(Կայացած է՝ Երեւան: 8-9 Հոկտեմբեր. 2026 թուականին)
Հայաստանի Ազգային Գրադարանի մէջ տեղի ունեցաւ «Ժառանգութեան պահպանութիւն յանուն կայուն ապագայի» խորագրով միջազգային գիտաժողովը՝ նուիրուած Ոսկան Երեւանցու տպագրած առաջին հայերէն Աստուածաշունչի հրատարակութեան 360-ամեակին։ Գիտաժողովը համախմբած է մշակութային ժառանգութեան պահպանութեանը միտուած ոլորտներու մասնագէտներու՝ քննարկելու ազգային եւ տպագիր ժառանգութեան պահպանութեան, ուսումնասիրման, հանրահռչակման ու ապագայ սերունդներուն փոխանցման արդի խնդիրները։ Գիտաժողովի երկօրեայ ծրագիրն կ՚ընդգրկէր մշակութային եւ ազգային ժառանգութեան պահպանութեան ու հանրահռչակման, մասնագիտական զարգացման ու կառավարման, ժառանգութեան թուային վերափոխումը, ինչպէս նաեւ փաստաթղթերու պահպանութեան ու վերականգման առնչուող թեմաներ։ Առանձին նիստերուն անդրադարձ կատարուեցաւ Աստուածաշունչին՝ որպէս մշակութային ժառանգութեան, սփիւռքի ժառանգութեան պահպանութեան ու հանրահռչակման, ինչպէս նաեւ ազգային եւ տպագիր ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներուն։ Գիտաժողովի շրջանակին կազմակերպուեցան նաեւ մասնագիտական աշխատաժողովներ՝ նուիրուած գրադարանային եւ արխիւային ոլորտներու փորձին ու ժամանակակից գործիքներու կիրառման։ Ծրագրի մէջ ներառուած էր նաեւ թանգարաններու այցելութիւն։
Գիտաժողովին կը մասնակցէր նաեւ «Ակօս»-ի թղթակից Մարի Յովհաննիսեան, որու զեկոյցը՝ ««Ակօս» շաբաթաթերթը՝ որպէս արեւմտահայ մշակութային ժառանգութեան ինստիտուցիոնալ կրող եւ պահպանող» վերնագիրով, նուիրուած է «Ակօս»-ի՝ որպէս արեւմտահայ մշակութային յիշողութեան պահպանման, փոխանցման եւ հանրահռչակման կարեւոր հարթակի դերին։ Զեկոյցի թեման առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան համատեքստի մէջ՝ ընդգծելով մամուլի դերը ոչ միայն որպէս տեղեկատւութեան տարածման միջոցի, այլեւ որպէս համայնքի պատմական յիշողութիւնը, լեզուամշակութային ինքնութիւնը եւ մտաւոր ժառանգութիւնը ամրագրող ու սերունդներուն փոխանցող հաստատութեան։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Մարի Յովհաննիսեանի զեկոյցի սեղմագիրը
«Ակօս» շաբաթաթերթը՝ որպէս արեւմտահայ մշակութային
ժառանգութեան ինստիտուցիոնալ կրող եւ պահպանող
«Մեծարգոյ նախագահող, յարգելի գործընկերներ,
Նախ կը ցանկանամ շնորհակալութիւն յայտնել այս հեղինակաւոր գիտաժողովի կազմակերպիչներուն՝ ազգային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրը գիտական քննարկման առանցքային թեմաներէն մէկը դարձնելու համար։ XXI դարի մշակութային ժառանգութեան ուսումնասիրութիւնը վերաճած է բազմաճիւղ գիտակարգի, որ իր մէջ կը ներառէ պատմութիւնը, մշակութաբանութիւնը, մարդաբանութիւնը, ժառանգագիտութիւնը, լեզուաբանութիւնը, յիշողութեան ուսումնասիրութիւնները եւ մեդիայի տեսութիւնը։ Մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ ժամանակակից պատկերացումները վերջին տասնամեակներուն էական փոփոխութիւններու ենթարկուած է։ Եթէ նախկին ժառանգութիւնը հիմնականին