4Ro Photos լուսանկարչական միաւորումը կը ներկայանայ ցուցահանդէսով մը, որ պիտի կայանայ Ամիտայի մէջ։
Միջագետքի բազմաշերտ մշակութային ժառանգէն ազդուած խմբակի անդամները յիշողութեան, գաղթի, ինքնութեան նման նիւթերով կը պատրաստուին հանդիպիլ արուեստասէր հասարակութեան հետ։
Խմբակը կը կարեւորէ արուեստական ստեղծագործութիւնը, իրողութեան հասանելու մարմաջը եւ լուսանկարչութիւնը կը գնահատէ իբրեւ այս նիւթերու մասին պատմելու միջոց։
Ցուցահանդէսի մասնակից ութը լուսանկարիչները ճիշդ ալ այս նախապատւութեան հաւատարիմ մնալով Համշէնի գիւղերէն Իրանի հասարակական կեանքի, Աֆղանստանէն Եւրոպա երկարող գաղթի ճանապարհներու, սուրիաբնակ Տոմ գաղթականներու անտեսուած ապրումներուն, Շաբաթօրեայ Մայրերու արդարութեան պայքարին ծաւալող նիւթերով կազմած են ցուցահանդէսի բովանդակութիւնը։
Իւրաքանչիւր լուսանկար իր առանձնայատկութեան մէջ պահած նշանակութեան կողքին, իբրեւ ամբողջական պատգամ կը ներկայացնէ մարդկային համամշխարհային պատում մը։
Ցուցահանդէսի մասնակիցներն են Ֆաթմա Չելիք, Թիւրքան Քըլըչ Փընար, Պերճ Արապեան, Փաշա Իմրեք, Ռեֆիք Թեքին, Մեթյու Չազալ եւ Էնսար Էօզտեմիր։
Ցուցահանդէսի բացումը կը կայանայ 6 Յունիս շաբաթ օր, ժամը 18.30-ին, Չանտ Ամէտ ցուցասրահի մէջ եւ այցելուներ կը հիւրընկալէ ամբողջ ամսուայ մը տեւողութեամբ։



