Պատրուակները համոզիչ չեղան
«Ակօս»ի նախորդ թիւով հրապարակուած Պատրիարքարանի ծանուցումներու անհաւասար բաշխման լուրը տեղի տուաւ սուր բանավէճերու։ Պատրիարքարանի տարեկան հաշուետուութեան մէջ յստակօրէն կը տեսնուէր թերթերու ծանուցման համար յատկացուած գումարին մէկ տարիէն միւսը ունեցած հսկայ աճը։ Այսպէս 2016-ին Պատրիարքարանը զանազան ծանուցումներու համար թրքահայ մամուլին փոխանցած է 33 հազար լիրա։ Իսկ այս տարի այդ գումարը հասած է 135 հազարի։ Ուշագրաւ է նաեւ այդ գումարի թերթերու միջեւ բաշխումը։ Յայտնի դարձաւ, որ այդ գումարի 100 հազարը ստացած է «Ժամանակ» եւ 34 հազարը «Մարմարա»։ «Ակօս»ի հրապարակումէն ետք, թէ «Ժամանակ»ի խմբագիր Արա Գօչունեան եւ թէ Պատրիարքական փոխանորդը փորձած են ոչ համոզիչ պատճառաբանութիւններով բացատրել գոյացած կասկածելի անհաւասարակշռութիւնը։
Պատրիարքարանի երդիքին տակ համագործակցութեան պատկեր մը գոյացնելու աշխատող կողմերուն այս հրապարակումէն ետք մատնուած անելը բաւական մտահոգիչ է։ Նաեւ մտահոգիչ է այն երեւոյթը, ըստ որու Արամ Սրբազան կը փորձէ պատասխանատուութեան բեռը թողուլ Գարեգին Պէքճեան սրբազանի վրայ։
Այս մասին Պէքճեանի խորհրդատուներէն իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ դիտել կու տայ, թէ Պէքճեան սրբազան նախորդ տարուայ Յուլիս ամսուն տեղապահի պաշտօն ստանձնելէ ետք նկատի ունենալով Պատրիարքարանի սնտուկի պայմանները, բոլորովին սահմանափակած է ծանուցումները։