կը նոյնացուէր պատմաճարտարապետական յուշարձաններու, ձեռագրերու կամ թանգարանային հաւաքածուներու հետ, ապա այսօր այն կը դիտարկուի որպէս առաւել լայն հասկացութիւն, որ կ՚ընդգրկէ լեզուն, հաւաքական յիշողութիւնը, մշակութային ինքնութիւնը, բանաւոր եւ գրաւոր աւանդոյթները, ինչպէս նաեւ այն հասարակական կառոյցներն ու հարթակները, որոնց միջոցաւ այդ արժէքները կը պահպանուին եւ կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ։ Այս ընկալման ձեւաւորման գործին շրջադարձային նշանակութիւն ունեցաւ ՈՒՆԵՍՔՕ-ի 2003 թուականի «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան մասին» կոնուենցիան, որ շեշտեց, որ ժառանգութիւնը կը պահպանուի ոչ միայն նիւթական արժէքներու պահպանութիւնով, այլեւ անոնց շարունակական գործածութեան, հանրայնացման եւ փոխանցման միջոցով։
Այս տեսանկիւնէն կը ցանկանանք անդրադառնալ «Ակօս» շաբաթաթերթին՝ առաջարկելով այն դիտարկել ոչ միայն որպէս լրատուամիջոց, այլեւ որպէս արեւմտահայ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման, վերարտադրութեան եւ փոխանցման կարեւորագոյն հարթակ։
«Ակօս» հիմնադրուած է 1996 թուականին Իսթանպուլի մէջ Հրանդ Տինքի նախաձեռնութեամբ։ Թերթի ստեղծման հիմնական նպատակը Թուրքիոյ հայ համայնքի ձայնը հանրային դաշտ հասցնելն էր, սակայն գրեթէ երեք տասնամեակի գործունէութիւնը ցոյց կու տայ, որ անոր առաքելութիւնը զգալիօրէն ընդլայնուած է։ Այսօր «Ակօս»-ը ձեւաւորուած է որպէս լեզուական, մշակութային, պատմական եւ հասարակական նշանակութեան հաստատուն հարթակ, որու գործունէութիւնը վաղուց գերազանցած է դասական մամուլի սահմանները։ Մեր հետազօտութեան հիմնական թեզն այն է, որ «Ակօս»-ը կ՚իրականացնէ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան այնպիսի գործառոյթներ, որոնք սովորաբար վերապահուած են յիշողութեան պահպանմամբ զբաղուող կառոյցներուն՝ թանգարաններուն, արխիւներուն, գրադարաններուն եւ գիտական հաստատութիւններուն։ Այս եզրակացութիւնը հիմնուած է մշակութային յիշողութեան տեսութիւններու՝ Մորիս Հալբվաքսի, Յան Ասմանի եւ Փիեռ Նորայի աշխատութիւններու, ինչպէս նաեւ ժառանգագիտութեան ժամանակակից մօտեցումներու վրայ։ Յան Ասմանը մշակութային յիշողութիւնը կը սահմանէ որպէս այն համակարգ, որու միջոցով հասարակութիւնները կը պահպանեն եւ կը փոխանցեն իրենց պատմական փորձառութիւնը։ Այդ յիշողութիւնը կը գոյատեւէ ոչ միայն նիւթական յուշարձաններու մէջ, այլեւ այն կրողներու միջոցով, որոնք կ՚ապահովեն անոր շարունակական վերարտադրութիւնը։ Մեր համոզումով՝ «Ակօս»-ը մշակութային յիշողութեան պահպանման այդպիսի կարեւոր կրողներէն մէկն է։
Առաջին հերթին՝ ան
կ՚ապահովէ արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը
Արեւմտահայերէնը ՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ կը դասուի վտանգուած լեզուներու շարքին։ Լեզուի պահպանումը հնարաւոր չէ միայն կրթական ծրագրերու միջոցով։ Ան պէտք է գործածուի հասարակական կեանքի, լրագրութեան, մշակոյթի, գիտութեան եւ հանրային հաղորդակցութեան մէջ։ «Ակօս»-ը գրեթէ երեք տասնամեակ շարունակ կը ստեղծէ հէնց այդ լեզուական միջավայրը։ Անոր էջերուն մէջ արեւմտահայերէնը կը ներկայանայ ոչ թէ որպէս պատմական արժէք, այլ որպէս կենդանի գրական լեզու, որը կ՚արձագանգէ ժամանակակից քաղաքական, հասարակական, մշակութային եւ գիտական գործընթացներուն։ Հետեւաբար, թերթի գործունէութիւնը ոչ միայն լեզուական, այլեւ ժառանգապահպանողական նշանակութիւն ունի։
Երկրորդ կարեւոր գործառոյթը համայնքային յիշողութեան
փաստագրումն է
Ամէն շաբաթ թերթի էջերուն կ՚արձանագրուին Թուրքիոյ հայկական համայնքի մշակութային, կրթական, հոգեւոր, հասարակական եւ հանրային կեանքի իրադարձութիւնները։ Ժամանակի ընթացքին այդ հրապարակումները ձեռք կը բերեն սկզբնաղբիւրային արժէք՝ դառնալով Թուրքիոյ հայ համայնքի XXI դարի պատմութեան ուսումնասիրութեան կարեւոր վաւերագրեր։ Այս իմաստով «Ակօս»-ը ոչ միայն կ՚արձանագրէ ներկան, այլեւ կը ձեւաւորէ ապագայի պատմագիտական յիշողութեան փաստական հիմքը՝ ստեղծելով կենդանի արխիւ, որ արժէքաւոր է ինչպէս պատմաբաններու, այնպէս ալ մշակութաբաններու, սոցիոլոկներու եւ մեդիա-հետազօտողներու համար։
Երրորդ կարեւոր գործառոյթը հայկական մշակութային
ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ հասարակական-քաղաքական կեանքի հանրայնացումն է
Վերջին տարիներուն «Ակօս»-ը համակարգուած անդրադարձած է Հայաստանի մշակութային կեանքին, Մատենադարանի գործունէութեան, հայկական ձեռագրական մշակոյթին, ճարտարապետական ժառանգութեանը, միջազգային գիտաժողովներուն, թանգարանային նախաձեռնութիւններուն, մշակութային ծրագրերուն եւ միջազգային համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ հասարակական-քաղաքական կեանքին վերաբերող այլեւայլ իրադարձութիւններուն։ Այս հրապարակումներու շնորհիւ Հայաստանի մշակութային ու հանրային գործընթացները հասանելի կը դառնան Թուրքիոյ հայ համայնքին եւ աշխարհի տարբեր երկրներուն բնակուող հայ ընթերցողներուն։ Այսպէսով կը ձեւաւորուի համահայկական մշակութային հաղորդակցութեան միասնական տարածք, որտեղ Հայաստանի եւ սփիւռքի մշակութային, հասարակական, քաղաքական օրակարգերը մշտապէս հաղորդակցութեան մէջ են։
Չորրորդ կարեւոր
գործառոյթը մշակութային երկխօսութեան խթանումն է
«Ակօս»-ի երկլեզու բնոյթը եզակի երեւոյթ է հայկական մամուլի պատմութեան մէջ։ Թերթը լոյս կը տեսնէ արեւմտահայերէն եւ թրքերէն, ինչը հնարաւորութիւն կու տայ հայկական մշակոյթը, պատմութիւնը եւ արդի իրողութիւնները ներկայացնել ոչ միայն հայ ընթերցողին, այլեւ թուրք հասարակութեան։ Այս իմաստով «Ակօս»-ը հանդէս կու գայ որպէս մշակութային դիւանագիտութեան կարեւոր հարթակ՝ նպաստելով փոխ ճանաչողութեան, երկխօսութեան եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան հանրայնացմանը միջազգային համատեքստ։
