Ատրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը երէկ յայտարարեց. «Ատրպէյճան այսօր կը սկսի նաւթամթերքի Հայաստան արտածումը»։
ԱՓԱ-ի փոխանցումով, 28 նոյեմբերին Գաբալայի մէջ երկու երկիրներու փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆայեւի հանդիպումի ժամանակ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիմամբ՝ «այսօր Հայաստան պիտի ուղարկուի 22 վակոն պենզին, որ արտադրուած է ՍՈՔԱՐ ընկերութեան կողմէ»։
Ըստ լրատուամիջոցի, պենզին պիտի վաճառուի միջազգային շուկայական գիներուն համապատասխան գիներով։
Ազդակ



