Առաջին ցուրտ եղանակը
Հայոց մայրենին ցրտացաւ Ե. դարուն։ Երբ մեր սուրբ թարգմանիչները ամրան տօթին եւ ձմրան ցուրտին՝ տենդոտ աշխատանքով կը հայացնէին Աստուածաշունչ Մատեանը, «ցուրտ» բառն ալ սկսաւ մեր գրաւոր լեզուին ներգործել, ինչպէս ձիւնը եւ բուքը կ’իջնէր մեր լեռնաշխարհի վրայ։ Թէեւ Սուրբ Գիրքի մէջ գէթ 9 անգամ գործածուեր է «ցուրտ» եւ անոր հետ շինուած բառերը, սակայն, ի՜նչ բոյթ, ան մշտական ներկայութիւն մը հաստատեց սարսափեցնելով հայ գրիչը եւ անոր հոգին։ Հայը Ս. Գիրքի մէջ առաջին անգամ հանդիպեցաւ իրեն անծանօթ արտայայտութիւններու, ինչպէս՝ «Օրհնեցէք, ցուրտ եւ սառն, զՏէր. Օրհնեցէք»։ Հայը Առակաց Գիրքի մէջ պատկերաւոր կերպով լսեց մարդու երկու զգացողութիւններու համեմատութիւնը. «Որպէս ջուր ցուրտ անձին ծարաւոյ ախորժելի է, նոյնպէս աւետիք բարեաց յերկրէ հեռաստանէ» (Ինչպէս պաղ ջուրը ախորժելի է ծարաւ անձին, այնպէս ախորժելի են հեռու երկրէն եկած բարի լուրերը։) Երկար ժամանակ չտեւեց, որ «ցուրտ» բառը նմանողութեանբ նշանակէ՝ անշուք. տգեղ. անզօր. անհիմն. անմարդի. խորշելի. տկար. անշնորհ. անպիտան. սուտ. պաղ. անհամ։ Ահա քանի մը հնագոյն օրինակ. «Դի ցուրտ յերկիր ընկենուին», «Ցուրտ ցաւ», «Պատճառս ցուրտ» եւ «Ցուրտ մխիթարութիւն»։
«Ներեցէք անհեթեթ գիրս»
Ո՚չ, յարգելի ընթերցող, դուք չկարծէք, թէ հայ գրիչը տաք սենեակի մը մէջ գրի կ’առնէր իր մատեանը։ Այսօր Մատենադարանի, Մխիթարեան վանքերու, կամ աշխարհի մեծահամբաւ թանգարաններու ջերմ գուրգուրանքին արժանացող մատեանները ցուրտի մէջ դողդողացող մատներով են գրի առնուած։ Ահա Ականց անապատի մէջ Աւետարան ընթօրինակող Բարսեղ վանականը, որ երկու անգամ աղաչեց, որ մենք իրեն ներենք «անհեթեթ» ձեռագրի համար, քանզի խուցը շատ ցուրտ էր. «Ցուրտ է, ձեռս կաղուել է, գէշ կու գրուի, թողութիւն արա աղաչեմ», 1267, «Անհեթեթ կու գրուի, ցուրտ է, ձեռս կաղուել է, թողութիւն արա աղաչեմ», 1269։ Նոյն ցուրտը պարտադրեց, որ Մոկաց գաւառի Կանաց վանքի «յոգնամեղ եւ անպիտան ու փցուն» գրիչ Նահապետը երկրպագած խնդրէ, որ մենք «անմեղադիր» ըլլանք, քանզի մատեանի գրութեան ժամանակ եղանակը շատ ցուրտ էր. «Արդ, յերեսս անկեալ աղաչեմ…, եւ անմեղադիր լերուք, զի ի ձմերանի գրեցաւ եւ ցուրտ էր տանն»։
Հայոց աշխարհը «ցիւրդ» է
Երբ այս գիշեր, յարգելի ընթերցող, բառարանները թերթեցի, տեսայ, թէ հայոց լեռնաշխարհի մէջ ձիւնի չափ «ցուրտ» տեղացեր է։ Մենք ունեցեր ենք «ցրտաբեր» քամիներ, «ցրտահար» այգիներ, «ցրաբեկ» ծաղիկներ, «ցրտաշունչ» ձմեռներ, «ցրտամահ» աքսորեալներ եւ «ցրտաբոյր» սէրեր։ Աւելցնեմ, թէ ցուրտ» բառով շինուած ածականներու թիւը կը հասնի 50-ի։ Մեր հիները ստեղծեր են նաեւ առօրեայ խօսքը տաքացնող արտայայտութիւններ՝ ցուրտի պատկերալից տեսակներ, ինչպէս՝ «սոսկալի ցուրտ», «խիստ ցուրտ», «անտանելի ցուրտ», «թափանցող ցուրտ»։ Իսկ հին բառարանները դեռ կը պահեն գրաբարաբոյր քանի մը արտայայտութիւն. «Ցուրտ մահահամբոյր», «Սարսռացեալ դողալ ի ցրտոյ», «Պատսպարիլ ի ցրտոյ»եւ «Ցուրտ առնուլ»։ Ինչպէս ամէն գաւառ իր յատուկ կլիման ունի, նոյնպէս ունի իր իւրայատուկ «ցուրտը»։ Ալաշկերտի, Մշոյ, Սեբաստիոյ եւ Տիգրանակերտի մէջ ձմեռները «ցուրգ» էին, Վանի եւ Մոկքի մէջ՝ «ցուռտ», Համշէնի լեռներու վրայ՝ «ցոյդ», Գորիսի, Արցախի, եւ Ագուլիսի հովիտներու մէջ՝ «ցօռտ», Մուսա