Թաս մը տաք բառ
Դո՚ւք, յարգելի ընթերցող, քանի՞ տարեկան էիք, երբ վերջին անգամ ձեր մօր հետ բաղնիք մտաք։ Վստահ եմ, թէ Պոլսոյ, Պէյրութի, Թաւրեզի, կամ Հալէպի ձեր հին թաղը ունէր իր գմբէթէն շոգի հանող արեւելեան հին բաղնիք մը։ Չո՞րս տարեկան էիք։ Հի՞նգ։ Իսկ, դո՚ւք, պարոնայք, եթէ տարիքով աւելի մեծ էիք՝ քուռնային շուրջ բազմած տիկիններ մեծակուրծք՝ նկատելով ձեր հետաքրքիր աչքերը, հաւանաբար ձեր մօր դժգոհած են. «Տիկի՚ն, տիկի՚ն, ամուսինդ ալ բերէիր»։ Յարգելի ընթերցող, չեմ գիտեր, թէ դուք բաղնիքի ի՚նչ յիշատակներ ունիք, բայց մեր լեզուն «բաղնիք» բառի համար ունի պատմութեան գոլորշիի մէջ հազիւ նկատուող մշուշոտ պատկերներ։ Այսօր, ես կ’առաջարկեմ, որ ընտիր բամպակէ փեշտիմալին փաթթուած, փայտէ մուճակ մը հագած,- տիկիններու պարագային սատափով դրուագուած,- օճառի եւ սանտրի տուփը բռնած՝ մտնենք հայկական գրականութեան ջերմ բաղնիքը, բարեւ մըն ալ տանք մեր թաղի դրացիներուն, ապա պորտաքարի վրայ պառկինք։ Մինչ քրտինք ծորի մեր փափկացած մաշկէն, թող «բաղնիք» բառը մեզի պատմէ իր առասպելը, թող հայկական գրական բաղնիքի մէջ ջինջ եւ փայլատակող տողիկներ հոսին, ինչպէս ջուրը կը հոսի պղնձեայ թասէն։
Հին յունական նուէր մը
Չենք գիտեր, թէ ո՚վ շինեց Հայկական լեռնաշխարհի առաջին բաղնիքը, բայց յստակ է «բաղնիք» բառի ծագումը։ Բիւզանդիոնի նուրէն է ան, արմատն է հին յունական βαλανεῖον (բաղանիոն) բառը։ Այս բառով ալ լուացուեցաւ ասորերէնը՝ ballānā, գրաբարը՝ բաղանիք, լատիներէնը՝ balneum, ֆրանսերէնը՝ bain, իտալերէնը՝ bagno, ռուսերէնը՝ баня (բանիա), ալբաներէնը՝ banjս եւ այլն։ Զարմանալի է, որ բառս յոգնակի է -ք մասնիկով, ինչպէս ֆրանսացիներու bains բառն է յոգնակի։
Մտնենք բաղանիք
Մեր նախնիները մաքրասէր էին անկասկած եւ յաճախ բաղանիք այցելողներ։ Ապացո՞յցն այս եզրակացութեանս. «բաղնիք» բառով շինուած բազմաթիւ բառերը եւ արտայայտութիւնները։ Հին հայերը կը հագուէին «վերարկու բաղանեաց», կ’երթային «ի բաղանիս», կը մտնէին «սրահ կամ սենեակ բաղանեաց», կը նստէին «տաշտ բաղանեաց», կը շնչէին «բաղանիք գոլորշւոյ», ու կը վայելէին «ջերմ ջրոյ բաղանիք»։ Այս ամբողջ արարողութիւնը ունէր երկու անուն՝ «ի բաղանիս մտանել», կամ՝ «բաղանիս առնուլ»։ Բաղանիք ընդունելը, յարգելի բաղնեկից, միշտ չէ, որ կը կատարուէր բոլորին յայտնի այդ գմբէթաւոր շէնքի մէջ։ Հիները բնութեան մէջ կ’ընդունէին նաեւ «գետոյ բաղանիք» եւ «ծովու բաղանիք»։ Կ’արժէ յիշել նաեւ միջնադարու «բժշկական բաղանիք» կոչուածը։ Իսկ ջուրը տաք չէ՞, պակա՞ս է կրակը, կանչեցէք բաղնեպանը կամ բաղանապետը։ Ան անկասկած պիտի լսէ ձեր գանգատը, որպէսզի իր պատուաւոր յաճախորդը գոհ մնայ իր բաղնիքէն։
