Ծնած է 1953 թ. Դեկտեմբեր 28-ին, Կազզա։ Իր իրաւագիտութեան ուսումը աւարտեց 1977-ին Եգիպտոս, Աղեքսանդրիոյ Համալսարանէն, եւ քիչ ետք բացաւ իր սեփական փաստաբանական գրասենեակը։ 1991-1992 տարիներուն Նիւ Եորքի Գոլումպիա Համալսարանին մէջ հիւր դասախօս հանդիսացաւ։
Իսրայէլի 1967 թուականէն ի վեր տեւող գրաւման տակ գտնուող Կազզայի մէջ, ան պաշտպանեց ռազմական դատարաններու առջեւ դատուող պաղեստինցի քաղաքացիներու գործերը, որոնց մէջ կային նաեւ 12 տարեկան մանուկներ։ Ան այս փորձառութիւնը կը նկարագրէ հետեւեալ բառերով. «Կազզան լուսնի հակառակ երեսին պէս էր. իսրայէլացի գրաւողները չէին ուզեր որ ոեւէ մէկը գիտնայ հոն տեղի ունեցող խոշտանգումները, մահապատիժները, տեղահանութիւնները, աքսորները, տուներու քանդումը, անօրինական բռնագրաւումները, սպանութիւնները, պաշարումները եւ զանգուածային մահապատիժները»։
Իր իրաւագիտական մասնագիտութեան սկիզբէն ի վեր տարած իրաւունքներու պաշտպանութեան աշխատանքը 1977-1990 տարիներուն միջեւ պատճառ եղաւ որ արտասահման մեկնելու իրաւունքը արգիլուի իրմէ եւ իր տունը ու գրասենեակը բազմիցս խուզարկուին։ 1979-ին առաջին անգամ ձերբակալուեցաւ, երեք տարի բանտարկուեցաւ, եւ այս ժամանակահատուածին ենթարկուեցաւ խոշտանգումներու։ 1985-1988 տարիներուն միջեւ եւս հինգ անգամ ձերբակալուեցաւ եւ արգիլուեցաւ իրեն բանտեր այցելել ու դատավարութիւններու հետեւիլ։ Միջազգային Ամնեսթի Ինթերնէշընալը զինքը 1985-ին եւ 1988-ին երկու անգամ հռչակեց Խղճի Բանտարկեալ։
Ան իրաւունքներու խախտումները կը գնահատէր նոյն շրջագիծով՝ առանց նկատի ունենալու թէ ուրկէ կու գան։ 1993-ին Իսրայէլի եւ Պաղէստինի Ազատագրութեան Կազմակերպութեան միջեւ ստորագրուած Օսլոյի Համաձայնագիրները քննադատեց, քանի որ անոնք մարդկային իրաւունքներու երաշխիք չէին պարունակեր. ան նշեց թէ համաձայնագիրը որեւէ շրջանակ չէր տրամադրեր գրաւման աւարտին, պաղէստինցիներու ինքնորոշման իրաւունքին, հաշուետուողականութեան, կամ միջազգային իրաւունքին առնչութեամբ։ Ան նոյն կերպով դատապարտեց 1994-ին այս համաձայնագրով հիմնուած Պաղէստինեան Ազգային Իշխանութեան պետական անվտանգութեան դատարանները։ Այս կեցուածքը 1995-ին պատճառ եղաւ որ ան այս անգամ ձերբակալուի Պաղեստինեան Ազգային Իշխանութեան կողմէ։ Ընդհանուր առմամբ վեց անգամ ձերբակալուած է Իսրայէլի եւ Պաղէստինեան Ազգային Իշխանութեան կողմէ։
1995-ի Ապրիլին հիմնեց Պաղէստինեան Մարդկային Իրաւանց Կեդրոնը եւ ստանձնեց անոր տնօրէնութիւնը։ Կեդրոնը տեղւոյն վրայ կը փաստագրէր մարդկային իրաւունքներու խախտումները, անվճար իրաւական աջակցութիւն կը տրամադրէր տուժածներուն, եւ կրթական աշխատանքներ կը տանէր Կազզայի մէջ։ Կեդրոնին կողմէ պատրաստուած անկախ դաշտային ուսումնասիրութիւնները կ'օգտագործուին որպէս աղբիւր ոչ միայն միջազգային իրաւունքի եւ մարդկային իրաւանց հաստատութիւններու, այլեւ Միացեալ Ազգերու համապատասխան գրասենեակներու, Միջազգային Քրէական Դատարանի, համերաշխութեան խումբերու եւ դիւանագիտական շրջանակներու կողմէ։
