Այս շաբաթ կողքի սիւնակներուն վրայ արձագանգեցինք համայնքային վարժարաններէ շրջանաւարտ երիտասարդներու արձանագրած յաջողութիւնները։ Այս լուրը խմբագրած պահուն անգամ մը եւս տարուեցանք մտածելու, մեր կրթօճախներու առաքելութեան խնդրի շուրջ։
Սիւնակի հետեւողները գիտեն, անցեալին ալ բազում անգամներ անդրադարձած ենք հայ ինքնութեան մէջ դպրոցի դերակատարութեան։
Հայոց զարթօնքի կարեւորագոյն օղակը եղած է դպրոցը։ Սկսելով ԺԹ. դարու երկրորդ կէսէն, դպրոցաշինութիւնը հայ մտաւորականութեան գլխաւոր մղձաւանջը դարձած է եւ ոչ միայն մտաւորականութեան, հայ ֆեմինիստ շարժումն ալ մեծ ճիգ կը վատնէր իգական սեռի դաստիարակութեան նիւթով։ Բացի բոլոր գաւառներու մէջ իրարայաջորդ կերպով կեանքի կոչուած համայնքային դպրոցներէն, հասարակութեան զարգացման կը նպաստէին նաեւ որոշ մանկավարժներու անհատական նախաձեռնութիւնները եւ ալ աւելի կարեւորը՝ օտար միսիոնարներու հիմնած բարձրագոյն ուսման հաստատութիւնները։
Վրայ հասաւ ահռելի աղէտը՝ որ կոչեցինք ջարդ,եղեռն կամ ցեղասպանութիւն բառերով, դպրոցաշինութեան արշաւը փոխադրեց դէպի նոր գաղթօճախներ։
Այսպէս սփիւռքի տարածքին ունեցանք բազմաթիւ վարժարաններ, որոնք կ՚ընկալէինք մայրենիի պաշտպանման ամրոցը ըլլալով։
Ապա հասանք մեր օրերուն։ Պոլիսը հայրենիքէն դուրս ամենաշատ հայկական վարժարաններ ունեցող քաղաքն է։ Սակայն այս հպարտութեան պատկերի ետին կայ այլ իրողութիւն։ Պոլսոյ կրթական հաստատութիւնները ափսոս որ մեծ արիւնահոսութիւն կ՚ապրին շնորհիւ նոյնինքն պոլսահայոց այլասերած մտայնութեան։ Կ՚անտեսենք մեր դպրոցներու արձանագրած ուսման բարձր մակարդակը եւ մեծ ջանք կը վատնենք հայ աշակերտը, հայ դպրոցէն հեռու պահելու համար։
Եկէք խոստովանինք։ Այստեղ կատարուածը աշակերտը դպրոցէն հեռու պահելէն աւելի, ազգային պատկանելութենէն զրկելու մարմաջն է։ Մնացեալը սուտ ու փուճ կեղծիկ մըն է միայն։ Շատ երկար տարիներ օտար վարժարանները քաջալերեցին պատճառաբանելով օտար լեզուի ուսուցման մակարդակը։
Այսօր փաստացիօրէն կարելի է պնդել թէ հայ վարժարանի օտար լեզուի ուսուցման մակարդակը կը գերազանցէ բազմաթիւ յատուկ դպրոցներ, որոնց գլխաւոր առանձնայատկութիւնը կը մնայ ցուցափեղկին վրայ կցուած «քալէճ» բառը։
Վստահ կրնանք ըլլալ թէ այս խաբկանքի հաշուեյարդարը վերջ ի վերջոյ կը կատարուի, բայց հայ վարժարանէ զրկուած աշակերտի կորուստը դիմագրաւել կամ փոխարինել գրեթէ անկարելի է։
Այս պահուն եթէ պիտի խօսին թերացումի մասին, այդ մէկը ոչ թէ օտար լեզուի ուսուցման թերացումն է, այլ նոյն ինքն մայրենիի։
Հպարտ ենք մեր աշակերտներու համալսարանի մտից քննութեան ընթացքին ապահոված յաջողութիւնով։ Երանի հպարտութեան բաժին մըն ալ ունենանք, այդ նոյն աշակերտներու մայրենիի տիրապետելու խնդրին մէջ ալ։


