Ափսոսալու կարիք չկայ։ Հայրենի երկրի մայրաքաղաքը, միշտ ունի տօնական տրամադրութիւն, որ բախտաւոր կը դարձնէ իւրաքանչիւր այցելու, պայմանաւոր որ անհատը իր մէջ ունենայ համապատասխան ներուժ։
Մենք ալ բախտաւորուեցանք վայելելով քաղաքամայր Երեւանի հիմնադրութեան 2808-ամեակը։
Երեւանի տարեդարձին ծանօթացած ենք առաջին անգամ լսելով Ատիս Հարմանտեանի «Իմ դարաւոր Էրեբունի, ճահել ես այնքան, 2750 տարեկան» խօսքերով սկսող երգը։ Ապա վայելած էինք 2750 ցայտաղբիւրներով օժտուած այգիի յայտնութիւնը Հանրապետութեան Հրապարակի անմիջապէս կողքին։
Վրայ հասած էր ամբողջ հայաշխարհը ալեկոծող «Երեւան- Էրեբունի» երգը։
Ակնթարթի մէջ այս բոլոր յիշատակները տողանցեցին մտքիս մէջ, երբ յանկարծ Փուշքինի պողոտայի վրայ երկյարկանի հանրաշարժը կանգ առաւ կարմիր լոյսի պատճառաւ։ Հրաշալի տրամադրութիւն մըն էր, այդ հանրաշարժէն հնչող բարձրաձայն պարային երաժշտութիւնը, որուն ընկերակցութեամբ կը պարէին հանրաշարժի բաց տարածքը ամբողջովին զբաղեցնող երկսեռ երիտասարդութիւնը։ Կարելի չէր անհաղորդ մնալ այդ ուրախութեան, արդարեւ մենք ալ մայթին վրայ սկսանք պարել ոգեւորիչ երաժշտութեան ելեւէջներով։ Ահաւասիկ քաղաքը գրկած էր մեզ բոլորս։ Պերլինաբնակ թուրք ամուսիններ, պոլսաբնակ հայեր եւ իրենց ընկերակցող մահմետականացած հայեր։
Կաղապարուած մտքերուն դժուար բացատրելի պատկեր մըն էր գոյացածը։ Հայը ինչպէ՞ս ընկալէր թէ թուրքի հետ նոյն ուրախ տրամադրութիւնը պիտի բաժնէ իր հայրենի երկրի մայրաքաղաքին մայթերուն վրայ։ Սա ընկալելու համար միայն մէկ բան անհրաժեշտ է՝ կոտրել կարծրատիպերը։
Մեր բարեկամները շատ բարձր տպաւորուած են ոչ միայն քաղաքի, կենսունակութենէն, շքեղութենէն, արդիականութենէն, քան մարդկանց հարազատութենէն։
Ընդամէնը հազիւ մէկ շաբաթուայ տուրիստական այցելութիւն մըն է մեր կատարածը, որ իր կարգին ընկերագիտական նոր փորձի մը առիթ ստեղծած է նաեւ։ Յիշելով ճարտարագիտական երկիր Հայաստանի թէ Խորհրդային տարիները՝ թէ անցումային խաւարի օրերը անգործութեան դատապարտուած, թալանուած ու լքուած գործարանները, այսօր զարմանքով կը դիտենք այս երկրի մէջ աշխատանք ճարելու համար փութացած օտարերկրացիները։ Մանաւանդ յիշելով թէ աշխատանքը կորսնցուցած բազմաթիւ հայեր, ցրուած են աշխարհի տարբեր երկիրներ, ստանձնած բազում դժուար աշխատանքներ, մի բուռ հացի սիրոյն։
Այդ «մի բուռ հաց» կտրուկ արտայայտութիւնը իր մէջ կը բովանդակէ նաեւ բազում երեսակներ։ Սպառելու աւելի շատ միջոցներ, աւելի փարթամ կանքի մը կողմնակի մասնակիցը դառնալու հնարաւորութիւններ եւ այլն։
Ինչ լաւ է տեսնել թէ Հայաստանը այդ կարծեցեալ զտարիւն դիմագիծը կորսնցուցած է եւ դարձած բազմերանգ մշակոյթներու, լեզուներու, բարքերու խաչմերուկ։ Համաշխարհայնացում կոչուածի յստակ պատկեր մըն է, որ կը տիրէ եթէ ո՛չ ամբողջ Հայաստանի, յատկապէս Երեւանի եւ մանաւանդ ալ կեդրոնական հատուածի մէջ։
Այս տողերը կը գրենք Միսակ Մանուշեանի անուան զբօսայգիի հարեւանութեամբ, դիտելով ապագայ սերունդի մանկութիւնը, որ ուրախ կը ճօճուի այգիի օրօրոցներու վրայ երաշխաւորելով վաղուայ հանդէպ մեր հաւատքը ու վստահութիւնը։