Էկու քեզ բաղնիք տանիմ
Սիրեցեալը աւելի գեղեցիկ է, երբ դուրս կու գայ բաղնիքէն։ Գեղեցկուհիի լուացուելու տեսարանը համեմուած է արեւելեան պատկերաւոր համեմատութիւններով։ Ահա, «բաղնիք» բառի գրաւչութիւնը հայկական միջնադարեան ժողովրդական երգերու մէջ։ Այժմ, յարգելի ընթերցող, այցելենք բաղնիք մը Վան, Բալու, Բաղէշ, Մուշ, Սիս կամ Կարին քաղաքի մէջ ու ականջ տանք սիրավառ կտրիճի երգած քանի մը տաղիկին. «Թեւիկս կարմունջ կապեմ, / Քեզ անցընեմ օդի գեղէն, / Անցնիս ու բաղնիք երթաս, / Զինիհար (խնդրեմ) ի մեր տունը գաս»։ Մէկ այլ տաղը գովասանքն է գեղեցիկին. «Դու դուրս ես գալիս բաղնիքից՝ շուշանն ու վարդը երեսիդ, / Ով որ քեզ տեսնի՝ կը ցանկանայ, թեկուզ հոգին տայ քո սիրուն»։ Նոյն տաղը, յարգելի ընթերցող, կը բուրէ կաթ ու վարդ. «Բաղնիքդ ի շէն, տա՚շող, ու քարիդ տաշողն ի կեցցէ՚, / Կիրդ կաթնով է հունցած, ջուրդ վարդաջրով է լցուած»։ Իսկ վերջինս բաղնիքէն նոր ելած՝ մաքուր սիրոյ հրաւէր է. «Էկու քեզ բաղնիք տանիմ, / Սրմաթել փէրչէմդ վլաս (լուաս) / Ըբուր (երբ որ) բաղնիքէն ելլես, / … ու մեր տունը գաս»։ Երգի մէջ տղան պիտի առաջարկէ հաեւ, որ կարպետ մը բռէ, թռչունի փետուրէ շինուած անկողին մը պատրաստէ, սարասար բարձեր շարէ, խորոուածի սեղան զարդարէ, նռան գինի բերէ,- գոյնը սիրածի գոյնով,- ապա անոնք խմեն եւ անմեղ սէր երգեն. «Փռեմ ապրուշում խալի, / Ձգեմ խուշ թիւյիւ տօշակ՝ / Շարեմ սարասար բարձեր, / Զարդարեմ ոսկի սեղնակ՝ / Խաշ, խորուած, կաքաւն ի վրայ, / Բերեմ նռանհատ գինի, / Ուր գոյնը՝ գոյնդ կու նմանի, / Խմէ՚, ուր ըսեմ անուշ, / Ի՜նչ անուշ է սէրն ու գինին»։
Ի՞նչ կը խօսին բաղնիքի մէջ
Ազգագրագէտ Երուանդ Լալայեանը, յարգելի ընթերցող, Ախալքալաքի, Ախալցխայի եւ Աղէքսանդրապքլի մէջ ականջալուր եղաւ, թէ կիները ի՚նչ կը խօսին բաղնիքի մէջ. «Կանայք համախմբւում են բաղանիսներում, միմեանց հետ տեսնւում, ժամերով խօսում, աղջիկ ընտրում»։ Լալայեանը ապա գնաց Մուշ, մտաւ տղամարդոց բաղնիքը։ Հոն տեղի կ’ունենար փեսայի պատրաստութիւնը. «Մուշ քաղաքում ազապները բոլորը միասին գնում են բաղանիս, բոլորը լողանում եւ բաղանիսի վարձը վճարում