Լերան գագաթը՝ «ցօրդ», իսկ Ասլանբեկի դալարագեղ դաշտերու վրայ՝ «ցիւրդ»։ Հայու համար սրտի ինչ մխիթարութիւն, որ համշէնի քաղցրալուր բարբառը դեռ կենդանի է։ Երախտապարտ ենք համշէնահայ յայտնի հոգեւորական, բանաստեղծ, նկարահան եւ մշակութային գործիչ Վահան Մենակեցին, որ գրի առաւ Օրտու եւ Սամսուն գաւառներու ինքնապաշտնապութեան նուիրուած խումբերու հրամանատար Զիլ Օհանէս Զէյտունեանին ձօնուած բանաստեղծութիւն։ Հ՚ոն է, որ «ցոյդ» բառը ինքզինք ցոյց կու տայ որպէս ընտիր բառ. «Գէշտայնը օխճուկ կիշէր, / Տուսը շատ ցոյդ էր զնդօնի, / Սարն փճօղ բախ-բախ քօմին, / Տռտռածն էրգու հօկին» (Ամբողջ գիշեր դուրսը ցուրտ էր, խրճիթի դէմ անդադար կ’ոռնար քամին, մինչ ներսը երկու հոգի կը դողային)
Ցուրտ է օտարը
Դուք լաւ կը ճանչնաք Մուշեղ Իշխանը։ Իսկ Իշխանը լաւ կը ճանչնայ օտարութիւնը։ Օր մը ան մեզի բացատրեց, թէ «ցուրտ» է օտարի յարկը։ Դուք կ’ուզէ՞ք հասկնալ, թէ բանաստեղծը ինչո՚ւ գրի առաւ այդպիտի դառն միտք մը։ Լաւ կը հասկնանք, եթէ մենք մտաւոր ճանապարհորդութիւն մը կատարենք Սիվրիհիսար, Մուշեղ Իշխանի ծննդավայրը՝ ցուրտ Ապրիլի մը նախօրեակին…։ Քաղաքը հիմնուած է համանուն լեռնաշղթայի սորոտին։ Բիւզանդական աւերակ բերդի պատճառով ան նոր դարերուն կոչուած է Սիվրիհիսար, այսինքն Սուր Բերդ։ Հայերս արդէն բիւզանդական ժամանակաշրջանին հաստատուած էինք հոն։ 1471 թուականին արդէն ունէինք Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին։ 1602 թուականի մէկ վկայութեամբ ազգիս վաճառականները առեւտրական կապի մէջ էին Վենետիկի հետ։ 19րդ դարուն Սիվրիհիսարի 6000 հայը կառուցած էր Սահակ-Մեսրոպեան եւ Հռիփսիմեանց երկսեռ դրպոցը, Թարգմանչաց գիշերօթիկ դպրոցը, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, Ներսիսեան դպրոցը եւ նոր բաղնիք մը։ Քաղաքի հայութիւնը ունէր «Անահիտ» խմորատիպ շաբաթաթերթը, իր թատերական խումբը եւ բարեգործական միութեան մը մասնաճիւղը։ Ապա եկաւ ցրտամահ Ապրիլը։ Երկու տարեկան Մուշեղը ճաշակեց գաղթականութիւնը։ Իսկ օր մը, որպէս թատերագիր, բանաստեղծ, մանկավարժ, քննադատ դարձած հայրենակարօտ այր, գրի առաւ «Հայ մամիկին աղօթքը» քերթուածը, որ կարծես իր մեծ մօր աղօթքը ըլլար. «Ալ կը բաւէ՚, Տէ՜ր Աստուած, / մեր տունն ու տեղ դարձուր մեզ, / Թշնամիս իսկ մեզ նման / ուրիշի դուռ չձգես։ / Ո'չ հանգիստ կայ, ո՚չ ալ քուն / ցուրտ յարկին տակ օտարին»։
Վերջին ցուրտը
Դուք, յարգելի ընթերցող, մի գուցէ բազմիցս ճաշակած էք «ցուրտ» բառի փոխաբերական իմաստը։ Դուք դիմացած էք անկասկած ցուրտ նայուածքներու կամ խօսքերու։ Ձեր բռնած կարմիր փունջը արդեօ՞ք ցրտահար եղած էր ուշացած կամ անհաւատարիմ սիրածի պատճառով։ Իսկ կեանքը միթէ՞ ցուրտ է հիմա ձեզի համար։ «Ցուրտ» բառը դեռ շատ պատմելիքներ ունի։ Դուրեանի, Մեծարենցի, Վարուժանի, Զարիֆեանի, Զապէլ Եսայեանի եւ այլ սրտաբեկ գրողներու շնորհիւ մեր մայրենին ապրեցաւ ցրտագոյն ձմեռները։ Այդ բոլորը կը խոստանամ յաջորդ յօդուածիս մէջ ձեզի հրամցնել։ Մինչեւ այդ օրը, ջերմ մնան ձեր սիրտերն ու թէյը։ Իսկ այժմ մենք իրարու հրաժեշտ տանք յայտնի երգիչ Պրունէթ-ի սիրային «ցուրտ» մէկ երգով։
Մեր տան պատերը
լուռ են։
Էլ չեն կարող յիշել
Ձայնը իմ ու քո։
Մոռացել են ինձ շատ մօտ
Պատկերը քո։
Հիմա ցուրտ ա,
Առանց քեզ շատ մութ ա։
Օրեցօր ես
աւելի եմ մրսում…




