Հրատարակութեան թուական: 17 Փետրուար 2026 11:22
 ~ Վերջին թարմացում: 17 Փետրուար 2026 11:33
read.ReadTime

Աբխազիան տեսնել գեղարուեստի ոսպնեակէն

Պատերազմը կործանիչ է, իսկ գեղարուեստը այդ կործանումէն տուժած հասարակութեան համար խաղաղութեան եւ զօրակցութեան միջոցներ կը ստեղծէ։ Աբխազ ժողովուրդն ալ այդ միջոցներով է, որ իր իրողութիւնը կը փորձէ ծանօթացնել համաշխարհային հասարակութեան։ Լուսանկարները այդ ոլորտին մէջ յատուկ նշանակութիւն ունին։ Յետ պատերազմեան 30 տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ եւ Աբխազիոյ միջեւ լուսանկարչական ծրագիրներ մշակող արուեստագէտ մըն է Տենեֆ Հուվաժ։ Իր հետ զրուցեցինք երկրի ներկային մասին։ Աբխազիան ունի շուրջ 250 հազար բնակիչ, որոնց 20 տոկոսը հայեր են։ Կը գործեն հայերէն ուսում ջամբող կրթական հաստատութիւններ։
Պատկերը մեծցնել
Աբխազիան տեսնել գեղարուեստի ոսպնեակէն