12 Մարտ, 2026, Հինգշաբթի օր, հայկական շարադրութեան միջազգային մրցումի երկու ախոյեաններ, Ուրուկուայէն Լուսիանան եւ Հայաստանէն Ռուզաննան, իրենց ուսուցիչներով եւ ՀԲԸ Միութեան Ուրուկուայի ուսումնական խորհուրդի վարիչ Հաւիէր Փոլատեանի ուղեկցութեամբ՝ ճանաչողական այցելութիւն մը տուին Պլեր դպրոցի Հայկական Ճեմարանը։ Զոյգ աշակերտները Ճեմարանի աշակերտներուն ներկայացուցին իրենց աշխատանքը եւ ճանաչողական ջերմ զրոյց ունեցան անոնց հետ։
Հայկական Ճեմարանի աշակերտները հիւր տարեկիցներուն հանդիպեցան դպրոցի գրադարանի մէջ։ Լուսիանան, Ռուզաննան, անոնց ուսուցիչները եւ Հ. Փոլատեանը նախ բացատրեցին իրենց պաշտօնը եւ մրցումի մէջ իրենց կատարած դերը։ Ուսուցիչները սահիկներով եւ լուսանկարներով ներկայացուցին իրենց բնակավայրերու հայկական կեանքը։ Ուստի Ուրուկուայի հայկական գաղութի մասին լսեցնիք Մոնթէվիտէօ քաղաքի մէջ 1880-ական թուականներուն հաստատուած հայերու պատմութիւնը, քաղաքի հայկական դպրոցները, եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ լատինական երկրի մը մէջ ապրող այդ 4-րդ սերունդի հայորդիներու հայապահպանման եւ հայախօսութեան ներկայ հարցերը։ Հաւիէր Փոլատեանը բացատրեց, թէ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը քաղաքի մէջ ունի դպրոց, բայց այդ դպրոցի աշակերտութեան մեծամասնութիւնը ոչ-հայեր են, իսկ աշակերները եւ գաղութի բոլոր հայերը առհասարակ սպանախս են։ Ան ըսաւ, թէ հայախօսութիւնը արդէն սերունդ մը առաջ դադրած էր։ Իսկ երբ Հայաստանը կը խօսէր, բոլորս զարմանալով լսեցինք, թէ գրական եւ արհեստագիտական ի՚նչ բացառիկ յաջողութիւններ կ’արձանագրուին Արմաւիր մարզի Պաղրամեան անուն փոքրիկ գիւղի մէջ։
Ապա, տաղանդաւոր երկու աշակերտուհիները կատարեցին իրենց պատկերազարդ ներկայացումը, որուն նիւթն էր՝ «Ի՞նչ կը նշանակէ սփիւռքահայ կամ վերապրողի զաւակ ըլլալ»։ Լուսիանան ունկնդիր աշակերտներուն բացատրեց, թէ ինքը Ատլանտեան ովկիանոսի ափերուն Սիլվա Կապուտիկեանի, Վահան Թէքէեանի եւ Մուշեղ Իշխանի հայրենասիրական բանաստեղծութիւններու մէջ գտած է ապաստան, խաղաղութիւն եւ զօրութիւն։ Ըստ անոր հայոց մայրենին փարոս մըն է սփիւռքի հայորդիներու համար։ Լուսիանան աւելցուց նաեւ, թէ ձուլումի դէմ դիմանալը արուեստ մըն է, եւ արուեստը ցուլումի դէմ զէնք մըն է։ Ան մրցումին պատրաստուելու համար նախ կատարած է պատմական ուսումնասիրութիւնը, տուեալները դասաւորած, ապա սկսած է իր թուղթը գրի առնել։ Որպէս շատ կազմակերպուած աշակերտուհի ան զգացեր է, թէ անկասկած կը շահի մրցումը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ իր ուսուցչուհիին, որ զինք քաջալերած է եւ սորուեցուցած է, թէ պատմական ուսումնասիրութիւն մը ինչպէ՚ս կը կատարուի եւ վերլուծական թուղթ մը ինչպէ՚ս գրի կ’առնուի։
Իր կարգին, Ռուզաննան, իր զեկոյցին սկսաւ Ղարս քաղաքէն գաղթած իր մեծհօր յաճախ մրմնջած մէկ խօսքով. «Անի քաղաք, որքան մօտիկ ես, բայց նոյնքան ալ հեռու եւ անմատչելի»։ Ռուզաննան, բացատրեց, թէ այդ խօսքը իր մանկութենէն ի վեր եղած է անմեկնաբանելի, խորհրդաւոր եւ անհանգստացնող։ Բայց, օր մը երբ աղջնակը սկսեր է ճեմել Արաքս գետի ափին՝ փշաթելերու եւ զինուորական աշտարակներու մէջէն նկատեր է քնացող Անին, իսկոյն հասկցեր է, թէ ի՚նչ իմաստ ունի մեծհօր խօսքը. «Մօտիկ, բայց