Աշխարհս նեղութեան մէջ է
Աշխարհը նեղութեան մէջ է։ Կասկա՞ծ ունիք։ Նայեցէք լուրերուն. «Փակ է Հորմուզի Նեղուցը», «Հորմուզի Նեղուցը բաց է»։ Ապա կը յայտնուի մէկ այլ լուր. «Աստանայում մեկնարկել է ԵԱՏՄ նիստը նեղ կազմով»։ Միջազգային լուրերու լայն պաստառի վրայ կայ նաեւ Հայաստանը՝ իր աշխարհագրական դիրքէն նեղուած մէկ երկիր, որ իր շապիկը մէկ-երկու կոճակ լայնցնելու համար կը չարչարուի։ Իր ամբողջ պատմութիւնը նեղութիւններ քաշելով անցուցած ազգս, կը փորձէ քիչ մը «բացուիլ», ինչպէս Հորմուզի Նեղուցը։ Յո՞յս… միշտ կայ։ Հայրենի քաղաքագէտ մը այս շաբաթ Երեւանի մէջ մամուլին յայտարարեց. «Մեր ազգը միշտ նեղ վիճակից աւելի ուժեղ է դուրս եկել եւ այս անգամ էլ դուրս կը գայ»։ Յարգելի ընթերցող, եթէ նեղ է նաեւ ձե՚ր վիճակը, եկամուտը, յարկաբաժինը, եթէ գործի մէջ նեղ վիճակի մատնուած էք, եւ եթէ ձեզի նեղութիւն կու տայ տանտէրը,- կամ ձեր հարսը,- այս գիշեր մի՚ նեղէք ձեր սիրտը, բացէք շիշ մը քաղցր գինի,- աշուղներու ամենասիրածը,- եւ յանձնուեցէք «նեղ» բառի ընթարձակ պատմութեան, որ իր աւարտին յոյս եւ սէր պիտի պարգեւէ։

Տեղս նեղ է
Յայտնի չէ «նեղ» բառի ստոյգ արմատը։ Բայց այս միավանկը իր բազմատեսակ նեղութիւններով հարստացուց մեր գրաբարը։ Սուրբ Գիրքի մէջ ան կը նշանակէր «տառապեալ, վշտահար», Նարեկացիի համար «ծերպ, նեղ անցում» էր։ Խորէնացին հնարեց «նեղսրտութիւն» բառը, Եզնիկը՝ «նեղել» բայը, Ագաթանգեղոսը՝ «նեղսրտութիւն» գոյականը։ 5-րդ դարուն արդէն ունէինք նեղուց, նեղիչ, նեղագոյն, նեղածերպ եւ նեղանձուկ բառերը։ Այնուհետեւ, այս բառերով ազգս պատրաստ էր՝ բազում նեղութիւններ քաշելու։ Ահա հայկական մատենագրութեան էջերէն քանի մը արտայայտութիւն. «Տեղիս նեղ է մեզ», «Ջրհոր նեղ», «Նեղ ճանապարհ», «Ի նեղ տան բնակէր», «Ցաւոց գլխոյն եւ ʼի սաստիկ նեղոյն՝ լոյս աչացն պակասեալ էր»։ Իսկ այսօր ունինք աւելի պայծառ դարձուածքներ։ Հայը նեղութիւն «կը քաշէ», «կու տայ», երբեմն ալ «կը պատճառէ», եւ ան միշտ վարժ եւ պատրաստ է «նեղ» ապրելու։
Յոյժ նեղած եւ ճար չկայ
