Երբ մէկուն անուան տօնը յիշուէր, Սարգիս Սերովբեան «Անունովդ ապրիս» ըսելէ ետք, իսկոյն վրայ կը բերէր «Անունովդ ալ մեռնիս»։ Այս մաղթանքը շատերուն խոտոր կը թուէր։ Ի՞նչ պէտք կար մեռնելու մասին յուշելու համար։ Այդ պահուն Սերովբեան դիտել կու տար իր իւրացուցած անունով մեռնելու չարժանացած բազմաթիւ օրինակներ։
Այս մասին մտաբերեցի, երբ լսեցի վաղեմի բարեկամի մը մահուան բօթը։
Ապտուրրահիմ Զօրասլան էր անոր օրինական կամ պաշտօնական անունը, իսկ ինք կը նախընտրէր ներկայանալ իբրեւ Արմէն Տեմիրճեան։
Այս սիւնակներուն վրայ նախապէս ալ անդրադարձած ենք Ամիտայի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ վերակառուցումէն ետք ի յայտ եկած հայութեան մասին։ Ընդհանուր անուանումով մը «ծպտեալ հայեր» կոչուած այդ ժողովուրդը սովորական հայերէ շատ աւելի մեծ եռանդով փարած էր իր ինքնութեան։ Արմէն Տեմիրճեանը այդպիսիներէն էր, որուն համար վերակառուցուած Սուրբ Կիրակոսը դարձած էր հարազատ օճախ։ Ամբողջ էութեամբ մասնիկը դարձած էր այդ եկեղեցւոյ, որու հետեւանքով ժամանակի ընթացքին շատերու համար դարձաւ եօթ խորանանի տաճարի խորհրդանշանը։
Իր կորած, անհետացած ինքնութիւնը վերակերտելու լաւագոյն միջոցը եղած էր սատարել այդ եկեղեցիին, իր կարողութեան բոլոր սահմանները գերազանցելով։ Ան նուիրատու մը, կամ բարերար մը չէր, այլ նուիրումի կերպար մը, բարեգործութեան խորհրդանիշ մը։
Այս նուիրեալ բարեգործութիւնը խստօրէն կը մերժուէր իր հարազատ ընտանիքին կողմէ իսկ։ Կինը մեծ ամօթ կը զգար ամուսնոյն Սուրբ Կիրակոսի մէջ տարած աշխատութիւններու պատճառաւ։ Բայց Արմէնը երբեք ամօթ չզգաց իր կնոջ մոլեռանդ իսլամադաւան վարքէն։ Հոն ունէր երկու պատճառներ՝ նախ ընտանիքի մը հոգատարութեան թելադրած պարտադրանքը եւ ապա զինք կենդանի պահող գերդաստանի մը հանդէպ երախտագիտութիւնը։
Ինք պատմած էր թէ ծնողազուրկ որբութեան պայմաններու մէջ իր կնոջ ընտանիքն է, որ խնամեց զինք եւ ամուսնացուց իրենց ցեղի աղջկան հետ։ «Եթէ այդ երախտապարտութիւնը չըլլայ իմ ուսերուս, չեմ վարանիր, կը տեղափոխուիմ Հայաստան եւ հոն կ՚աւարտեմ այս կեանքը» ըսած էր մեր զրոյցներէ մէկու ընթացքին։
Երբ 2015-ի Օգոստոսին շուրջ 50 տիգրանակերտցի հայեր կ՚այցելէին Հայաստան, ան իր նեղ նիւթական պայմաններու բերմամբ հազիւ բարի ճանապարհ մաղթած էր ճամբայ ելլող հանրաշարժի ետեւէն, թաս մը ջուր թափելով։
Եթէ կեանքը արդար չէ, ինչպէ՞ս սպասես որ մահը արդար ըլլայ։ Եւ չեղաւ արդէն։ Պրուսայի հիւանդանոցի մը մէջ աւանդեց իր վերջին շունչը ու մարմինը փոխադրուեցաւ ծննդավայր Լիճէ, իսլամական աւանդութիւնով յուղարկաւորուելու ու թաղուելու համար։
Այս պահուն Սուրբ Կիրակոսի թաղական խորհուրդին վիճակող կարեւորագոյն պարտականութիւնն է, իր մահուան քառասունքի առթիւ կազմակերպել Հոգեհանգստեան Պատարագ իրեն այդքան հարազատ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, որպէսզի իր հարազատ ժողովուրդը գտնէ հոգեկան սփոփանք գտնելով վերջին տուրքը մատուցելու առթիւ։