Ան եղաւ համընդհանուր իրաւասութեան սկզբունքը Պաղէստինեան գործերու վրայ կիրարկող առաջամարտիկ իրաւաբաններէն մին։ Իր եւրոպացի գործընկերներուն հետ միասին, իսրայէլացի պաշտօնեաներու դէմ դատեր բացաւ Զուիցերիա, Միացեալ Թագաւորութիւն, Հոլանտա, Սպանիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դատարաններուն մէջ։ Այս աւելի քան տասնամեայ ջանքը հանգեցաւ 2021-ին Միջազգային Քրէական Դատարանի Պաղէստինեան հողերու վրայ իրաւասութիւն ունենալուն պաշտօնական ճանաչման։
2011-2018 տարիներուն միջեւ ստանձնեց Արաբական Մարդկային Իրաւանց Կազմակերպութեան Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նախագահութիւնը։ Այս պաշտօնին ընթացքին, ան կրթական ծրագիրներով աջակցեցաւ Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Եմենի մարդկային իրաւանց պաշտպաններուն։ 1980-ական թուականներէն ի վեր կը շարունակէ իր կապը իսրայէլացի իրաւաբաններու եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններու հետ, դիւրացնելով անոնց Կազզայի փախստականներու ճամբարներ կատարած այցելութիւնները։ Այս համագործակցութեան արդիւնքին ան պատրաստեց բազմաթիւ համատեղ զեկոյցներ եւ համընդհանուր իրաւասութեան պարագայի ուսումնասիրութիւններ։
2015 թուականէն ի վեր կը ղեկավարէ մարդկային իրաւանց խախտումներու ենթարկուած պաղէստինցիները ներկայացնող իրաւական խումբը։ Առաջին օրերէն ի վեր՝ ցեղասպանութեան եւ ազգային մաքրման մասին լրատուամիջոցներուն տուած իր յայտարարութիւններուն պատճառով, ան խորհուրդ ստացաւ լքել Կազզան։ 2023 թուականի Հոկտեմբերին, Democracy Now-ին տուած երկօրեայ յատուկ հարցազրոյցէն ետք, իր տունը ռմբակոծուեցաւ։ Ան ողջ մնաց Իսրայէլի օդային յարձակումէն, որ իր տունը հողին հաւասարեցուց, իր ընտանիքին հետ միասին։ Ի դէմ այս բոլորին, միացաւ այն իրաւական խումբին որ 2024 թուականի Յունուար 11-ին Հարաւային Ափրիկէի կողմէ Իսրայէլի դէմ Կազզայի մէջ ցեղասպանութեամբ ամբաստանութեան գործը տարաւ Միջազգային Դատարան։ Իր գրասենեակին ու տան կործանումին, եւ բազմիցս տեղահանուելուն հակառակ, ան չլքեց այս իրաւական հետապնդումը։ Այս կիսադարեայ պայքարը բազմիցս ճանչցուած է մարդկային իրաւանց ասպարէզի առաջատար մրցանակներով։
Կազզայի մէջ մարդկային իրաւանց խախտումները փաստագրելը գործնականապէս անհնարին դարձած պայմաններուն մէջ իսկ իր աշխատանքը շարունակելուն, սպառնալիքներու եւ մեկուսացումի չտրտմելով իշխանութեան դիմաց ճշմարտութիւնը պաշտպանելուն, իրաւունքի գերիշխանութիւնը, արդարութիւնը եւ պատերազմէն տուժած բոլորին արժանապատուութիւնը իր մասնագիտական կեանքին ու բարոյական կեցուածքին առաջնորդող սկզբունքներ ընդունելուն, եւ անպատժելիութեան դիմաց օրէնքը տակաւին գործնական ճամբայ մը ըլլալը ցոյց տալուն համար, 2026 Հրանդ Տինք Միջազգային Մրցանակին դափնեկիրն է Ռաճի Սուրանի։