Եթէ դուք կը փափաքիք հաստափոր «Պատմութիւն Հայոց» մը գրի առնել՝ լոկ մէկ բառով, ձեզի կը յանձնարարեմ նկատի առնել «նեղ» բառը։ Ճիշդ է, «նեղ» բառով կարելի է նկարագրել հայոց վերջին երեք կամ չորս հազարամեակը։ Մեր միջնադարեան մատեաններու յիշատակարանները, ուր գրիչը արձանագրած կ’ըլլայ երկրի ընդհանուր վիճակը, լի են «նեղութիւններով»։ Ես ճանապարհորդութիւն մը կատարեցի մագաղաթներու դաշտի վրայ եւ յաջողեցայ ձեզի համար քանի մը տողիկ քաղել։ 1310 թուականին «մեղաւոր եւ անարժան» Վարդան քրիչը Վան քաղաքի Վարագայ սուրբ ուխտին մէջ գրի առաւ «Պատմութիւն Վարդանանց Եղիշէի», յիշեց իր ժամանակները, «Գրեցաւ սա ի նեղ եւ յանբարի ժամանակի»։ 1303 թուականին, երբ մոնղոլները կը տիրապետէին «Հայոց եւ Ասորոց, Վրաց եւ Աղուանից, Մարաց եւ Պարսից, Թուրքաց եւ Հագարացոց», Թադէոս գրիչը Այրարատեան գաւառի Նռնաւնից վանքի մէջ մեծ զոհողութիւններով աւարտեց «Մեկնութիւն» մը։ Թադէոս գրիչը հետեւեալ տողով աւարտեց գիրքը. «Գրեցաւ ի դառն եւ ի դժնդակ ժամանակի, ձմեռան յեղանակի, բազում տառապանօք եւ նեղութեամբ»։ Յարգելի ընթերցող, գտայ զոյգ մը տխուր գիր եւս. «Գրեցաւ սա ի նեղ տեղիս, ի դառն ժամանակիս», Մարտիրոս գրիչ, 1304, Աստուածաշունչ, Կիլիկիա, Բարձր Բերդի մօտ Խաչատրոյ անապատ, քարանձաւի մը մէջ, «Գրութիւն սորա եղեւ… ի նեղ եւ ի դառն ժամանակիս», Սարգիս գրիչ, 1314, Գործք Առաքելոց, Թէաւդոյպաւլիս։ Իսկ Մխիթար Երզնկայեցին 1316 թուականին Գլաձորի մէջ աւարտեց մատեան մը եւ բացատրեց ի՚ր վիճակը. «Ես Մխիթար գրիչ սորա. / Թուղթս անկոկ ու գրիչ չկայ, / Աւուրքս ցուրտ ու պարզկայ, / Չարտախս բարձր ու կրակ չկայ, / Դոներս չոր ու սպաս չկայ, / Ես յոյժ նեղած ու ճար չկայ, / Եւ ես պանդուխտ ու վեղար չկայ»։
Մատեան նեղութեան
«Նեղ» բառի բաւականին լայն գործածութիւնը դուք կը գտնենք Գրիգոր Նարեկացիի Մատեանի մէջ։ Սուրբը մեզի բացատրեց, թէ եթէ մէկը սրտի նեղութիւն ունին, պատճառը հաւատքի պակասն է. «Զսրտին նեղութիւն՝ իբրեւ զթերութիւն հաւատոց»։ Նարեկացին աղաչեց, որ Տէրը շնորհներ բաժնէ մեզի՝ նեղուածներուս. «Առ նեղելոյս ընդարձակութիւն՝ կամք քո… / Բժշկութիւն ցաւոց, ընդարձակութիւն նեղութեանց»։ Իսկ եթէ Տէրը կամեցաւ՝ առատ է, հնարաւոր է, անդորրիչ է. «Եթէ շնորհես՝ առատ ես, / Եթէ ողջացուցանես՝ հնարաւոր ես…, Եթէ լայնես նեղութեանս՝ անդորրիչ ես»։ Մատեանը, այնպէս չէ՞, մարդ արարածի հոգեկան բոլոր նեղութիւններու հանրագիտարանն է։
Նեղ դուռը
