Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցող ըմբշամարտի Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, յունահռոմէական ոճի մրցումներու ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականի կազմէն Արամայիս Յարութիւնեան (130 քլկ.) դարձաւ ախոյեան, իսկ Սամուէլ Տէրտէրեան (77 քլկ.) դարձաւ արծաթէ մետալակիր, Մանուէլ Խաչատրեան (55 քլկ.)՝ պրոնզէ մետալակիր։



