Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութիւնը կը հրաւիրէ համայնքի անդամները, լրագրողներն ու բոլոր հետաքրքրուած հիւրերը, ներկայ գտնուելու Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան 30-ամեակի ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ միութեան կեդրոնատեղիին մէջ՝ Կիրակի, Օգոստոս 2ին երեկոյեան ժամը 6-էն սկսեալ։ Հասցէ՝ 19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306։
«Ակօս» երկլեզու շաբաթաթերթը, որ տասնամեակներ շարունակ հանդիսացած է հայ համայնքի հարազատ ձայնն ու անկախ լրատուութեան դրօշակակիրը, երեք տասնամեակ շարունակ անխոնջ կերպով ծառայած է որպէս ճշմարտութեան, մշակութային պահպանման եւ ազատ արտայայտութեան ամուր պատուար, հայ կեանքէն ներս ստեղծելով ուրոյն հարթակ մը։ «Ակօս» շաբաթաթերթը յաջողեցաւ կամուրջ հանդիսանալ սփիւռքի, հայրենիքի եւ տեղական համայնքներուն միջեւ՝ արծարծելով հանրային, քաղաքական, մշակութային եւ ազգային կարեւորագոյն հարցեր», կը նշեն կազմակերպիչները։



