ կ՚ունենար երկրի պատմութեան մէջ դէպի լուսաւոր ապագայ յոյսեր ներշնչող իւրաքանչիւր փորձի յաջորդող խաւարի շրջանները։
Իսկապէս ալ Օսմանեան կայսրութեան տարիներէն սկսեալ ամէն մի յառաջդիմական փորձին յաջորդեց ծանր ճնշումներով եկած հակահարուած մը։ Պիլմեզ այս երեւոյթը կ՚ուսումնասիրէ զանազան օրինակներու պրպտումով։
Այդ գիրքի էջերը թերթելու պահուն յիշեցի իմ վաղեմի բարեկամներէն մէկուն ազդարարութիւնը։ «Այս ապրուածը 1909-ի մթնոլորտն է, սպասենք ու տեսնենք թէ մինչեւ 1915 ինչեր պիտի պատահին» ըսած էր ընկերս։
Այդ շրջանին երկրի մէջ կը տիրէր համեմատական բարելաւում մը դէպի ժողովրդավարութիւն։ Ապա վրայ հասաւ արգելքներու եւ ճնշումներու նոր շրջան մը։
Կարծես նիւթի յարատեւութիւն ըլլար, այս անգամ «Պելկէ» հրատարակչատան մատենաշարէն լոյս տեսաւ Մուսթաֆա Եավուզի ուսումնասիրութիւնը։ Ան ալ իր կարգին կը քննարկէր Թուրքիոյ Հանրապետութեան գաղափարախօսական հիմքը կազմող «Իթթիհատ վէ թերաքքի» (Միացում եւ զարգացում) կուսակցութեան դերակատարութիւնը։
Եթէ այս երկուքը պատմաքաղաքական ուսոմնասիրութիւններ էին, վրայ հասաւ այս անգամ գրական գործ մը, վէպի ձեւաչափով։
«Այդ տարին» խորագրեալ վէպի հեղինակն է հանրածանօթ վիպագիր Ահմետ Ալթան։ Իրականութեան մէջ քառահատոր պատումի մը վերջին շերտն է այս գործը, որ կ՚անցնի ճիշդ ալ 1915-ի փոթորկոտ շրջանին։ Սիրարկածի մը ենթահողի վրայ ընթերցողը կը ծանօթանայ հայոց ցեղասպանութեան ամբողջական դաժանութեան։
Ինչպէս կ՚ակնկալուէր, վէպը իր հետ բերաւ բազում արձագանգներ։ «Ակօս»ի աշխատակազմէն Նազան Էօզճան եւս հանդիպում մը ունեցաւ վէպի հեղինակին հետ, որ տեղադրուած է թերթիս թրքերէն էջերուն։
Գալով արձագանգներուն, անոնք աւելի շատ զբաղած են հեղինակով, քան գործով։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութիւնը հիմնադրութենէն սկսեալ ունի մութ ծալքեր, որոնք անտեսանելի դարձած են շնորհիւ յերիւրածոյ պատմութեան մը, որ իւրացուած է բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան կողմէ։
Այդ իւրացումը կը դժուարացնէ յստակ առերեսումը։ Մարդիկ սիրած են իրենց մատուցուած հերոսապատումը եւ չեն ուզեր այդ պատումը հերքող ոեւէ բան լսել։ Սակայն դէպքերու զարգացումը անհրաժեշտ կը դարձնէ այդ առերեսումը եւ նման հրետորաբանութիւնով կարելի չէ դար մը եւս շարունակել։

