Հիւսիս Ատլանտեան Դաշինքի վերջին համաժողովին մասնակցելու համար Թուրքիա եկած ԱՄՆ նախագահը աւետիս տալու նման յայտարարեց թէ չեղեալ համարած է Իրանի հետ շարունակուող զինադադարը եւ որոշած է ծանր հարուած իջեցնել Միջին Արեւելքի այս կարեւորագոյն երկրին դէմ։
Այդ պահուն թրքական մամուլը ոգեւորուած էր Թրամփի այցելութիւնով եւ արժանի կերպով չէր մեկնաբանած այս յանդուգն յայտարարութիւնը։ Թրամփ անգամ մը եւս ամէն ինչ ներկայացուցած էր իբրեւ իր հեղինակութիւնը եւ առաջ բերած էր «Ես»ը։
Նոր ժամանակներու բաւականին դժուար ընկալելիք երեւոյթներէն մէկն է այս, երբ երկիրներու ղեկավարներ մէկ կողմ կը թողուն պետական քաղաքականութիւնը եւ ամէն ինչ կը բնութագրեն իրենց անձնական կամքով։
Յիշենք որ մօտ անցեալին Թուրքիոյ նախագահն ալ ելոյթի մը ընթացքին արտասանած էր նման բառեր, «ԱՄՆ, ԵՄ եւ անձս համաձայնեցանք նիւթին մէջ» ըսելով։
Այս ելոյթը թէեւ այդ օրերուն բաւականին քննադատուած էր, բայց յայտնի է որ ընդունելութիւն ալ գտած մանաւանդ պատեհապաշտ եւ ամբոխավար քաղաքական գործիչներու բերնին մէջ։
Այդ ըսելէ ետք կրկին բռնկեցաւ իրանեան պատերազմը եւ Թրամփ իւրայատուկ պոռոտախօսութեամբ յայտարարեց թէ սաստիկ պիտի հարուածէ Իրանը։
Թրքական լրատու գործակալութիւնները, այս բոլորին փոխարէն բաւականին զուսպ կը մնան Իրանէն հասնող փոխադարձ յայտարարութիւններու նկատմամբ։ Կը լսենք ամերիկեան յարձակումները, բայց ընդհանրապէս չենք լսեր անոնց տրուած հակահարուածները, որոնք ուժգնութեան առումով երբեք չեն զիջիր ԱՄՆ-ի յարձակումներէն։
Յայտնի է որ խնդիրը պիտի ծաւալի Հորմուզի Նեղուցի հսկողութեան սահմաններով։
Իրան այդ ջրանցքը կ՚ուզէ պահել իր հսկողութեան տակ եւ չարտօնէր որ Անդրատլանտեան գաղութատիրական ուժ մը տիրապետէ այդ տարածքին վրայ։ Այս միտումով ան իր փոխադարձ հարուածները ուղղած է դէպի Ծոցի երկիրներու ամերիկեան խարիսխներուն։
Մօտ անցեալին միջազգային փորձագէտներ եզրակացութեան հասած էին թէ ԱՄՆ-ի, Իրանի դէմ սանձազերծած պատերազմը լուրջ վնաս հասցուցած է ամերիկեան շահերուն։
Սակայն նոր ժամանակներու քաղաքական գործիչներու համար երբեք դիւրին չէ համակերպիլ պարտութեան եւ ետքայլ ընել։ Նոյնիսկ գոյացած մեծ վնասներու, անոնք պիտի շարունակեն հռետորաբանութիւնը, հոգ չէ թէ խաբկանքով, համոզելու համար ներքին լսարանը։
Պատերազմը պիտի շարունակէ այնքան ատեն, որքան որ շահաւէտ է Միջազգային շուկայի հաշւոյն։



