30 տարիներու աւարտին անգամ մը եւս կը զուգորդուին Յիսուսի յարութեան տօնը եւ «Ակօս»ի հիմնադրութեան տարեդարձը։ Ս. Զատկի շարակնոցի մէջ ամենաիմաստուն արտայայտութիւններէն մէկն է «Մահուանբ զմահ կոխեաց»ը, որ կը շարունակուի «Եւ յայրութեամբն իւրոյ մեզ զկեանս պարգեւեաց» բառերով։
Մահով տիրանալ անմահութեան։ Այս է սոյն շարականի պատգամը։ Յիսուս Քրիստոս 33 տարեկան էր, երբ բազում չարչարանքներէ ետք խաչափայտի վրայ աւանդեց իր հոգին։
Ետին մնաց ոգի մը, որ կենդանութիւնը. Կը պահէ «Աստուած սէր է» բնաբանով։
Դարերու հոլովոյթով հալածուեցաւ այդ բնաբանը, երբ իբրեւ թէ զայն խնայելու կոչուած հոգեւորականներ խաչակիրներու արշաւներ կազմակերպեցին, հաւատքը տարածելու պատրուակով կողոպտեցին իրենց արշաւած երկիրներու հարստութիւնը։
Այսօր աւելի նուազ չեն նոյն միտումով արշաւներ կազմակերպողները, դարձեալ պատրուակելով կրօնի թելադրանքները։
Ի դէմ այս բոլորին «Ակօս» կը թեւակուխէ տարի մը եւս, խոստանալով հաւատարիմ մնալ «Աստուած սէր է» բնաբանին եւ գործել այս հաստատութեամբ յարիր կերպով։
Ուրեմն օրացոյցը պարգեւեց այն առիթը, որ նոյն օր աւետենք «Քրիստոս Յարիաւ Ի Մեռելոց» եւ «Ծնունդդ Շնորհաւոր՝ Ակօս»։
Պարտական ենք մեզ զկեանս պարգեւողին, թէ իբրեւ համաշխարհային քրիստոնէութիւն ու թէ «Ակօս»ի այժմու անձնակազմ եւ համաձն ընթերցողներ։



