«Associated Press»-ի հրապարակած արդիւնքներուն համաձայն՝ Դեմոկրատները ապահովեցին Ծերակոյտի մէջ մեծամասնութեան համար անհրաժեշտ 52 աթոռները։ Այսպիսով, Թրամփի նախագահութեան երկրորդ շրջանի մնացեալ երկու տարիներուն ընթացքին խորհրդարանի քաղաքական հաշուեկշիռները շրջող կարեւոր արդիւնք մը գոյացաւ։
Միջանկեալ ընտրութիւններուն վերանորոգուեցան Ներկայացուցիչներու Տան 435 աթոռներու բոլորը, իսկ Ծերակոյտի 100 աթոռներէն 35-ը։
Ուշագրաւ է որ ԱՄՆ-ի պահպանողական դիմագիծով յայտնի բազմաթիւ նահանգներու մէջ այս անգամ Դեմոկրատականները յաղթանակ տարին։
Թրամփ գոյացած արդիւնքները տեսնելով փոխեց իր նախկին անզիջող ընթացքը եւ Նիւ Եորք Թայմս թերթի թղթակցին յայտնեց թէ պատրաստ է ընդունելու արդիւնքները եւ աշխատելու Դեմոկրատականներու հետ։ Նաեւ խօսեցաւ փոխզիջման ուղի մը գտնելու մասին։
Այս պահուն հանրային ուշադրութիւնը ուղղուած է հանրապետական դիմագիծով ծանօթ Թեքսասի մէջ նոր նահանգապետին։ Նման անակնկալով Նիւ Մեքսիքոյի մէջ նահանգապետ ընտրուեցաւ ամերիկացի հնդիկ կին՝ Տեպ Հաալանտ։
Միասեռական հակումները բացայայտօրէն հրապարակած Քրիս Փափաս ալ Նիւ Համբշիրի մէջ յաղթանակ տարաւ։
Նախապէս Թեմի Պալտուին Ծերակոյտի անդամ ընտրուած էր ներկայացնելով Ուիսքոնսիը։
Միշիկըն եւս արձանագրեց աննախադէպ երեւոյթ մը ընտրելով մահմետական թեկնածու մը՝ անձին Ապտուլ Էլ-Սայետի։
ԱՄՆ Խորհրդարանի ընտրուած անուններու մէջ յատուկ ուշադրութեան կ՚արժանանայ վիրաբուժ Ադամ Համավի, որ մարդասիրական կամաւոր աշխատութիւն ծաւալած էր Կազզայի մէջ եւ այժմ ընտրուած է Նիւ Ճրզի նահանգը ներկայացնելով։
Ընտրութեան այս արդիւնքներով Ներկայացուցիչներու Տան նահագահական աթոռը կը յանձնուի սեւամորթի մը՝ Հաքիմ Ճեֆրիսի։
Համաշխարհային հասարակութիւնը այժմ հետաքրքիր է թէ ընտրութիւններու արդիւնքները ի՞նչ անդրադարձ կ՚ունենան Թրամփի Իրանի հանդէպ հետզհետէ սրուող ռազմավարութեան վրայ։
Նոյնպէս զանազան մեկնաբանութիւններ կը հնչեն Իսրայէլի եւ առհասարակ Մերձաւոր Արեւելքի հաւանական զարգացումներու շուրջ։ Նկատի ունենալով ԱՄՆ Նախագահ Թրամփի անկանխատեսելի քաղաքական ուղին, վերլուծաբաններ խորհուրդ կու տան զարգացումներու ուղղութիւնը տեսնելու համար որոշ համբերութիւն պահելու։



