Հրատարակութեան թուական: 16 Ապրիլ 2023 11:41
 ~ Վերջին թարմացում: 16 Ապրիլ 2023 11:47
read.ReadTime

Սկիզբ մը

Խումբ մը ընկերուհիներով հաւաքուեցանք Բարռեսիայի գաղափարին շուրջ եւ մեր պոռթկումներն ու մտածումները արտայայտեցինք ընկերային ցանցերու վրայ գրառումներ կատարելով։ Առաջին շրջանին լուսարձակի տակ առինք գաղութատիրութիւնը, սեռականութիւնը եւ ժամանակայնութիւնը։ Աւելի ուշ նիւթերը զարգացան՝ դառնալով մեր առցանց զրոյցներու ընթացքին արծարծուած միտքերու արդիւնքները։ Ակօսի մեր սիւնակին առաջին յօդուածին մէջ կ՚ուզենք ներկայացնել Բարռեսիա Գոլէքթիվին անդամները՝ մեկնելով 16 Դեկտեմբեր 2022-ին «Աչըք Ռատիոյի» «Հիքայենին Հեր Հալի» յայտագիրին մեր ունեցած զրոյցէն։