Ըստ հայ-քրիստոնէական մտածողութեան, մարդը իր առջեւ պիտի ունենայ երկու դուռ. Լայնը եւ նեղը։ Քիչ չեն այն քարոզական գիրքերը, որոնց անունը «Նեղ Դուռ» է։ «Նեղ դուռ» արտայայտութիւնը 1500-ներուն տեղ գտաւ նաեւ տաղասաց Թաթոս Թոխաթցիի հոգեւոր մէկ բանաստեղծութեան մէջ. «Ես նաւի պէս ծովուն մէջն կու ծփամ, / Նեղ է դուռն անտէնին, սակաւք կու գնան, / Իմ դիմացս է փակուեր դուռն արքայութեան»։ Կեանքի վերջին օրերուն, տաղասաց, նոտար, ոսկերիչ եւ ականագործ Սարգիս Հալէպցին ալ մատնուած էր նեղութեան. «Սրտովս եւ հոգովս մոլար հեռացեալ եմ ես ոչխարէն, / Հովիւ բարի զիս խնդրեա զմոլորեալս ի սուրբ քո հօտէն, / Առ մոլար գերիս, նայեա որ զերծիմ ի չար գազանէն, / Լամ ես ու չունիմ ճարակ ո'չ այլ մարդ կայ մնալ աստէն, / Տանին զիս, չունիմ պաշար նեղ, անձուկ ճանփուս հրեղէն»։ Հայոց մէջ ո՞վ քաշեց ամենէն մեծ նեղութիւնը։ Պանդուխտը, անկասկած։ Այժմ ականջ տանք հայ ղարիպներու վշտահար երգերուն։
Նեղ «զնտան»
Հայ պանդուխտը նուրբ սիրտ ունի։ Ան սրտաճմլիկ երգերու բնատուր յօրինող է։ Տղան եկեր է օտար երկիր, ինչի՞ կը նմանի։ 1500-ականներուն ծնունդ առած անանուն տաղերու մէջ ղարիպը «սրտաբեկ, միջակոտոր, անճար» է։ Մէջը նուշ ու շաքար խառնած ճաշը դառն է։ Անոր գոյնզգոյն փետուրներով հագուստ տաս, ուրախութիւն չէ։ «Երամէն բաժնուած հաւիկ» է ղարիպը։ Իսկ «Նեղ զնդան» է պանդխտութիւնը. «Է՜, վայրի հաւիկ մի բռնած ու դրած / զինքն ի նեղ զնտան. / Չուրախանար սիրտս բաժանեալ ընկերացս, չեմ յիմ երամս։ / Խնդրեցի Աստուծոյ, որ զիս ազատէ / Այս նեղ զնտանէս, եւ տայ ինձ թեւ, / Որ թռչիմ խառնիմ յիմ երամս։ / Սրտաբեկեալ եմ»։ Մէկ այլ երգի մէջ պանդուխտ կտրիճը լալով ըսաւ. «Սրտաբեկեալ եւ միջակոտոր, ճար չունիմ, զի՞նչ լինիմ գերիս, / Զի՞նչ լինիմ ղարիպս, / Եթէ հնար ու ճարակ լինէր ինձ՝ ելնել ի նեղ զնդանէս, / Եթէ լիներ, որ թռչի, բարձրանայի, տեսնի զիմ երամս»։ Այդ տխրութիւնը Պոլսոյ մէջ ապրեցաւ Մատէթոս Զարիֆեանը։ «Ձմեռ իրիկուն» քերթուածի մէջ անցկութեան մռայլ պահ մը նկարագրեց տղան. «Դագաղի պէս նեղ օրեր, / Գերեզմանի փայտեայ խաչի պէս տխուր»։ Նոր չէր այդ գաղափարը հայ մտքի համար։ 1330 թուականին վանահայր Խաչատուր Կեչառեցին շատ համարօտ եւ անկեղծ երկխօսութիւն մը ունեցաւ իր մարմինի հետ, ապա խրատական երկտող մը գրի առաւ. «Մարմի՚ն, մեռանիլ կայ քեզ / Եւ մտնուլ ի նեղ գերերզման»։ Իսկ եղան օրեր, «նեղ» բառը ստացաւ հայրենասիրական եւ իմաստասիրական արժէք։ Այդ միտքերը վայելելու համար պէտք է միայն սպասել մինչեւ 19-20-րդ դարեր։
Հաց բոլոր նեղուածներուն
