այէ Պորալըօղլուի պատրաստած «Ազատութիւնը թռչնաթեւին. Պատմուածքներ Հրանդ Տինքի համար» գիրքը Հոկտեմբերի 31-ի շաբաթ օր կը մատուցուի ընթերցասէր հասարակութեան։ Գարին Գարագաշլը, Մուրադհան Մունկան, Սեմա Գայկուսուզ, Այֆեր Դունչ եւ Սելահատտին Տեմիրթաշ ներառող գրողներ համախմբող գիրքը կեդրոնացած է Հրանդ Տինքէն ետք ձեւաւորուած համատեղ յիշողութեան եւ համերաշխութեան վրայ։
Գիրքին կազմի նկարազարդումը պատրաստած է Քեմալ Կէօքհան Կիւրսէս։
Գիրքին մէջ կան Գարին Գարագաշլըի, Մուրադան Մունկանի, Րըտվան Հադունի, Սեմա Քայկուսուզի, Սեվիմ Չիչեգի, Այֆեր Դունչի, Ըրմագ Զիլելիի, Մուրադ Կիւլսոյի, Մելիսա Քեսմեզի, Մուրադ Ույուրգուլագի, Սելահատտին Տեմիրթաշի, Պեհճեդ Չելիքի, Քերեմ Պագըճըի, Պոլադ Էօզլիւօղլուի, Քեամիլ Էրտեմի, Ֆեդհիյէ Չեդինի, Շեպնեմ Իշիկիւզելի, Ֆիկեն Ալքաչի, Այշեկիւլ Տեվեճիօղլուի եւ Էյլեմ Ադայի պատմուածքները։
Գիրքին ներածական գրութեան մէջ Պորալըօղլու կը շեշտէ, թէ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք ձեւաւորուած համատեղ սուգը վերածուեցաւ անձնական պատմութիւններու։ Նշելով, թէ Հրանդը ճանչցողները կամ չճանչցողները իր պատմութեան հետ նոյնացան, Պորալըօղլու կը գրէ, որ այս համատեղ յիշողութիւնը կրնայ նաեւ իր մէջ կրել այնպիսի ապագայի մը կերտման հնարաւորութիւնը, ուր տարբերութիւնները կրնան միասին ապրիլ։


