Գաղթ ու գաղթական բառերը, լիբանանեան լրատուամիջոցներէն հնչած իրենց արաբերէն տարբերակներով ու մտքիս մէջ հայկական լրագիրներէն սորված մայրենի իմաստներով, միշտ առնչած եմ հաւաքականութեան մը վրայ պատերազմի ու ռմբակոծման ձգած արհաւիրքին։ Տարիներ ետք սակայն, գաղթը, այլակերպուած, թակեց մեր փոքրիկ դուռը եւս։ Ես ուրկէ՞ գիտնայի, որ գաղթը ընդհանրապէս դուրս չէր ելած մեր տունէն թակած ըլլալու համար եւ թէ գոյութիւնս գաղթի եւ տարագրութեան արտադրութիւն է։ Բայց մեր տան դուռը թակած գաղթը միամիտի մը համար կարելի է սեպել «խաղաղ օրերու գաղթ»։ Բնականաբար այդպիսի բան չկայ. պարզապէս ըսել ուզածս այն է, որ անիկա մանկութեան տարիներուս ըմբռնած գաղթը չէր։
Լիբանան ծնած-մեծցածներուս մեծամասնութիւնը կ՚ապրինք գաղթելու տեսլականով. տեսլական եւ ոչ՝ երազ, որովհետեւ գաղթելը կեանքի գերագոյն նպատակ դարձած է՝ խուսափելու համար «ի սկզբանէ» Լիբանանի տարածքին պարտադրուած անապահով կացութեան։ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ուսանողութեանս առաջին օրուան ծանօթացման ծրագիրին, երբ նորեկներս հաւաքուած էինք սրահի մը մէջ, ղեկավարը խնդրեց, որ երկքաղաքացիութիւն ունեցող լիբանանցիները ձեռք բարձրացնեն։ Հաւաքին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, — եթէ ոչ ինձմէ բացի բոլորը, — ձեռք բարձրացուցին այդ պահուն, իսկ իմ ամօթխածութիւնս սկսաւ մտածել, թէ ինչպէ՛ս ես կամ ընտանիքս մինչեւ այն ատեն չէինք ձգտած անոնց նման Ամերիկայի, Եւրոպայի, թէկուզ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք ձգել, որպէսզի եթէ հոս, Լիբանան, բան մը պատահէր, մեզի ալ «մեր դեսպանատունը» իր ապահով երկիրը կը փոխադրէր։ Խորքին մէջ, մտքիս մէջ միշտ ալ ձգտած եմ գաղթել։ Այդ գաղթը ինծի համար ուսումի տիպի էր. հանրածանօթ համոզումը կ՚ըսէ, որ յաջողած ուսումնասէրը մաքիստրոսականի կամ դոկտորականի ուսման շարունակութիւնը պէտք էր Լիբանանէն դուրս կատարէր. մնացողը, նոյնիսկ վերադարձողը, անպայմանօրէն խույ մը ունէր։ Տարիներ առաջ, այս նիւթին շուրջ խօսած ատեն, աշխարհի չորս անկիւնները ապրած բարեկամիս արտայայտուեցայ, որ «ես շատ բան ունիմ հոս կատարելիք։ Հոս Պուրճ Համուտը ինծի պէտք ունի»։ Անոր պատասխանը եղաւ՝ «Դուրս ելլելով շատ աւելի օգտակար կրնաս դառնալ Պուրճ Համուտիդ»։
Մեր փոքրիկ ընտանիքին մէջ աւելի քան տասնամեակ մը առաջ եղբայրս եղաւ առաջին գաղթողը։ Անոր գաղթը գրեթէ ծանր կը կշռէր ծնողքիս վրայ՝ բացի Լիբանանի ընդմիջուող պատերազմական օրերուն կամ երկրի ներքին պառակտումներուն ընթացքին։ Նման ժամանակներուն, ծնողքս յաճախ կը կրկնէր՝ «Լաւ որ տղաս հոս չէ»։ Շատ չանցած Քոյրս ալ գաղթեց՝ իր հետ տանելով մեր տան անդրանիկ պզտլիկ թոռնիկը։ Քրոջս եւ եղբօրս գաղթելը մեր ընտանիքը դրաւ քանի մը ժամանակներու վրայ ապրող