«Բարեկամութիւնը ժամացոյցի
կը նմանի, միշտ լարել պէտք է
զայն՝ բանեցնելու համար»:
Յակոբ Պարոնեան
Յատուկ ակնոցի կարիք չկայ տեսնելու, ընդիմադիր մամուլը լայնօրէն կ'ահազանգէ՝ թէ ինչպէս վերջին քաղաքական իրադարձութիւններու պատճառով, այլեւս եղբայրական չեն հայ-ռուսական յարաբերութիւնները, անոնք հեռու են նախկինը ըլլալէ՝ մեղմ ասած պաղ լարուածութիւն գոյացած է իրար հանդէպ եւ ցաւօք՝ այն կարող է խորանալ «Հորիզոն» Մայիս 12, 2026-ը կ՝ահազանգէ, թէ «Այսպէս սկսաւ ամէն ինչ Ուքրանիոյ մէջ», վկայակոչելով ռուս քաղաքական գործիչներու մամլոյ ելոյթները եւ գաղտնիք չէ, որ վերջին Փութին-Փաշինեան հանդիպումը ջերմ մթնոլորտով չէր, որ տեղի ունեցաւ։
Աւելորդ չէ պատմական որոշ դրուագներ յիշեցնել՝ ի գիտութիւն ընթերցողներուն, որ դարեր շարունակ հարաւ կովկասեան տարածաշրջանը Պարսկաստանին ենթակայ էր եւ միայն 1831 թուականի ռուս-պարսկական պատերազմի յաղթանակով ան դարձաւ Ռուսիոյ ծայրագոյն գաւառ։ Յիշենք Խաչատուր Աբովեանի գրութիւնը.- «Օրհնեալ լինի այն օրը, երբ ռուսը ոտք դրեց մեր հողի վրայ»։
1918-ի Ա. Հանրապետութեան կարճատեւ անկախութեան տապալումով էր, որ ան դարձաւ համայնավար բռնի համակարգի անդամ մինչեւ 1991-ի սեպտեմբերին անկախութեան հռչակումը։
Նոր դարի սկիզբն էր եւ պիտի կարողանայինք մեր ճաշակին համահունչ հայրենիք եւ պետականութիւն ստեղծել, սակայն երեւոյթները այլ ընթացք ունեցան եւ արկածախնդիրներ պետական աթոռներու տիրանալով՝ երկրի ուղեգիծը խաթարեցին։ Այսօր ունինք այն ինչ ստեղծեցինք, զանց չառնելով մեր ժառանգական հարեւանները։
Արդի պայմաններուն բազում են մեր ազգակիցները հարց հնչեցնելով, թէ մայիս ամսուն ՀՀ կողմէ հրաւիրուած՝ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած գագաթնաժողովի մասնակիցները Էմանուէլ Մաքրոնի մասնակցութեամբ, ելոյթներ ունեցան քաջալերելով ՀՀ Եւրոմիութեան անդամակցելու վերաբերեալ, սակայն անոնց կողքին էր նաեւ Վլոտիմիր Զելինսկին, որ առիթը յարմար գտնելով, ամէն տեսակի լուտանքներ հնչեցուց Ռուսիոյ մասին, որ չմնաց առանց ուշադրութեան արժանանալու Մոսկուայի կողմէ՝ ի վնաս ՀՀ-ի։
Աներկբայ է, որ Զելինսկիի ներկայութիւնը թելադրուած է եւրոպացիներու կողմէ, բայց մեր իշխանութիւնը, ցաւօք, սխալմամբ է այն ընդունած, քանզի կատաղած արջի հետ խաղալը բազմիցս անխոհեմ ու անպարկեշտ է նկատի ունենալով հետեւանքները։
Կենդանի օրինակը հէնց Ուկրաինայի մէջ տարիներ տեւող բախումներն են, որ անյայտ է թէ որու համար են օգտաւէտ, որմէ խուսափելը կ’ըլլար ճիշդ եւ իմաստուն։
Ռուս որոշ պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ մամուլը տարբեր առիթներով չեն վարանիր յայտարարելու, թէ՝ Ռուսիան եւ ՀՀ ունին ջերմ, մտերիմ յարաբերութիւններ, շեշտելով նաեւ որ Ռուսիոյ մէջ բնակող հայերու թիւը գրեթէ հաւասար է ՀՀ-ի բնակչութեանը եւ կը զբաղեցնեն տարբեր պաշտօններ, կ՚ընտրուին պատգամաւոր՝ միաժամանակ աջակցելով իրենց հարազատներուն։
Ըստ պաշտօնական յայտարարութիւններու Ռուսիան իր յարաբերութիւնները այլ երկիրներու հետ կը կառուցէ բարեկամութեան, փոխշահաւէտ համագործակցութեան եւ ներքին գործերուն չմիջամտելու սկզբունքներով (դարուս մեծագոյն սուտը «Կ») նշելով, որ Պետական տուման պիտի շարունակէ աշխատիլ հայ-ռուսական բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ։ Փորձենք հաւատալ։
Խելամտութիւնը եւ պարկեշտութիւնը կը պահանջեն լրջօրէն խորհրդակցիլ եւ բացառել շտապ կողմնորոշում ընդունելու տարբերակը, քանզի ստոյգ խնդիրներու դէմ դիմաց ենք՝ դեմոկլեան թուրը կախուած մեր գլխուն որու հետեւանքները կարող են խիստ աւերիչ ըլլալ։



