Խոհեր արեւմտահայերէնի ապագային շուրջ
Ցեղասպանութենէ ետք հայերը ցրուելով աշխարհով մէկ, գոյացաւ նաեւ լեզուն պահելու խնդիր մը։ Ամէն սերունդ իր ապրած աշխարհագրական հատուածի պայմաններուն համապատասխան դժուարութիւններ յաղթահարելու փորձին մատնուեցաւ։ Արեւմտահայերէնը կենդանի եւ կենսունակ պահելու համար ծրագիրներ կը մշակուին։ Ներկայ պայմաններուն մէջ արեւելահայերէնը իբրեւ Հայաստանի պետական լեզու, աւելի ապահով դիրքի մէջ է։ Միւս կողմէ սփիւռքի տարածքին գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ, Լիբանանի, առհասարակ Միջին Արեւելքի եւ ամբողջ սփիւռքի մէջ օգտագործուած արեւմտահայերէնը ձուլման հետեւանքով մոռացութեան եւ կորուստի սպառնալիքին տակ կը գտնուի։ Այս մասին զրուցեցինք Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի մեկնած՝ «Զօրակցութիւն Արեւմտահայերէնի» նախագծի գործադիր Անի Կարմիրեանի հետ։