գոյացութեան. «հիմա հոն ժամը քանի՞ է» հարցումը անդադար կը հնչէ մեր տան այլեւս խուլ արձագանգ տուող պատերէն։ Մեր տան մէջ սլաքով քալող ժամերը բաժնուած են ժամացոյցի թիւերուն մէջ գոյութիւն ունեցող տարածքներուն հաշիւով. մէյ մը ծնողքս դէպի ետեւ կ՚երթան, մէյ մը առջեւ, մէյ մը կը շուարին ու նորէն կը սկսին, իսկ երբ այլեւս համբերութիւնը հատնի, ինծի կը դիմեն՝ «հիմա հոն ժամը քանի՞ է»։ Զաւակներէն հեռաձայն ստանալու պարագային ալ, ծնողքս կը նստին համացանցի մեքենային ճի՛շդ քովը, որպէսզի յանկարծ ապիկար կապը տկարանալով նեղութեան չմատնէ հաղորդակիցները։ Նկատեցի, որ այս ժամերու հաշիւները բաւական կրճատեցին ծնողքիս համբերութիւնը, մանաւանդ երբ կը ստիպուին շուկայէն անցնող պատահական ծանօթի մը հարցում-կարծիքներուն տոկալ՝ «Ինչպէ՞ս են հոն։ Վստահ աւելի լաւ են։ Էհ ձեզի ե՞րբ պիտի կանչեն իրենց քով։ Չե՞ն գար կոր Լիբանան։ Ինչո՞ւ ինչ կայ որ գան։ Կարեւորը հիմա աւելի լաւ ապագայ կայ իրենց համար։ Գոնէ Լիբանան չեղած ծերութեան թոշակ կայ…» եւ նման այլ բաներ, որոնք մարդու եւ ընտանքի գոյութիւնը կը նուաստացնեն այլոց երեւակայած «լաւ կեանքին»։
Այս երկու գաղթերուն միջեւ անցան նաեւ մտերիմ ընկերներուս եւ բարեկամներուս գաղթը՝ ուսումը արեւմուտքի մէջ շարունակելու թէ՛ փախչելով Լիբանանի ահաւոր կացութենէն։ Կամաց-կամաց յարաբերութիւններս փոխադրուեցան արհեստագիտութեան հարթակներու վրայ։ Տարբեր երկիրներու տարբեր օդերեւոյթներն ու ժամացոյցները խելախօսիս մէկ պաստառը կը գրաւեն։ Պատանի տարիքիս բազմապատկութեան աղիւսակը անգիր ըսելու նման կրնամ անգիր թուել մտերիմներուս ապրած երկիրներու ժամի տարբերութիւնները Լիբանանի հետ։
Տարիքիս գրեթէ կիսուն չափ արդէն կ՚ապրիմ ժամացոյցին հետ։ Օրուան տարբեր ժամերուն բարի լոյսներու կը պատասխանեմ։ Օրուան տարբեր աննշան պահերու յանկարծ յուզիչ կարճ նամակներ կը ստանամ ու կը կիսեմ։ Տարուան ընթացքին երեք առիթներ անհամբեր կը սպասեմ՝ ամառը, Կաղանդը եւ Զատիկը, որովհետեւ տարբեր երկիրներէ օդանաւները ընկերներս Լիբանան պիտի բերեն։ Այս բոլորը կը կատարեմ Լիբանանի մէջ, տակաւին դուրս ելլել չկարողացած Պուրճ Համուտէս, հաւատալով, որ հոս բաներ մը կը կատարեմ համայնքիս օգուտ բերող՝ երբ միւս կողմէ կ՚աշխատիմ իմաստ մը գտնել ժամացոյցին սլաքին ու թիւերուն մէջ բանտարկուած ժամանակայնութիւններէն։
Վստահ չեմ ո՛րն է լաւագոյն կեանքը Լիբանանցիի մը համար. գա՞ղթը դէպի աւելի «ապահով» ու «բարենպաստ» վայրեր, որոնք այլեւս դժուար թէ գոյութիւն ունենան համաշխարհային ներկայ իրավիճակներուն դիմաց, թէ՞ մեր եղած տեղը աւելի լաւ պայմաններ ստեղծելու անյոյս ձգտումը։ Այնումենայնիւ, կրնամ հաստատել, որ ծննդավայրիդ մէջ քրոջմէդ, եղբօրմէդ եւ մտերիմ ընկերներէդ զուրկ մնալով ժամացոյցին հետ ապրիլը անբացատրելի ցաւ մըն է։




