Մամուլի մասնագիտական կազմակերպութիւնները, լրագրողներու ձերբակալութենէն եւ կալանաւորումէն սկսեալ լրատուամիջոցներուն տեղապահ նշանակելէն ու լրատուական կայքերու եւ ընկերային ցանցի հաշիւներու հասանելիութեան արգելքներ սահմանելէն եւ զանազան ճնշումներուն դէմ, Հոկտեմբերի 24-ի շաբաթ օրը 10 քաղաքի մէջ միաժամանակ ցոյցեր կազմակերպեցին։ «Ո՛չ գրաքննութեան, ազատութի՛ւն լուրին» կարգախօսով կազմակերպուած ցոյցերուն լրագրողներ եւ քաղաքացիներ հաւաքուեցան՝ գրաքննութեան, ճնշումներուն եւ լրատուամիջոցներու միջամտութիւններուն դէմ։
Իսթանպուլի քայլերթը ժամը 13.00-ին սկսաւ Գատըգիւղի Ցուլի արձանէն։ Լրագրողներ եւ քաղաքացիներ այստեղէն քայլերթով գացին դէպի ծովափ։ Դաշտին մէջ ուս ուսի աշխատող, գիշերուան կէսին դատարանին մէջ, ցերեկը հրապարակներուն ու փողոցներուն վրայ ժամանակ անցնող, երբեմն թատերասրահի մը կամ ստուդիոյի մէջ ճամբաները հատուող լրագրողները այս անգամ իրենց համար մէկտեղուեցան։ Բանուորին, աշխատաւորին, ԼԿՊԹԻ+ անհատներուն, երիտասարդներուն կողքին այս անգամ իրենց սեփական ձայնը լսելի դարձնելու համար հրապարակ ելան։ Թերեւս օրուան յոյս ներշնչող երեսակը այն էր, որ երկար ժամանակէ ի վեր ընկերային ցանցի գրառումներուն մէջ տեսնելու վարժուած «Մինակ չէ» խօսքը այս անգամ հրապարակներուն մէջ, ուս ուսի տրուած համերաշխութեան մէջ իր պատասխանը գտաւ։ Իսթանպուլի զանազան կողմերէն Գատըգիւղ եկած հազարաւոր քաղաքացիներ ալ թէ՛ լրագրողներուն հետ համերաշխ ըլլալու, թէ՛ տեղեկատուութիւն ստանալու իրաւունքը պաշտպանելու համար մասնակցեցան ցոյցին։
Սպաննուած լրագրողները
յիշատակուեցան
Քայլերթին ընթացքին բանտարկեալ լրագրողներուն կողքին Թուրքիոյ մէջ սպաննուած լրագրողներն ալ յիշուեցան։ Մեր թերթին հիմնադիր Հրանդ Տինք, «Էվրենսել»ի լրագրող Մեթին Կէօքթեփէ եւ «Ճումհուրիյէթ»ի սիւնակագիր Ուղուր Մումճու անունները մէկ-մէկ կարդացուելով յիշատակուեցան։ Իւրաքանչիւր անունի ընթերցումէն ետք բազմութենէն «Ներկայ» կարգախօսը բարձրացաւ։
Ցոյցեր՝ երկրին ամբողջ
տարածքին
Իսթանպուլէն զատ, Անգարա, Իզմիր, Էսքիշեհիր, Անթալիա, Ատանա, Գոճաէլի, Վան եւ Ամիտա քաղաքներուն ալ լրագրութեան վրայ գործադրուող ճնշումը բողոքի առարկայ դարձաւ։ Անգարայի մէջ լրագրողներ եւ մամուլի մասնագիտական կազմակերպութիւններ հաւաքուեցան Քոլէճ հրապարակին մէջ։ Բազմութիւնը քայլերթով շարժեցաւ դէպի Սաքարիա պողոտա։ Համատեղ յայտարարութենէն ետք ԹԼԱ-ի Անգարայի մասնաճիւղի նախագահ Սինան Թարթանօղլու կարդաց բանտարկեալ «Պիրկիւն»ի լրագրող Իսմայիլ Արըի պատգամը։ Իզմիրի մէջ Թիւրքան Սայլան Մշակութային Կեդրոնին առջեւ հաւաքուած բազմութիւնը «Ո՛չ գրաքննութեան, ազատութի՛ւն լուրին» կարգախօսով քայլերթով գնաց դէպի նաւահանգիստ։ Քայլերթին աջակցութիւն ցոյց տուաւ նաեւ Նոր Կուսակցութեան նախագահ Էօզկիւր Էօզէլ։