Ուրեմն, դուք, լայն ժամանակ ունիք գիրք կարդալու։ Յայտնի է, թէ նեղութեան մէջ չէք։ Ուստի, ես ձեզի այժմ կ’առաջարկեմ քանի մը անուն գիրք, որպէսզի հայկական գրականութեան ընթարձակ պարտէզի մէջ դուք ճեմէք՝ բաժակ մը գինի բռնած։ Իր նորատիպ գիրքէն միայն հինգ օրինակ վաճառած հեղինակ Պատրիկեանի պատմութի՞ւնը եթէ փափաքիք լսել, կարդացէք Նար-Դոսի «Նեղ օրերից մէկը» պատմուածքը։ Եթէ հոգեւոր գրականութիւն կը սիրէք, ձեր թաղի գրավաճառէն ապսպրեցէք «Նեղ Դուռ», Երեւան, 2018 եւ «Նեղ Դուռը», Երեւան 1994, գիրքերը։ Իսկ եթէ կը փափաքիք դասական կտոր մը կարդալ, նկատի առէք Յակոբ Շամախեցի կաթողիկոսի «Հաց նեղելոց» գրաբար աշխատասիրութիւնը, որ լոյս տեսած է Պոլսոյ մէջ 1760 թուականին։ Յիշեցնեմ, թէ Շամախեցին պաշտօնավարեց, երբ երկիրս կը տառապէր պարսիկ խաներու եւ կովկասեան լեռնականներու ասպատակութիւններու դառն ժամանակներուն։ Տնտեսապէս եւ բարոյապէս շատ նեղ կացութեան մատնուած հայ ազգի փրկութեան համար ան դիմեց բարեկամ ազգերուն։ Իսկ գիրքի մէջ աղօթեց, որ Փրկիչը մեր օգնութեան հասնի։ Ահա մէջբերում մը 500 էջնոց այդ գործէն. «Ճաղշակեցէք այս հաց հոգեկան, տացէ զթողութիւն մեղաց եւ զփրկութիւն ի նեղութեանց»։ Ըստ Շամախեցի կաթողիկոսի, ո՚վ որ կարդայ այդ գիրքը, պիտի դուրս գայ իր բոլոր նեղութիւններէն։
Նեղ արա, տեղ արա
Նպատակս ձեզի նեղութիւն պատճառել չէ, յարգելի ընթերցող, բայց, «նեղ» բառը, իր չափերն են մեղաւոր, իր անցեալն է յանցաւոր, բաւական մեծ համբաւ ունեցեր է հայկական տխուր գրականութեան մէջ։ Բայց, ես ձեզ կը վստահեցնեմ, թէ եղան օրեր, եւ «նեղ» բառը սիրային տողինկերու մէջ ալ յայտնուեցաւ։ Յաջորդ յօդուածիս մէջ կը խոստանամ ձեզի ցոյց տալ, թէ «նեղ» ածականը զուարճալի երես մըն ալ ունի։ Այս պատմութիւնը պիտի շարունակուի յաջորդ թիւի մէջ, որովհետեւ, ինչպէս հայկական ասացուածքը կ’ըսէ «Տեղերնիս նեղ, սիրտերնիս լայն», մեր էջը անսահման չէ։ Իսկ այժմ կէսգիշերային այս խաղաղ ժամերուն, կը փափաքիմ մէկ այլ քաղցր, հիւրասիրող ասացուածք մէջբերել. «Նեղ արա, տեղ արա», իսկապէս ալ մինչեւ դուն քեզի նեղութիւն չտաս, ուրիշին ալ լաւութիւն չես կրնար ընել, մէկ այլ խօսքով՝ դուն քեզի քիչ մը նեղութիւն տուր, որպէսզի ուրիշին բարութիւն կատարես։ Զարմանալի է, որ այս ասացուածքը վերջերս երգի խօսք ալ դարձաւ։ Ահա մեր հրաժեշտի երգը՝ Վաչէ Ամարեանի «Նեղ արա, տեղ արա»ն.
Թէ լինէր բախտս
հազար անգամ ծնուել
Հազար անգամն էլ քեզ կը սիրէի
Նեղ արա, տեղ արա քո սրտի մէջ,
Սէրը իմ ողջ կեանքին
դու ես ու վերջ,
Ներ արա, տեղ արա…։