անմատչելի եւ հեռաւոր…»։ Այդ օր աղջիկը վերադարձեր է գիւղ, մտեր է տուն, սկսեր է ընտանիքի դարաւոր պատմութիւնները պեղել։ Այդ որոնումի եւ աշխատանքի արդիւնքն էր իր յաղթական թուղթը։ Ռուզաննան ըսաւ, թէ ինքը ունի կեանք, որովհետեւ իր նախնիները որոշեր են ապրիլ, նոր գիւղ, նոր տուն շինել եւ ամուր կապուիլ հողին։ Ան բացատրեց նաեւ, թէ իր պատմութեան ուսուցչուհիի շնորհիւ է, որ յաջողած է այդ մրցումի մէջ։ Գիւղի մէջ, աւարտեց ան, այժմ ամէն աշակերտ ունի համակարգիչ եւ խոր սէր կայ տեղական պատմութիւնը ուսումնասիրելու եւ զայն արձանագրելու։
Հայկական ճեմարանի աշակերտները հիացումով լսեցին իրենց տարեկիցներու պատմութիւնները։ Ապա, իրենք ալ ներշնչուած՝ խոստացան փորել եւ լոյս աշխարհ հանել իրենց նախնիներու պատմութիւնը, որոնք ընտանիքի մեծերու յիշողութեան մէջ թաղուած կամ մրոտած կը մնան։ Ճեմարանի սաները հիւր աշակերտներուն ներկայացուցին Լոս Անճելըս քաղաքի, Փասատենա քաղաքի եւ Հայկական Ճեմարանի հայկական կեանքը, մամուլը, դպրոցները, հոգեւոր կեանքը, ինչպէս նաեւ մարզական խաղերը, հայկական հրապարակային տօնակատարութիւնները, եւ այլն։ Աւարտին, անոնք ծաղկեփունջեր նուիրեցին հիւրերուն, լուսանկարուեցան անոնց հետ եւ խոստացան զիրար նորէն տեսնելու առիթներ ստեղծել։ Ապա, բոլոր աշակերտները միաշունչ արտասանեցին ղարս քաղաքի զաւակ, բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» հայրենասիրական քերթուածը։
Հիւրերու խումբը իրենց Լոս Անճելըս կեցութեան հինգ օրերու ընթացքին այցելեց ամերիկահայ բազմաթիւ հաստատութիւններ, թանգարաններ եւ կրթական հաստատութիւններ։ Անոնք ծանօթացան գաղութիւ երեւելի անձերու, յատկապէս քաղաքական դէմքերու հետ։ Այդ հանդիպումներու ընթացքին անոնք գաղափարներու եւ փորձառութիւններու փոխանակումներ ունեցան եւ պայմանաւորուեցան իրենց հաղորդակցութեան կապերը ամուր պահել։
Լուսիանայի եւ Ռուզաննայի յաղթանակած մրցումը Ուրուկուայի մէջ ծնունդ առած գաղափար է։ Երկրի կրթական նախարարութիւնը պետական մակարդակով կ’աջակցի անոր։ Երկրի հանրակրթական բոլոր դպրոցները կը մասնացին այդ հեղինակաւոր մրցումին, որուն նպատակն է պատանիներուն Հայկական ցեղասպանութեան դաստիարակութիւն տալ։ Կառավարութիւնը նաեւ որոշած է մրցումի լաւագոյն 10 ուսումնասիրութիւն-յօդուածը հրատարակել։ Այժմ, Հայաստանի մէջ ալ կը կատարուի նոյն մրցումը, որուն աջակցողն է Ծիծեռնակաբերդի Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարան Հիմնարկը։ Իսկ Լոս Անճելսըի մէջ մրցումը կը քաջալերէ Ցեղասպանութեան Դաստիարակութեան Ծրագիրը։ Երեք կազմակերպութիւններու նպատակն է հայկական ցեղասպանութիւնը դպրոցներու դասաւանդման ծրագրի մէջ տեղադրել, դասագիրքեր հրատարակել կամ պատմութեան տեղական դասագիրքերու մէջ Հայկական ցեղասպանութեան պատմութիւնը տեղադրել որպէս ինքնուրոյն դաս՝ հետեւելով մանկավարժական սկզբունքները։
Պլեր դպրոցի Հայկական Ճեմարանը, Ամերիկեան պետական հանրակրթական դպրոցի մէջ հայ թէ օտար աշակերտներուն հայեցի դաստիարակութիւն տուող բաժանմունք է։ Հայկական Ճեմարան յաճախող աշակերտները կը սորվին հայոց լեզուն, գրականութիւնը, պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ հայկական պարեր, երգեր, կը տօնեն հայկական ազգային եւ կրօնական բազմաթիւ տօները։