Մեր հետազօտութեան առանձնայատկութիւններէն մէկը այն է, որ ան հիմնուած է նաեւ գործնական փորձառութեան վրայ։ Վերջին չորս տարիներու ընթացքին, որպէս «Ակօս» շաբաթաթերթի թղթակից, հնարաւորութիւն ունեցած ենք լուսաբանելու հայկական մշակութային ժառանգութեանը վերաբերող բազմաթիւ միջազգային գիտաժողովներ, գիտական համաժողովներ, թանգարանային ծրագրեր, մշակութային նախաձեռնութիւններ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի հասարակական ու մշակութային կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններ։ Այս փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ մշակութային լրագրութիւնը շատ աւելի լայն գործառոյթ ունի, քան պարզապէս տեղեկատուութեան փոխանցումը։ Մշակութային թեմայով իւրաքանչիւր հրապարակում կը ստեղծէ յիշողութեան նոր շերտ, հարցազրոյցները կը պահպանուին որպէս իրենց ժամանակի վկայութիւններ, իսկ մշակութային ու հասարակական անդրադարձերը ժամանակի ընթացքին կը վերածուին պատմագիտական ուսումնասիրութիւններու արժէքաւոր աղբիւրներու։ Այսպէսով, լրագրողը հանդէս կու գայ ոչ միայն որպէս տեղեկատուութեան փոխանցող, այլեւ որպէս մշակութային յիշողութեան պահպանման եւ հանրայնացման գործընթացի մասնակից։ Այս դիտարկումը յատկապէս կարեւոր է ազգային փոքրամասնութիւններու մամուլի պարագային, որտեղ իւրաքանչիւր հրապարակում ունի ոչ միայն լրագրողական, այլեւ մշակութային, հասարակական եւ պատմական նշանակութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ, «Ակօս»-ը պէտք է դիտարկել նաեւ որպէս հայկական հասարակական-քաղաքական յիշողութեան շարունակական արխիւ։ Որպէս հասարակական-քաղաքական շաբաթաթերթ՝ ան ոչ միայն կը փաստագրէ իր ժամանակի իրադարձութիւնները, այլեւ կը ձեւաւորէ անոնց հանրային մեկնաբանութիւնը, կ՚ընտրէ պատմական յիշողութեան մէջ պահպանուող թեմաները եւ կը նպաստէ ազգային ինքնութեան շարունակական վերաիմաստաւորմանը։ Թերթի էջերուն կ՚արտացոլուին ոչ միայն համայնքի ներքին զարգացումները, այլեւ հայութեան վերաբերող պետական քաղաքականութիւնները, քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերը, յիշողութեան քաղաքականութեան դրսեւորումները, հասարակական քննարկումները եւ միջ մշակութային յարաբերութիւնները։ Այդպէսով, «Ակօս»-ը կը ձեւաւորուի հասարակական-քաղաքական յիշողութեան փաստագրական տարածք։ Ուստի կը կարծենք, որ ժառանգագիտութեան ժամանակակից ուսումնասիրութիւնները մամուլը եւս պէտք է դիտարկուի որպէս մշակութային ժառանգութեան պահպանման ինքնուրոյն դերակատար։
Այսպէսով, «Ակօս»-ի շուրջ երեք տասնամեակի գործունէութիւնը կը վկայէ, որ մամուլի նշանակութիւնը չի սահմանափակուիր ժամանակի իրադարձութիւններու լուսաբանումով։ Ան կրնայ ձեւաւորել երկարաժամկէտ արժէք ունեցող մտաւոր եւ հասարակական տարածք, որու միջոցաւ համայնքի ինքնընկալումը, պատմական փորձառութիւնը եւ մշակութային ներկայութիւնը կը շարունակեն մնալ հանրային շրջանառութեան մէջ։ Այս տեսանկիւնէն «Ակօս»-ը կարելի է դիտարկել որպէս այն եզակի կառոյցներէն մէկը, որու գործունէութիւնը ժամանակի ընթացքին վերածուած է ոչ միայն մամուլի պատմութեան, այլեւ արեւմտահայ մշակութային կեանքի ուսումնասիրութեան կարեւոր նիւթի։
Շնորհակալութիւն ուշադրութեան համար»։



