Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 8 Յունիս 2026, Երկուշաբթի, ներկայացաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին։ Տեսակցութիւնը կայացաւ Տոլմապահչէի Պալատան Նախագահական Գրասենեակին մէջ:
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ԱՔ Կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան Տոց. Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, Արդարադատութեան Նախարար Աքըն Կիւրլէք եւ Մշակոյթի ու Զբօսաշրջութեան Նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան մեր համայնքը հետաքրքրող հարցեր։
Գաղափարներ փոխանակուեցան Իսկենտերունի Ս. Քառասուն Մանկանց եւ Տիյարպաքըրի Ս. Սարգիս եկեղեցիներու վերանորոգութեանց աշխատանքներուն շուրջ։
Նորին Ամենապատուութիւնը, յանուն համայնքի շնորհակալութիւն յայտնեց Հանրապետութեան Վսեմ. Նախագահին ցուցաբերուած հետաքրքրութեան համար եւ մաղթեց առողջութիւն եւ յաջողութիւն։



