Տասնամեակներ շարունակ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կարեւորագոյն հինգ տաղաւարներէն մէկն է Վարդավառի տօնը։ Իրականութեան մէջ ան շումերական աւանդութիւն մըն էր, ձօնուած ջուրերու չաստուած Ուատար Առ-ի։ Այդ օր իբրեւ մեղքերէ մաքրուելու ծիսակատարութիւն, մարդիկ ջուրս կը սրսկէին իրարու վրայ։
Աւելի ուշ շրջաններուն, երբ քրիստոնէութիւնը մուտք գործեց Հայաստան, նոր կօրնքը փորձեց ձերբազատուիլ հեթանոս ծիսակատարութիւններէ։ Սակայն դժուար էր ժողովուրդներու յիշողութեան մէջ դրոշմուած աւանդութիւնները արգիլելով վերացնելը։ Արդարեւ հնարուեցաւ այդ նոյն օրուայ զուգադիպող քրիստոնէական պատճառաբանութիւն մը, որն էր Յիսուսի Պայծառակերպութիւնը։
Այս երեւոյթը միայն մեզ՝ հայերուս տրուած ռազմավարութիւն մը չէ։ Զանազան ժողովուրդներ որդեգրելով քրիստոնէութիւնը, իրենց նախկին կրօնքի խորհրդանշաններն ալ պատշաճեցուցած են նոր կրօնքի։ Այս տեսակի խորհրդանշական օրինակներ կարելի է համարել տօնածառի զարդարումը, Զատկի հաւկիթներու ներկուիլը կամ Խաղողօրհնէքը։
Բոլորն ալ հեթանոսական շրջանէն աւանդուած սովորութիւններ են, որոնք նոր իմաստ վերագտած են քրիստոնէութեան մէջ։
Շատ երկար տարիներ սփիւռքի պայմաններուն մէջ Վարդավառը նշուեցաւ տաղաւարի Սուրբ Պատարագով միայն։ Իսկ այժմ յատկապէս ընդօրինակելով Հայաստանեան կենսունակ տօնական տրամադրութիւնը, տօնը վերագտաւ իր վաղեմի խրախճանքի մթնոլորտը։ Նոյնիսկ այն վայրերը, ուր եկեղեցի գոյութիւն չունի, Վարդավառը դարձեալ նշուեցաւ իրարու վրայ ջուր սրսկելու զուարթ տրամադրութիւնով։ Այսպիսի օրինակներ եղան Պուրկազ Կղզիի, Չընարճըքի կամ Քումպուրկազի ապրումները, ուր չկար ժամ-ժամերգութիւն, բայց անոր տեղ կար դոյլերով, ամաններով, շիշերով իրար թրջող ուրախ բազմութիւններ։
Անշուշտ որ Պոլսոյ Հայոց Եկեղեցիներու մէջ ալ նշուեցաւ նոյն աւանդութիւնը նախորդ տարիներուն հետ բաղդատած բոլորովին տօնական տրամադրութիւնով։