է ազապպաշին. այս բաղանիսը կոչւում է փեսա- բաղնիք։ Սափրելու ծէսը կատարւում է մեծ մասամբ թագւորի տանը եւ երբեմն միայն բաղանիսում»։ Իսկ Միքայէլ Նալբանդեանը Նախիջեւանի կեանքի մասին ունի տպաւորութիւն մը. «Ընկերական կեանք չէ երեւում այդտեղ։ Դեռեւս այր մարդիկը պատահում են միմեանց փողոցի մէջ, վաճառանոցում կամ ղահվետնում. իսկ կանայք պիտոյ է տեսանեն միմեանց կամ եկեղեցու մէջ եւ կամ բաղանիքում»։
Կնիկներու կռիւը բաղնիքի մէջ
Հայկական ծիծաղի մայրաքաղաքն է Կիւմրին։ Մինչեւ դար մը առաջ «Վարպետներու քաղաքը» յայտնի էր իր քաղաքային բաղնիքներով։ Ո՞վ չի յիշեր «Վեքի բաղնիքը» հին Կիւմրիի յայտնի եւ պատմական բաղնիքը։ Ան է, որ կարեւոր դեր խաղաց քաղաքի կենցաղի եւ մշակոյթի մէջ։ Այդ պատճառով է, որ Խաչիկ Դաշտենցը «Ֆայտոն Ալեք» հանրայայտ պոէմի մէջ յիշեց այդ բաղնիքը։ Ալեքը, քաղաքի յայտնի հին կառապանը, նախշ-գօտին կապած, ձեռնոցը հագած, կրծքին՝ «Սարգիսով» ժամացոյցը կախած՝ ամէն օր իր սիրունատես ֆայտոնով հարս ու կեսուրներ, պատուաւոր այրեր կը տանէր բաղնիք։ Անոնց մէջ էին նաեւ Աշուղ Ջիւանին, Պոլոզ Մուկուչը եւ երիտասարդ բանաստեղծ Աւօն- Աւետիք Իսահակեանը։ Կը պատմեն, թէ, Կիւմրիի բաղնիքը ոչ միայն մարմինի մաքրութեան համար էր, այլ նաեւ հաւաքոյթներու, քաղաքային նորութիւններու քննարկման եւ «բամբասանք» կոչուած ծէսի իրականացման վայր էր։ Դաշտենցի պոէմի մէջ,- եւ սա իրական պատմութիւն է-, Պոլոզ Մուկուչի կինը օր մը Վէքի բաղնիքի մէջ տաք ջուր թափաեր է կնոջ մը մէջքին, երբ այդ կինը խրոխտալով պատմեր է, որ Պոլոզի հետ, ի՚նքը, քաղաք նոր եկած «աւտօ» նստած է։
Առաջին բաղնիքը
Հայկական գրականութեան խանձարուրային օրերուն «բաղնիք» բառը մագաղաթեայ էջերու մէջ իր յատուկ տեղը ունէր. Աստուածաշունչը պատկերաւոր տեսարան մը տուաւ. «Ի բաղանիս մտանէիր, ի ծարիր եւ ի սնգոյր շպարէիր, եւ զարդարէիր զարդու», Եղիշէն գրեց. «Մինն ի նոցանէ փութացաւ ի բաղանիսն, եւ վրիպեաց ի պսակէն», Խորենացին յիշատակեց. «Սեւերիոս արքայ Հռոմայեցւոց նորոգեաց. եւ ինքն շինեաց զբաղանիսն», Սեբէոսը պատմագրեց. «Տարան զնա ի լուացումն ի բաղանիս. լուացին զնա եւ զգեցուցին»։ Այդ օրերուն, 5-րդ-10-րդ դարերու մասին է խօսքս, ունէինք Գառնիի, Դուինի, Ամբերդի, Անիի Բագրատունիներու պալատի եւ Հոնենց տոհմի գեղակերտ բաղնիքները։ Իսկ պատմիչ, «Հայոց պատմութիւն» եւ «Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան» երկերու հեղինակ Ղազար Փարպեցին գրի առաւ հեգնական եւ արհամարհական յայտնի առածը. «Խոզի հարսնացելոյ կոյաջուր բաղանիք»,- եթէ հարսնիքը կամ հարսնանալը կը կազմակերպուի խոզի պատկերացումով ու ճաշակով, ապա անոր պատկերացուցած լաւագոյն «բաղնիքը» կոյուղիի ջուրն է։
