Արամ Կիւլյիւզ կը պարգեւատրուի
Յայտնի դարձան Իսթանպուլի շարժանկարի փառատօնի այս տարուայ պատուոյ մրցանակակիրները։ Իսթանպուլի մշակոյթի եւ գեղարուեստի հիմնադրամի կողմէ (İKSV) 6 եւ 17 Ապրիլ 2018 թուականներուն կայանալիք Իսթանպուլի 37-րդ Շարժանկարի փառատօնի առթիւ պատուոյ մրցանակներ պիտի շնորհուին դերասան Փերիհան Սաւաշ, գրող եւ սցենարի հեղինակ Օսման Շահին եւ շարժանկարի բեմադրիչ Արամ Կիւլյիւզին։Իսկ Աթլաս շարժանկարի սրահի տնօրէն Ճեւտեթ Իշքինի պիտի յանձնուի վաստակի մրցանակ։
Մրցանակաբաշխութիւնը պիտի կայանայ 6 Ապրիլ 2018 Ուրբաթ օր փառատօնի հանդիսաւոր բացման արարողութեան պահուն։
Արամ Կիւլյիւզ 1960 թուականին սկսած իր շարժանկարի ոդիսականին մէջ մինչեւ այսօր բեմադրեց 140 ֆիլմեր եւ տիրացաւ նոյն տարուայ մէջ ամենաշատ ֆիլմ նկարող բեմադրիչի կոչումին։

