Երբ ԱՄՆ- Իսրայէլ դաշինքի Իրանի դէմ սանձազերծած պատերազմը կը հասնէր 40 օրերու, աշխարհի իբրեւ թէ հզօրագոյն պետութեան նախագահը իր շուրջ հաւաքած լրագրողներուն կը յայտարարէր թէ այս գիշեր պիտի փլէ Իրանի քաղաքակրթութիւնը։
Բարբարոսավայել խոստովանութիւն մըն էր արտասանուածը։ Բարբարոսներն են որ կը փլեն քաղաքակրթութիւնները։ Պատմութեան մէջ յաճախ հանդիպած ենք ծաւալապաշտ նկրտումներով երկիրներ արշաւող վայրի ցեղերու, որոնք վայրագօրէն վերջ տուած են իրենց համար խորթ ու անծանօթ քաղաքակրթութիւններու եւ անոնց զարգացուցած մշակոյթին։
Թրամփի խոստովանութիւնը կը բնորոշէ իր ներկայացուցած մակարդակը համաշխարհային եւ համամարդկային արժէքներու ցուցակին մէջ։ Ան առյաւէտ պիտի յիշուի քաղաքակրթութիւն կործանելու ցանկութիւնով պատերազմ հրահրողի մը կերպարով։
Հրէից կարգ մը ԶԼՄ-ներ լսելով այս սպառնալիքը, ոգեւորութեամբ դիմեցին մնացեալ ժամերը ցոյց տուող հաշուարկի մը։ Հեռուստաէկրաններու վրայ վայրկեաններ եւ րոպէներ արագօրէն կ՚անցնէին, հասնելու համար աւետեալ ժամանակին, ուր ամերիկեան ռմբակոծումներով պիտի աւերուէր Միջին Արեւելքի հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն մէկը՝ Պարսկաստան երկիրը։
Պատերազմի առաջին օրը իսկ յարձակողները յուսացած էին թէ իրենց զինեալ գործողութիւնով երկրի մէջ խռովութիւն պիտի ծագի, ժողովուրդը խուճապահար պիտի փախչի աջ ձախ, որու հետեւանքով պիտի կատարուի իշխանափոխութիւն։
Հիասթափեցնող էր այդ յոյսը, քանի որ երկրի իշխանութենէն դժգոհ զանգուածները ներառեալ, ոչ ոք դիմեց ակնկալուած քայլերուն։ Մէկ կողմ թողնենք երկրէ փախչելու վարկածը, արտասահման գտնուողներ փութացին դէպի իրենց երկիրը։ Իրանի կրօնական կամ ազգային բոլոր փոքրամասնութիւնները միասնականութեան ուխտ մը կատարելու նման ամրապնդեցին շարքերը, իզուր բերելով թշնամիի յոյսերը։
Այս սպառնալիքի հրապարակումով դարձեալ յուսադրուեցան որ երկրի խաղաղ բնակչութիւնը ահազանգող վտանգի դիմաց խուճապի պիտի մատնուի։ Այս անգամ ալ յուսախաբ եղաւ չարագործը, քանի որ ռմբակոծման լուրը լսող իրանցին երկրի դրօշակը ձեռին փողոց իջաւ իբրեւ պատասխան եղած սպառնալիքին։
Հասկնալի է որ անկիրթը հիասթափի քաղաքակիրթի դիմաց։ Իրանցիի այդ հակազդեցութիւնը ոչ թէ յիմարութենէն, այլ դարերու պատմութիւնով շաղախուած քաղաքակրթութենէն կը բխի։
Այնպէս թէ այսպէս Թրամփի խոստացած յարձակումը առայժմ կասեցուեցաւ առնուազն երկու շաբաթներով։ Մնացածը Միացեալ Նահանգներու մատնուած քաղաքական պարտութիւնն է։ Ճիշդ է որ 40-օրեայ ռմբակոծումները մեծ աւեր գործեցին Իրանի ենթակառոյցներու վրայ։ Բայց ձեռքբերած քաղաքական յաղթանակի արժանիքը կրկին ու կրկին անգամ կը գերազանցէ այդ վնասը։


