Տարիներ առաջ ընթերցած էին Օրհան Հանչերլիօղլուի «Մտածումի պատմութիւնը» անուն փիլիսոփայական ուսումնասիրութիւնը։ Այդ աշխատութեան մէջ Հանչերլիօղլու կը պատմէր մարդ արարածի աշխարհընկալումը։ Բնութիւնը դիտելով կը տեսնէր իր իշխածները եւ իրեն իշխողները։
խելամանկութեամբ ու ճարպիկութեամբ կրնար ծուղակի բերել իրմէ շատ աւելի հզօր գազանները։
Միւս կողմէ խիստ անզօր էր բնութեան այլ երեւոյթներուն դիմաց։ Կարելի չէր փոթորիկները կանխել, որոտումները կամ կայծակները դադրեցնել։ Այնպէսով ծագեցաւ չաստուածի գաղափարը։ Իշխեց իր տիրապետածներուն եւ գթութիւն պաղատեց իրմէ հզօր ուժերէն։
Այդ պահուն չէր կրնար գիտնալ թէ մարդու դիմաց գոյացած մեծագոյն վնասը նոյնինքն իր կարողութիւններու շահագործումով գոյացած չարիքն է։
Մարդկային պատմութեան մէջ իւրաքանչիւր զարգացում իր հետ բերաւ նաեւ բացասական հետեւանքներ։ Մեր նախնիները իրենց գոյութիւնը պահեցին շնորհիւ որսորդ-հաւաքարար տնտեսութիւն մը վարելով։ Ապա անցան մշտական բնակութեան, գիւղեր, հետզհետէ քաղաքներ կառուցեցին եւ յաջողեցան հողը մշակելով բերք ստանալ։ Սկիզբները իրերու փոխանակումով ընթացող առեւտուրը, դրամանիշի գիւտով անցաւ ուրիշ հանգրուանի մը։ Վերջապէս ճարտարագիտական նոր նուաճում մը արձանագրուեցաւ ի գին բանուոր դասակարգի չարաչար շահագործման։ Այսօր այդ չարաչար կեղեքման ամենալուրջ սպառնալիքը կը քննարկուի COP կրճատումով ներկայացող խորհրդաժողովներու ընթացքին։
Ինչպէս որ ըսինք, իւրաքանչիւր զարգացում իր հետ կը բերէ բացասական հետեւանքներ։
Այս օրերուս այդ հետեւանքներուն ականատես կ՚ըլլանք սիպեր յարձակումներու եղանակով։ Լրահոսը կը փոխանցէ ահռելի թուանշաններ այդ տեսակի յարձակումներու մասին։
Յիշենք թէ համացանցը որքան կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ զբաղեցուց մարդկային յարաբերութիւններու շատ կարեւոր մէկ մասը։
Մկնիկի հպումով համակարգչի վրայ հրահանգներ տալու ունակութիւն չունեցողը, անդամալոյծ կը համարուի։ Զուրկ է հինգ զգայարաններու ընդձեռած բոլոր ընկալումներէն։ Այլեւս նշանակութիւն չունի ձեռքի կարողութիւնները։ Մարդկային դիրքերը այլեւս փոխանցուած են համակարգչի յղումներուն եւ այդ յղումներ կը դասաւորեն կեանքի բոլոր ընթացքները։ Ուղղաթիռներու ելեւէջները, գնացքներու ազդանշանները, միլիոնաւոր բնակիչ ունեցող քաղաքներու ջրամատակարարումը, ուսանողի քննութեան ընթացքին փոխանցած պատասխանները, լեռներու գագաթներուն կատարուած ծառատունկը եւ տակաւին բիւրաւոր կենցաղային նշանակութիւն ունեցող գործողութիւն կը ղեկավարուին համացանցին միջոցով։
Այսքան լայն տարածքի մէջ գործող համակարգը անշուշտ որ պիտի մտածէր շահագործումները կանխելու միջոցներ, որոնք ըստ երեւոյթի անբաւարար կը մնան չարագործ միտքի դիմաց։
Այստեղ պարտինք այդ չարագործ բառը չակերտներու մէջ ընկալելու, քանի որ այդ չարագործ հեքրներուն կը պարտինք ուիկիլիքսի փաստաթուղթերուն բովանդակած միջազգային ահռելի չարագործութեան հրապարակումը նաեւ։
Քանի կեանքի օրեր ունենանք տակաւին կը ծանօթանանք ինչ-ինչ զարգացումներուն եւ անոնց հետեւանքներուն։


