Այս տարուայ բազմաբնոյթ միջոցառումները իրենց աւարտին հասան 13 Սեպտեմբեր, կիրակի երեկոյ կայացող բանախօսութիւնով մը։
Օրուայ ատենախօսն էր «Ակօս»ի աշխատակիցներէն՝ պատմաբան Հանրիէթ Թոփուզեան Պասօղլու։
Պասօղլու «Ակօս»ի եւ «Փարոս» պարբերականի ընթերցողներուն եւ «Լոյս» հեռուստակայանի հետեւողներու համար ծանօթ անուն է, իր հեղինակած պատմամշակութային յօդուածներով եւ տեսանիւթերով։
Կիրակի օրուան բանախօսութեան առանցքը կը կազմէր Վոսփորի երբեմնի հայաշատ թաղերէն Եէնիգիւղի պատմական անցեալը եւ անոր հայեցի դիմագիծը։
Զեկոյցի ընթացքին Պասօղլու իր պատումին սկսաւ թուելով Եէնիգիւղ թաղի բացակայութիւնը 15-րդ դարու քարտէզներու մէջ։ «Այդ քարտէզներու մէջ Պոլսոյ Վոսփորի երկայնքին նշուած վերջին բնակավայրերն են Պէշիքթաշն ու Օրթագիւղը։ Իսկ Էվլիյա Չելեպի իր շրջագայութիւններուն մէջ կը պատմէ թէ թաղի առաջին բնակիչները Տրապիզոնէն եկած յոյն եւ թուրք նաւաշինարարներ են»։
Այս առաջին բնակիչներուն կը յաջորդեն հայ արուեստագէտներ եւ ձկնորսներ։ Սակայն թաղը ուշադրութեան կ՚արժանանայ, երբ մեծահարուստներ կը սկսին առանձնատուներ կառուցել անմիջապէս ծովափին, որոնց հողային տարածքը կը շարունակէր դէպի բարձրադիր հողամասեր։
Հանրիէթ Թոփուզեան Պասօղլու նկարներու ընկերակցութեամբ ծանօթացուց Տիւզեան, Տատեան, Ալլահվերտի, Գույումճեան, Թնկրեան, Պէյազճեան, Իհմալեան, Տամատեան եւ Մանաս ընտանիքներուն թէ՛ կարեւոր անունները, թէ՛ անոնց ստանձնած պետական պաշտօնները կամ առեւտրական-արդիւնաբերական աշխատանքները եւ թէ բնակած ապարանքները։
Գերման երգիծաբան Պերթոլտ Պրեխտ իր գործերէն մէկուն մէջ հարց կու տար հետեւեալ ձեւով. «Հասկցանք, Մեծն Աղեքսանդր Հնդկաստանը արշաւեց։ Բայց բոլորովին մինա՞կ էր, ճաշ եփող մը անգամ չկա՞ր քովը»։
Ակամայ տարուեցանք Պրեխտի այս խօսքերը յիշելու, քանի որ 1,5 ժամուայ բանախօսութեան ընթացքին յիշուած անուններու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը լումայափոխներ էին, որոնց վստահուած էր արքունի շրջանակներու հարստութեան շահագործումը։
Բանախօսութեան աւարտին յոյն համայնքի յայտնի դէմքերէն Լաքի Վինկաս շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ հանդիսատեսի ներկայութեան եւ թէ ատենախօսի փոխանցած անսպառ գիտելիքներուն համար։ Կարծես վերեւ նշուած բացթողումը վերացնելու միտումով ան նաեւ յիշատակեց հասարակ մարդկանց կարգ մը անուններ, որոնք իրենց վաստակով հետք թողած են առնուազն ժամանակակիցներու յիշողութեան մէջ։
Տիկին Պասօղլուի իւրաքանչիւր յօդուած կամ բանախօսութիւն ուսուցողական յատկութիւն ունի եւ զինք լսողը կամ կարդացողը կ՚օգտուի անոր ուսումնասիրութիւններէն եւ գիտելիքներու լայն պաշարէն։