Վարուժանի բաղնիքը
Դանիէլ Վարուժանը ինչպէ՞ս յաջողեցաւ արեւելեան բաղնիք մտնել այն ժամուն, երբ գեղեցկուհիները լոգանք կ’ընդունէին։ Չենք գիտեր։ «Արեւելեան բաղնիք» քերթուածի մէջ է, որ տղան մեզի բանաստեղծական նրբագոյն պատկերներով, մերթ ընդ մերթ ամօթի մէջ ձգելով, մեզ դիտել տուաւ արեւելեան բաղնիքի մը բոլոր բարեմասնութիւնները։ Ահա նախաբանը. «Մորճագմբեթ բաղնիքին ներքնագուռն յո՜յլ կը բացուի»։ Ապա, կը տեսնենք «գոլորշի», «պորտաքար», «ուսացնցուղ գմբէթ», «ոսկեդրուագ սանտրեր», «գուռ», «մարմար» եւ «ջուրն եռեփուն»։ Եթէ դուք, յարգելի ընթերգող, կը ցանկանք աւելին, շատ աւելին տեսնել, պէտք է որ ամբողջ բանաստեղծութիւնը ընթերցէք։ Իսկ աւարտին, ահա կոյսեր գեղամարմին, գռիհները կը լեցնեն, հրապարակը եւ ուղին կը յորդին ծոթրինի բոյրով…։
Բաղնիք գիւղէն կու գամ
Դար մը առաջ, յարգելի ընթերցող, ամէն քաղաք ունէր իր իւրայատուկ «բաղնիք» բառը, ինչպէս ամէն մեծ բնակավայր ունէր իր յատուկ ճարտարապետական լուծումներով կառուցուած բաղնիքը։ Ալաշկերտի, Երեւանի եւ Թիֆլիսի մէջ տիկնայք եւ պարոնայք կ’երթային «բաղնիս», Զէյթունի մէջ՝ բաղնըք, իսկ Մարաշի մէջ՝ պաղնաք։ Աւելին, «բաղնիք» բառը մեր բնաշխարհի տարածուած տեղանուններէն մէկն է։ Կը փափաքի՞ք քանի մը հատը մտովի այցելել. «Բաղնեկունք», Լեռնային Կիլիկիոյ մէջ Ատանայի մօտ գիւղ, «Բաղնիք», Արաբկիրի գիւղ,«Բաղնիք», Խարբերդի Դերսիմ գաւառի, Չարսանճաքի գաւառակի գիւղ, «Բաղնիք», Ճորոխ գետի աւազանի վրայ, Բաբերդէն 16 կմ հիւսիս գիւղ, «Բաղնիք», Կարինէն 13 կմ հիւսիս գիւղ, «Բաղնիքի լեռներ», լեռնաշղթայ, Բիւրակն-Մնձուրեան լեռնահամակարգի մաս, Դերսիմի շրջանի մէջ։ Բաղնիքի լեռներու լանջին է Սուրբ Նիկողոսի վանքը, «Բաղնիքի Ձոր», Երզնկայի մէջ գետակ, Ս. Նիկողոսի վանքէն մինչեւ Բթառիճի այգիները, «Բաղնիքի Ջուր», Եփրատի աւազանի վրայ գետակ, իսկ վերջինը՝ «Բաղնոց», Վանայ լիճի հիւսիսը շրջան։
Վերջին բաղնիքը
