Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ-ի արեւմտեան նահանգներու առաջնորդարանը արք. Յովնան Տէրտէրեանի առաջնորդութեամբ եւ անձնական ծրագիրով կը շարունակէ բանալ շաբաթօրեայ դպրոցներ։ Այդ դպրոցներուն նպատակն է պետական կամ Ամերիկեան մասնաւոր դպրոց յաճախող հայորդիներուն հայեցի դաստիարակութիւն տալ, հիմնականօրէն՝ մայրենի լեզու, հայկական մշակոյթ եւ հոգեւոր դաստիարակութիւն։ Այդ 18 դպրոցներու տնօրէններու ամենամեայ ժողովը տեղի ունեցաւ 28 Փետրուար, 2026, Շաբաթ օր բոլոր տնօրէններու մասնակցութեամբ։ Ժողովի ընթացքին ներկայացուած նիւթերը եւ վիճակագրութիւնները կը վկայէին պատմութիւն մը, որ պանծալի է սփիւռքի համար եւ յիշելու արժանի։
Դպրոցներու ցանց մը
Շաբաթօրեայ դպրոցները կը կազմեն հսկայ ցանց մը։ Ամէն տարի անոր վրայ կ’աւելնայ նոր դրպոց մը։ Ուր որ հայկական գաղութ կայ, կամ դպրոցական տարիքի հայ աշակերտներու ներկայանալի թիւ մը, շաբաթօրեայ դպրոցը կու գայ անոր հայեցի դաստիարակութեան պահանջին գոհացում տալու։ Ուստի, Քալիֆորնիոյ նահանգի եւ անոր յարակից նահանգներու մէջ սկսած են նորանոր շաբաթօրեայ դպրոցներ յայտնուիլ։ 2026 թուականի դրութեամբ անոնք ունին 1300-է աւելի աշակերտ, 100 ուսուցիչ, եւ 50-ի չափ ուսուցիչի օգնական երիտասարդուհի։
«Հիմա երթանք ընբշամարտի»
Շաբաթօրեայ դպրոցի մը օրը կը սկսի հայկական շունչով։ Հոն դուք նախ կը լսէք Տէրունական աղօթքը, ապա տնօրէնի կամ հոգեւոր հօր պատգամը, յաջորդ հանդէսի մասին յայտարարութիւններ եւ անշուշտ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը։ Դպրոցները յաճախ կ’ունենան նաեւ իրենց քայլերգը, կամ որդեգրած կ’ըլլան հայոց գիրերուն կամ դպրութեան նուիրուած երգ մը որպէս քայլերգ։ Ապա աշակերտները շարան շարան կ’երթան իրենց դասարանները։ Գրասեղաններու վրայ ահա դրուած են Այբբենարաններ կամ Ընթերցարաններ, Առաջնորդարանի որակաւոր, պատկերազարդ եւ աշակերտներու համար գրաւիչ այլ հրատարակութիւններ։ Միայն լեզու չէ որ աշակերտը կը սորվի։ Հայեցի դաստիարակութիւնը կ’ամբողջանայ երգի, պարի եւ թատրոնի դասերով։ Կան դպրոցներ, որոնք նկարչութեան, հայագիտութեան, ճատրակի եւ ընբշամարտի դասարաններ ալ ունին։
Հայաստան ասելիս…
Շաբաթօրեայ դպրոցներու մէջ բոյն գտած է հայկական մշակոյթը եւ գրականութիւնը։ Դպրոցներու կեանքը օրացոյցի մէջ յայտարարուած կանոնաւոր ձեռնարկներէն աւելի ճոխ է։ Ամէն ուսուցչական կազմ, ըստ իր աշակերտութեան եւ համայնքի ընդունելութեան, կը մշակէ յաւելեալ ծրագիրներ։ Մինչ Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փեթակ» դպրոցը ծրագրած է իր պարախումբով եւ երգչախումբով իր քաղաքի Հայկական մեծ փառատօնին մասնակցիլ, Քուփերթինօ քաղաքի Ս. Անդրէաս եկեղեցւոյ դպրոցը որոշած է Համօ Սահեանի երեկոյ կազմակերպել։ Իսկ այժմ նոր հոսանք մը կայ գաղութիս մէջ. Հայաստանի օրինակը հետեւելով՝ Փետրուար 19ին՝ ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը նշել «Գիրք Նուիրելու օր»։
Ահա եկաւ Զատիկը
Շաբաթօրեայ դպրոցի մը տարեկան օրացոյցը հագեցած է բազմաթիւ եւ բազմազան ձեռնարկներով։ Վերամուտի Առաջին Զանգին կը հետեւին Հայ Մշակոյթի ամիսը, Թարգմանչաց Տօնը, Ս. Ծնունդը Նոր Տարուայ հանդէսով, Վարդանանց Տօնը, Տեառնընդառաջը/Տրնդեզը, Սուրբ Սարգիսը՝ աղի բլիթով, Գիրք Նուիրելու օրը, Ս. Զատիկը հաւկթախաղով, Հայկական Ցեղասպանութեան նշումը, Մայրերու օրը եւ վերջապէս՝ տարեվերջի ճոխ հանդէսը՝ Վերջին Զանգով։ Դուք արդէն կը տեսնէք, թէ աշակերները, 3-էն 14 տարեկաններ, ինչ ոգեւորութեամբ բեմ ելած են ու կ’երգեն, կ’արտասանեն, դերեր կը կատարեն ու կը պարեն։ Արդէն կը տեսնէք, թէ մեծ հայրեր եւ մեծ մայրեր, որոնք կարօտ են թոռնիկին հայերէն խօսելուն՝ ինչ ուրախութեամբ եւ յուզումով կը դիտեն այդ հանդէսները։
