Հայաստան երկիրը իր 108 տարուայ պետականութեան փորձին մէջ երկու անգամներ դիմեց աշխարհասփիւռ հայութիւնը իր հովանիին տակ մէկտեղել։ Առաջինը Բ. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին կեանքի կոչուած ներգաղթի ծրագիրն էր։ Խորհրդային Հայաստանէն հնչող կանչը արձագանգ գտաւ բազում հայերու մօտ։
Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն մեկնող գաղթականներու կարաւաններ մեծ երազներով հասան Հայաստան։
Նոյն իրողութիւնը տիրեց թուրքիաբնակ հայերու մօտ ալ։ Անձամբ իմ թէ մօրենական եւ թէ հայրական կողմէ երկու պապերս ալ փութացած էին Խորհրդային հիւպատոսարան, ներգաղթի ցանկերուն իրենց ընտանիքներու անուններն ալ գրանցելու համար։
Թրքական դիւանագիտական միջամտութեամբ չիրականացաւ տաճկահայերուս ներգաղթը։ Մենք մնացինք ու հայեցի կեանքը շարունակեցինք մեր երկրի մէջ։
Մենք մնացինք, ապա գացողները՞։ Անոնցմէ շատեր հիասթափութիւն եւ յուսալքութիւն ապրեցան, քանի որ Խորհրդային աշխարհը տակաւին պիտի յաղթահարէր յետպատերազմեան շրջանի բազում դժուարութիւնները։ Եկուորներու նամակագրութիւններն իսկ լրտեսութեան փաստ համարուեցան։ Սկսելով մտաւորականաց խաւէն, բազմաթիւ պայծառ մտքեր այդ հալածանքի արշաւէն ստացան իրենց վիճակած բաժինը։
73 տարիներու հոլովոյթով հայ ժողովուրդը հիմնեց երրորդ հանրապետութիւնը։ Անոր յայտնութիւնը յոյսի նոր նշոյլ մըն էր հայրենազուրկ սփիւռքահայութեան համար։ Անցնող աւելի քան 30 տարիներուն, անցեալի հետ անհամեմատելի թիւով հայեր աշխարհի բոլոր ծագերէն փութացին Հայաստան։ Զբօսաշրջական բնոյթով այդ այցելութիւնները ոմանց համար խրախուսիչ եղան տուն դարձի որոշման։
Իսկ երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընդունեց ու կեանքի կոչեց երկքաղքացիութեան մասին օրէնքը, նոր յուզումի ալիք մը եւս հասաւ սփիւռքահայերուն։ Պետութիւնը պատիւ ու շնորհ կ՚ընծայէր հայ ժողովուրդին, մասնիկը դառնալու համար հայրենի երկրին։
Այս մէկը հիմնականն է, էականը։ Անդին կայ խնդրին այլասերելու երեսակը։ Բոլորս գիտենք թէ բնաւ քիչ չէ հայու ինքնութեան հետ կապերը խզած հայոց թիւը։ Անոնք Հայաստանի հանդէպ ալ որդեգրած էին նոյն ժխտական, մերժողական հետզհետէ արհամարհական դիրք։
Դաւիթաշէնի Օվիրի գրասենեակին զարմանալով կը հանդիպիմ իրենց, որ եկած էին քաղաքացիութեան դիմում կատարելու, պարզ ԵՄ-ի տարածքին աւելի ազատ շրջագայելու կամ Շենկենի վիզան աւելի դիւրին ստանալու մարմաջով։
Օտար երկիրներու բնակիչ հայերուն քաղաքացիութիւն շնորհելու որոշումը իր հետ կը բերէ շատ էական հարցում մը՝ ո՞վ է հայը։
Մեզի համար այս հարցումի պատասխանը շատ յստակ է՝ յստակ ու պարզ։ Ան որ ինքզինքը «Հայ» ըլլալով կը ներկայացնէ, ան է հայը։
Մենք ճանչցած ենք մարդիկ, որոնք ծնած են հայ ծնողէ, հայ ընտանիքի մէջ, բայց բացարձակ կերպով կ՚ուրանան իրենց ազգութիւնը։ Ուրեմն անիմաստ է այդ տեսակին պարադրել խոստովանութիւն։
Այս առումով թէ մայրը եւ թէ հայրը հայ եղած, Գորշ Գայլեր շարժումի հիմնադիր Ալփասլան Թիւրքեշ հայ չէ երբեք։ Իսկ խառն ամուսնութեան պտուղ ամերիկացի երգչուհի Շերը, բացայայտօրէն հայ, քանի որ ան զինք այդպէս կը բնութագրէ։
Հայախօս համշէնցին, հոգ չէ թէ իսլամադաւան ըլլայ, հայ է։ Ուրեմն հայ ինքնութիւնը կարելի չէ բնութագրել ոչ հաւատքով, ոչ ալ մայրենիին տիրապետելու կարողութիւնով։ Արդէն կը մնայ անհատի ինքզինք նկարագրելու կամքը միայն։
Վերջերս կը խօսուի քաղաքացիութիւն շնորհելու պահանջները խստացնելու մասին։ Տեղին է այդ մերձեցումը, պայմանաւ որ հիմնուի արդար չափանիշներու հիման վրայ, զերծ մնալով կամայական վանողութիւնէ։