Հայկական բաղնիքը իր վերջին դուռը բացաւ, իր վերջին ջուրը տաքցուց, իր վերջին յաճախորդը ընդունեցաւ հարիւր տարի առաջ։ Այսօր ան հին քաղաքի մէջ բարձրացող շէնքերու շուքին տակ մնացած աւելորդութիւն մըն է։ Այդ լքուած յուշարձանին նայելով, ձեզի փոխանցեմ «բաղնիք» բառի գրական վերջին շունչը։ Անոր հեղինակը նախ Պոլսոյ, ապա Մալաթիոյ եւ Բալուի բաղնիքներու ջերմ ջուրերը վայելած, իսկ 50-ը բոլորած տարին Այաշի մէջ այրեան բաղնիքին զոհ գացած տիար բժիշկ Կարապետ Փաշայեաննէ։ Անոր «Աղջկան մը յիշատակարանը» վէպի մէջ տեսանք բաղնիքի ծիսական վերջին պաշտօնը. «Ազգականներս ու բարեկամուհիներս այսօր զիս բաղնիք տանելով սուգէ հանեցին. տարի մը ամբողջ քրոջս յիշատակը սեւեր հագնելով պահեցի»։
Ձեր բաղնիքը անոյշ
Յարգելի բաղնեկից, փոխանակ լքուած բաղնիքներուն ափսոսալու, մենք մեր գրական բաղնիքներու մաքուր յիշողութեամբ իրարու ըսենք՝ «բաղնիքդ անոյշ», ապա յիշէնք այն քանի մը հնաբոյր բառերը, որոնք յարմար եկան մեր արքունական բաղնիքներուն. լայնածիր, սիւն մարմարիոնեայ, կամար բարձագահ, մեծասրահ, վայելչաւոր, յոքնածախք, բարեշահ եւ լայնաշէն։
Բաղնիք ընդունին
Բաղնիքի մեր այցելութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Այժմ ժամանակն է անոր զով սրահին մէջ նստելու, բաժակ մը պաղ ջուր խմելու եւ բարեկամներու հետ զրուցելու։ Իսկ երբ մենք դուրս ելլենք մաքուր եւ թեթեւցած, այլ յաճախորդներ գան եւ ուրախացնեն բաղնիքը։ Թող բաղնիք ընդունին եւ մաքրուին մշակները լայնալանջ, որոնց բրդոտ կուրծքին մէջ յարդի փոշիներ են հաւաքուած։ Բաղնիք ընդունին եւ մաքրուին դարբինները հաստաբազուկ, որոնց ձեռքերն են մրոտած։ Բաղնիք ընդունին եւ մաքրուին զինուորները քաջատոհմ, որոնց սուրը յաղթանակի արիւնով է լուացուած։ Նախ քան իրենց հարսնիքը՝ բաղնիք ընդունին եւ մաքրուին մեր հարսերը ծոթրինաբոյր, մեխակաբոյր կամ վարդաբոյր, որ անոնք դառնան մայրեր կաթնաբոյր։
Բաղնիքը ցուրտ է
Ինչ անոյշ էր բաղնիքը։ Այլեւս դուրս ելլեն՞ք։ Ո՜չ, չէ, չըլլար… Շատ ամօթ է։ Դուք հիւր էք։ Այսօր, ե՚ս կը վճարեմ բաղնիքի դրամը։ Իսկ որպէս վերջին հաճոյք, կ’առաջարկեմ, որ ֆայտոն մը նստինք ու տան ճանապարհին վրայ մենք լսենք Դերսիմի աւանդական երգ մը, «Բաղնիքը ցուրտ է», գրահաւաք՝ Կոմիտասի աշակերտ Միհրան Թումաճան, աղբիւր՝ չմշկածագեցի Մամա Ջալալեան ու անոր հարսը։
Բա՜ղնիքը, բաղնիքը, ցուրտ է,
կը մսիմ ամա՜ն
Կաւ չի կայ, կաւ չկայ,
գլոխիս քսիմ ամա՜ն։
Իրկունը, իրկունը,
աղայիս տ՚ըսիմ, ամա՜ն։
Այ աղջիկ, ջան աղջիկ,
վառեցիր ինծի,
Ըրիր-չըրիր
խաբեցիր ինծի,
Ըրիր-չըրիր
խաբեցիր ինծի, ամա՜ն։




