Իսրայէլական Channel 13-ի լրագրող Եոսի Էլին X-ի իր էջին վրայ յայտնած է, որ Ուիլիըմ անունով տղան Երուսաղէմի Մամիլա թաղամասին մօտ հեծանիւ կը քշէր՝ ականջակալներով երաժշտութիւն լսելով։ Լրագրողին հաղորդմամբ՝ խումբ մը երիտասարդներ սպառնալիքներով մօտեցած են երեխային եւ պահանջած՝ հանել ականջակալները, ապա անոր ուղղութեամբ պղպեղի սփրէյ ցանած են։
Լրագրողը հրապարակած է նաեւ տեսագրութիւններ, որոնց մէջ երեխան շտապօգնութեան ինքնաշարժին մէջ բժշկական օգնութիւն կը ստանայ։ Ան յարձակողները ներկայացուցած է որպէս հրեայ ծայրայեղականներ։
Լրագրողին տեղեկութիւններով՝ ասիկա երեխային նկատմամբ երկրորդ յարձակումն է։ Առաջին դէպքին ժամանակ Ուիլիըմին հետ եղած է հայրը եւ պաշտպանած զայն, իսկ այս անգամ երեխան առանձին եղած է։
Ուիլիըմի մայրը լրագրողին պատմած է, որ դէպքէն ետք որդին դժուարութեամբ կը քնանայ եւ կը վախնայ արտաքինով հրեայ կրօնաւորներու նմանող անձերէ։
Լրագրողը կը պնդէ, որ միջադէպը արձանագրուած է ապահովութեան տեսախցիկներուն կողմէ, սակայն ոստիկանութիւնը գործը փակած է՝ առանց որեւէ մէկը ձերբակալելու։
Թշնամութիւնը սահմանուած չէ անձերով։ Երուսաղէմի մէջ կրօնական հաստատութիւնները եւս յարձակման եւ անարգանքի առարկայ կը դառնան։ 29 Սեպտեմբերին Երուսաղէմի հայկական թաղամասին գտնուող Սուրբ Յակոբ վանքի տարածքին միզելու փորձ կատարած հրեայ տղամարդը բռնուած է նախքան անվտանգութեան հայ աշխատակցի միջամտելը։
Միջադէպքը տեղի ունեցած է Երուսաղէմի Հին քաղաքին գտնուող հայ քրիստոնէական համայնքի եւ անոր սրբավայրերու դէմ ուղղուած շարունակական ոտնձգութիւններու ալիքի շրջանակներուն։
Օգոստոսին վեց հրեայ կրօնական, որոնցմէ հինգը՝ անչափահաս, ձերբակալուած է Սուրբ Յակոբ վանքի մուտքի մօտ թքելու, դարպասներուն հարուածելու եւ համալիրի վրայ քարեր նետելնուն համար։ Սեպտեմբերին Իսրայէլի ոստիկանութիւնը ոստիկաններ տեղակայած է վանքի մօտ՝ փորձելով կանխել թքելու կրկնուող դէպքերը, բայց տեղակայումէն ետք աւելի լուրջ դէպքեր գրանցուած են։
Դէպքերը ունին յարատեւ բնոյթ։ Հրեայ մոլեռանդ հաւատացեալներ ատելութեամբ լեցուն են բոլոր այլադաւաններու նկատմամբ։ Արդարեւ 30 Սեպտեմբերին Երուսաղէմի հայկական կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողքով անցնելու պահուն իսրայէլացի տղամարդ մը եւ կին մը թքած են վանքի ուղղութեամբ։ Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ յայտնած է Երուսաղէմի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Պետիկ Կիրակոսեանը։



