Ինչպէս «Ակօս»ի նախորդ թիւով ալ նշած էինք, 15 Սեպտեմբեր թուականը թերթիս հիմնադիր Հրանդ Տինքի ծնունդն է։ 18 տարի է որ Հրանդի ծնունդը կը յիշենք իր անունին ձօնուած մրցանակներու տուչութեան յատուկ հանդէսով։
2009 թուականէն ի վեր, Հրանդ Տինք Հիմնարկը կը ներկայացնէ Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակը Սեպտեմբեր 15-ին։
Սոյն հանդէսը այս տարի ալ կատարուեցաւ Մուհսին Էրթուղրուլ Թատերասրահին մէջ կայացած յատուկ միջոցառումով։ Այդ օր հրապարակուեցաւ 2026-ի մրցանակին արժանացողները։ Դատակազմը 2026-ի մրցանակներուն արժանի գտած էր երկու գործիչներ՝ մէկը Թուրքիայէն եւ միւսն ալ արտասահմանեան երկիրներէն։
Թուրքիայէն մրցանակին արժանի գտնուող անունն էր Սիւհէյլա Տողան, որ իր կեանքի կարեւոր մէկ հատուածը նուիրած էր բնապահպանութեան պայքարի։ Արդարեւ Տողան մրցանակը ստանալէն ետք նկարագրեց այդ պայքարը, որու հետեւանքով յաճախ հարկադրուած էր դատարան ներկայանալու իր անմեղութիւնը պաշտպանելու համար։
Միջազգային ընտրանիի յաղթողն էր պաղէստինցի իրաւապաշտպան Ռաճի Սուրանի։ 73 ամեայ Սուրանի շուրջ 50 տարիներ պայքարած էր յատկապէս Կազզայի մէջ իսրայէլեան ճնշումներու դիմաց։ Մրցանակ ստանալէն ետք կատարած ելոյթին Սուրանի նշեց թէ անկարելի է պատկերացնել այդ ճնշումներու ծանրութիւնը, որոնք շատ անգամ կը ներկայանան մարդասպանութեան դէպքերով։ «Այսօր Կազզայի մէջ գործող հիւանդանոց չկայ, գործող դպրոց չկայ, ամբողջովին բացակայ է ըմպելի մաքուր ջուրը եւ իբրեւ թէ քաղաքակիրթ երկիրներ բոլորովին անփոյթ են այս իրողութեան դիմաց»։
Միջոցառումին բացման ճարը արտասանեց Հրանդ Տինք Հիմնարկի նախագահ Ռաքէլ Տինք։ Տիկին Տինք իր ելոյթին մէջ յատկապէս շեշտեց խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը։ «Որքան ալ հիասթափեցնող ըլլայ, յոգնեցուցիչ եւ ձանձրացուցիչ ըլլայ, մենք պիտի շարունակենք խաղաղութեան համար աշխատիլ։ Արդարութեան համար վատնուած բոլոր ջանքերը արժէքաւոր են։ Պատուաբեր են այդ աշխատանքը տանողներուն համար։ Արդարութիւնը պետութեան հիմքը համարող խօսքը Աստուածային բնոյթ ունի։ Ան կը բուժէ սգաւոր, վիրաւոր սիրտերը։ Կը յուսադրէ սպառած ու վհատած սիրտերը։ Վերջապէս լոյսը կը ծագի եւ խաւարը կ՚անհետանայ» ըսաւ Ռաքէլ Տինք։
Ապա բարձրախօսը յանձնուեցաւ Հրանդ Տինքի մենագրութեան հեղինակ Թուպա Չանտարին։
Չանտար ալ իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Հրանդի բուժիչ յատկութեան։ «Երկրի հասարակութիւնը հիւանդ է հարիւր տարիէ աւելի ժամանակի մը ընթացքին։ Այդ հիւանդութեան բուժման գաղտնիքը պիտի ընդօրինակենք Հրանդի վարքով։ Անոր նման անկեղծաբար պիտի դպչինք իրարու վէրքերուն։ Պիտի խօսինք անկեղծօրէն առանց ուրանալու, առանց ժխտելու եւ անցեալի հետ համարձակօրէն առերեսուելով»։
Օրուայ հանդիսավարն էր Շեպնեմ Հասսանիսօկհի, իսկ իրենց երաժշտութիւնով մասնակցեցան Մարալ Այվազ, Արի Պարօքաս, Աննա Սարա Պօղոսեան, Ռաֆֆի Հայրա եւ Սասա Սերափ։
Այս տարուայ մրցանակակիրները պիտի մասնակցին 2027-ի դատակազմին։