Սոկրատը դասարանի մէջ
Նիստի ընթացքին խօսք առաւ շաբաթօրեայ դպրոցներու կրթական յանձնախմբի ատենապետ տոքթ. Էլլի Անդրէասեանը։ Ան բացատրեց, թէ ինչպէս կարելի է պահել դպրոցներու շարունակական առաջընթացը։ Յիշէնք, թէ տոքթ. Անդրէասեանն է, որ գրի առած է դպրոցներու ուսումնական ամբողջական ծրագիրը, լեզուի դասաւանդութենէն մինչեւ հայկական մշակոյթի նիւթերը՝ դասարան առ դասարան։ Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Անհրաժեշտ է հայեցի մտածողութիւնը զարգացնել, անհրաժեշտ է նաեւ դասարանի մէջ աշակերտներու ազատ զրոյցը։ Աշակերտը պիտի ունենայ հարց ու պատասխանի ժամանակ, ուր պիտի զարգանայ հայեցի մտածողութիւնը»։ Ան նաեւ ներկայացուց բանավէճի դասական, Սոկրատեան մեթոտը, եւ յանձնարարեց, որ բոլոր ուսուցիչները իրենց դասարաններու մէջ օգտագործեն երկխօսութեան այդ ձեւը։
Նոր ծրագիր նոր հորիզոն
Ապա խօսք առաւ Արեւմտեան թեմի շաբաթօրեայ վարժարաններու հոգեւոր տեսուչ Յովհաննէս սարկաւագ Գումրուեանը։ Ան ներկայացուց 2026-2027 տարուայ ծրագիրը, աւետելով, թէ Օգոստոս 8-ին տեղի պիտի ունենայ բոլոր ուսուցիչներու համար վերապատրաստման դասընթացք՝ լեզուաբան, գրականագէտ եւ ազգագրագէտ երեք մասնագէտներու ներկայութեամբ։ Սարկաւագ Գումրուեանի զեկոյցի մէջ յայտնի էր, թէ Առաջնորդապատկան դպրոցները համաշունչօրէն կը հետեւին նոյն չափանիշերուն։ Դպրոցները նոյն թուականին կը սկսին եւ կ’աւարտեն դպրոցական տարին, կ’օգտագործեն առաջնորդարանի հրատարակած յատուկ թասագիրքերը, կը մշակեն ուսումնական նոյն ծրագիրը, բոլորն ալ կ’ենթարկուին WASC կոչուած հեղինակաւոր կազմակերպութեան որակաւորման քննութիւններուն, աւելին՝ բոլորն ալ ունին նոյն առաքելութիւնը եւ նպատակը։
Դպրոցը առաքելութիւն է
Ժողովի աւարտին խօսք առաւ թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը։ Պէտք է յիշել, թէ շաբաթօրեայ դպրոցը առաջնորդ հօր տեսլականն է, անոր մտաւոր զաւակը, որուն վրայ կը գուրգուրայ։ Առաջնորդը կատարեց հետեւեալ նշումները. «Հայկական դպրոցը հասանելի պիտի ըլլայ աշակերտին։ Իսկ դասարանի մէջ անհրաժեշտ է մէթոտաբանական մօտեցում՝ որպէսզի ան սիրով գայ դպրոց։ Շաբաթօրեայ դպրոցը պիտի չզիչի ամենօրեայ հայկական դպրոցներուն՝ իր առաքելութեամբ եւ թեմական կառոյցի մէջ իր պահած բարձր որակով»։ Առաջնորդը նաեւ անդրադարձաւ դպրոցներու մէջ կամաւորապէս ծառայող 15-20 տարեկան երիտասարդուհիներոն. «Անոնք ուսուցչութեան թեկնածուներ են, անոնց մէջէն պիտի գան ապագայ ուսուցիչները»։
Նոր գիրք, նոր լոյս
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը աւետեց նոր գիրքերու հրատարակութիւնը, բացատրելով, թէ առաջնորդարանի հրատարակութիւնները օգտաշատ են թէ ուսանողին եւ թէ ուսուցիչին։ Առաջնորդարանը կը պատրաստուի լոյս ընծայել նոր հրատարակութիւններ, ինչպէս. «Աստուածաշնչական պատմութիւններ», 4 հատոր, «Արեւմտեան թեմի պատմութիւնը», 3 հատոր։ Առաջնորդարանը արդէն հրատարակած է Մայրենի լեզուի գիրքեր, Այբբենարան, Ընթերցարան, մանկական աղօթագիրք, եւ այլ գիրքեր։
Ժողովը վերջացաւ առաջարկներու, գաղափարներու փոխանակումով եւ Պահպանիչով։




