25 Դեկտեմբեր 1991, խոնարհեցաւ Կրեմլինի վրայ ծածանող կարմիր դրօշը, խորհրդանշելով Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան վերացումը պատմութեան բեմէն։
Համաշխարհային դրամապաշտ համակարգի ցնծութեան ճիչերու մէջ ՄԱԿ ընդունեց նորանկախ 15 հանրապետութիւններ անդամակցութիւնը։
Խորհրդային Միութեան առաջատար ուժն էր Ռուսաստան, որ երբեմնի կայսերական տիրապետութիւնը շարունակած էր Խորհրդային միութեան ձեւաչափով։ Իսկ այս վերջինի տարանջատումով արդեօք պիտի հանդուրժէր իր ազդեցութեան տարածքին նուազումին։
Միւս կողմէ արեւմտեան երկիրները դիւրաւ պիտի կրնայի՞ն համակերպիլ իրենց վաղեմի թշնամիին չէզոքացման խորհուրդին հետ։
Երկու հարցադրումներու պատասխանն ալ նոյնն էր, յստակօրէն շեշտուած խոշոր ոչ մը։
Այդ ոչը տեսանք Ռուսիոյ Դաշնութեան նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած «Անկախ Պետութիւններու Միութիւն» դաշինքով, որուն անդամակցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։
Եւրոպական եւ առհասարակ արեւմտեան ոչի ապացոյցն ալ, ՆԱԹՕ-ՕԹԱՆ-ի յարատեւ ծաւալելու ռազմավարութիւնն է։ Այս զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը դրժած է տուած խոստումները եւ ազդեցութեան տարածքը ընդլայնելով սպառնալիք մը դարձած Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ։
ՀՀ եւ ՌԴ յարաբերութիւններու զարգացումը կրկին կ՚ապացուցէ թէ Ռուսաստան չուզէր Հարաւ Կովկասի տարածքին իր ազդեցութեան նուազումը։ Սակայն տարածաշրջանի երեք հանրապետութիւններ ալ համակարծիք չեն Մոսկուայի գերակշռութեան բոլորովին ենթակայ մնալու։
Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրէյճան կը փորձեն նոր գործընկերներով նոր ուղի որոնել, առանց առճակատուելու անցեալի մեծ եղբօր հետ։
Այս դրուածքին մէջ բաւական ժամանակավրէպ կը մնայ Փութինի կամ Լաւրովի որդեգրած սպառնական խօսելաոճը։ Վերոնշեալ երեք պետութիւններն ալ մշակութային, քաղաքական եւ տնտեսական սերտ կապեր ունին Ռուսիոյ հետ։ Բայց այս գործօնը բաւարար չէ որ անոնք հրաժարին իրենց ինքնուրոյն դիւանագիտական եւ տնտեսական հեռանկարներէն եւ բոլորովին ենթակայ մնան Ռուսիոյ։
Այս վերջինին Հայաստանի ծաղկաբուծութեան դէս յայտարարած շրջափակումը ինքնին խրատական մըն է։ Այդ շրջափակման յայտարարութենէ ետք թէ՛ ԵՄ եւ թէ Թուրքիա հաւանական նոր գնորդներ ըլլալով ներկայացան եւ ի զուր բերին ռուսական պատժամիջոցը։
Ժամանակի պարտադրանքները ի զօրու են բոլորին համար։ Քաղաքականութիւնը կը թելադրէ ընկալել ժամանակի պարտադրանքները եւ ըստ այնմ շարժիլ։
Տեղին է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին Գործոց Նախարար Սէրկէյ Լաւրովի «Ամբողջ արեւմուտքը ոտքի կանգնած է Ռուսաստանի դէմ» հաստատումը։
Յայտնի է որ արեւմուտքը կարիքը կը զգայ յարատեւ թշնամիի մը գոյութեան։ Բայց նաեւ յիշենք թէ Ռուսաստանի վարած գաղութատիրական ռազմավարութիւնը եւս լրացուցած է իր ժամանակաշրջանը եւ երբեմնի մեծ եղբայրը այլեւս իրաւունք չունի ոչ Հարաւային Կովկասը, որ Պալթեան երկիրները, ոչ ալ Կեդրոնական Ասիան իր ետեւի պարտէզը կարծելու։


