Պոլսոյ հայաշատ Քուրթուլուշ թաղը իր պատմական անցեալով հետզհետէ աւելի ուշագրաւ դարձած է քաղաքի ամբողջութեան մէջ։ Վերջերս յաճախ համալսարանական աւարտաճառերու նիւթ դարձող թաղը, այդ ուսումնասիրութիւններու շնորհիւ ալ աւելի տեսարժան կը դառնար։ Այս ծիրէն ներս Քուրթուլուշի պատմութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւններով ծանօթ Հիւսէյին Ըրմաք այս երկուշաբթի երեկոյ բանախօսութիւն մը սարքեց նիւթ ունենալով թաղի յոյներուն յատուկ Բաքլախորանի աւանդութիւնը։ Հայոց Բարեկենդանի նման բնոյթով նշուող այս օրը, հարեւանն է հայոց Բարեկենդանին։ Այստեղ եւս կը հանդիպինք դիմակաւոր հանդէսներու եւ զանազաններ թաքցնելով իրենց ինքնութիւնը փողոցներու վրայ երթեր կը կազմեն եւ խնջոյքի պատկերներ կը ստեղծեն։ Այդ աւանդութիւնը 1941-ին արգիլուած է կառավարութեան կողմէ։ Արգելքի իբր պատճառաբանութիւնը ներկայացուցած է հասարակական անվտանգութիւնը։ Իրականութեան մէջ արգելքը պէտք էր ներառէր այդ բնոյթի բոլոր խրախճանքները, բայց սահմանուած մնաց մինակ Քրիստոնէական աւանդութիւններով։
Հիւսէյին Ըրմաք այդ արգելքը հանքամանօրէն մեկնաբանեց երկրի քաղաքական հակումներուն հետ, օրինակ բերելով 20 դասակարգի զինուորագրութիւնը եւ ունեւորութեան տուրքի օրէնքը, որոնք գործադրուած էին այդ նոյն տարիներուն։
Ըրմաք նաեւ յայտնեց թէ Բաքլախորանին ժողովրդական աւանդութիւն մըն է եւ այնքան ալ հաճելի չէ հոգեւորականներու համար։
«Այս առումով Քուրթուլուշ թաղը ունի այլախոհ ջիղ մը, որուն հետքերը կը տեսնենք օրս։ Արդարեւ Մայիս Մէկեան արգիլեալ ցոյցերու ժամանակ ալ, երբ բանուոր եւ ուսանող ցուցարարները հասան Փանկալթի, հոն է որ ոստիկանը միջամտեց եւ երիտասարդութիւնը փախաւ դէպի Քուրթուլուշի փողոցները։ Այդ պահուն ականատես եղանք որ թաղեցիներ ինչպէս աջակցեցան ցուցարարներուն, իրենց դռները բացին, որպէսզի թաքնուին ոստիկանական հետապնդումէն։ Այսօր շատեր Քուրթուլուշի վերջին տարիներու հրապոյրը կը բացատրեն մեթրօ կայանի կառուցումով եւ նման դիւրութիւններով։ Բայց անձնական փորձով գիտեմ թէ թաղի այլախոհ դիմագիծը նախընտրութեան կարեւոր ազդակ մըն է՝ յատկապէս նոր սերունդի հաշւոյն» ըսաւ Հիւսէյին Ըրմաք։
Ապա բանախօսութեան ժողովավարը Պիւլենթ Այտըն խօսք տուաւ ունկնդրողներուն, որոնք ամբողջովին լեցուցած էին թաղի նշանաւոր «Նոստալժի» սրճարանի նոր շէնքը։ Հանդիպման այս հատուածը եւս ուշագրաւ էր ներկաներու ուղղած հարցումներուն մակարդակով։ Յայտնի էր որ Հիւսէյին Ըրմաքը լսելու փութացած էին նիւթի հանդէպ արդէն իսկ որոշ պաշար մը ունեցած զանգուած, որոնք իրենց հարցումներով գետին կը պատրաստէին նոր հարցադրումներու։
Օրուայ աւարտը եղաւ Բարեկենդանի խրախճանքով մը, որ տեղի ունեցաւ թաղի սրճարաններէն մէկուն մէջ։ Բաքլախորանի աւանդութիւնը վերապրեցնելու ջանքերը նախ որոշ տատամսումով ընկալուեցաւ թաղի սակաւաթիւ յոյներու կողմէ։ Հիւսէյին Ըրմաք պատմեց թէ տարիներու հոլովոյթով ինչպէս աւելցած էր այդ թիւը, տասնեակներով հաշւուած ժողովուրդէ դէպի 1200-ի։
Հիւսէյին Ըրմաքի «Այս թուանշանները ստացած ենք նոյն ինքն ոստիկաններէ։ Իրենք ամենայն բացսրտութեամբ խոստովանեցան որ արդէն համրած են բոլոր մասնակիցները» այս խօսքերէն ետք ժողովավար Պիւլենթ Այտըն ալ հեգնանքով դիմեց հանդիսատեսին ըսելով որ «Իմացէք թէ բոլորդ ալ հաշւուած մարդիկ էք»։
Թաղի մը պատմութենէն մեր օրերուն հասնող նկարագրումը շահեկան երեւոյթ էր բոլոր մասնակիցներու համար, որոնց մեծամասնութիւնը արդէն իսկ այդ թաղի բնակիչներ էին։




