Այս անգամ մեր առած ինքնաթիռը արշալոյսի առաջին շողերը տակաւին երկիր չհասած թռիչք կատարեց դէպի պատմական Մելիտինէ կամ ալ մեր այսօրուայ ընդունուած տեղանունով՝ Մալաթիա։
Այդ օր բացումը պիտի կատարուէր քաղաքի 12-րդ գիրքի տօնավաճառին։ Ընդառաջելով Մալաթիոյ քաղաքապետարանի հրաւէրին կը փութայինք տօնավաճարի ծիրէն ներս ելոյթ մը ունենալու համար։ Այդ հրաւէրի փոխանցողը եղած էր Պոլսոյ մէջ մալաթիացիներու Հայրենակցական Միութեան՝ «Մալաթիա ՀայՏէր»ի հիմնադիրներէն եւ առաջին շրջանի վարչութեան ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի։ Արդարեւ ինք եւս կ՚ընկերակցէր մեզի այս եռօրեայ ճամբորդութեան ընթացքին։
Քաղաք հասնելէ ետք մեր առաջին գործը եղաւ այցելել ոստիկանական հիւրանոցը, ուր պիտի գիշերէինք երկու օր։ Այդտեղ ազատուեցանք մեր ծանրութիւններէն եւ ժամանեցինք տօնավաճառի կազմակերպուած յատուկ տարածքը։ Բաւականին ընդարձակ վայր մըն էր ան, ուր անմիջապէս կը նկատուէր կրօնական գիրքեր հրատարակող հրատարակչատուներու տաղաւարները։ Անոնց մէջ իսկոյն կը նկատէինք Թուրքիոյ Պատմութեան Կաճառի, Թուրքիոյ Լեզուի Կաճառի, Կրօնքի Տեսչութեան «ԻՇ» եւ «Եափը Քրետի» դրամատուներու հրատարակութիւններու տաղաւարները։ Յայտնի է թէ գրական գործեր հրատարակող հրատարակչատուները այդքան ալ ցանկութիւն չէին ունեցած այս տօնավաճառին մասնակցելու։ Անոնց մէջ միակ բացառութիւնն էր «Ճան» հրատարակչատունը, որ իր բազում գիրքերու տեսականիով կը զբաղեցնէր բաւականին լայն տարածք մը։ Տօնավաճառի մէջ ներկայացուած գիրքերու պաշարի, եթէ մեծամասնութիւնը իսլամական բնոյթի հրատարակութիւններ էին, անոր կը յաջորդէր նաեւ մանուկներու ուղղեալ գիրքերու ճոխութիւնը։
Այդ ամբողջի մէջ մենք յատուկ ուշադրութիւն դարձուցինք քաղաքի երկու վարժարաններու, գրական ակումբներու արտադրութիւնները ներկայացնող տաղաւարներու։ Այդտեղ ուշագրաւ էր թրքերէն եւ իտալերէն երկլեզու հատոր մը, որուն հեղինակներն էին, վարժարանի մը աշակերտներ, որոնք «Էրասմուս»ի ծրագիրով այցելած էին իտալական վարժարան մը եւ ապա տպաւորութիւնները համադրած հատորի մը մէջ։ Թուրքիայէն եկողները իրենց տպաւորութիւնները եւ հասակակից իտալացի աշակերտները դարձեալ իրենց տպաւորութիւնները շարադրած էին անջատ գրութիւններով, որու շնորպիւ գոյացած էր սոյն հատորը։
Անմիջապէս կողքի տաղաւարին վրայ, այս անգամ կը ցուցադրուէր Քերնէք Անատոլու Լիսէսի վարժարանի գրականութեան ակումբի աշակերտներու ստեղծագործութիւնները՝ բանաստեղծութեան, հրապարակախօսութեան եւ հեքիաթագրութեան յատուկ բաժիններով։
Պաշտօնական այրերու
տողանցքը
Ըստ երեւոյթի մենք շատ աւելի ուշադրութիւն դարձուցինք դպրոցներու գրական ակումբներու հրատարակչութիւններուն։
Պարտինք նշել թէ եթէ զանց առնենք երկսեռ աշակերտութեան ճռուողիւնը եւ բզզոցը, ամբողջովին այրիշխան հասարակութեան մը մէջ կը գտնուէինք։ Այս հանգամանքը ալ աւելի տեսանելի դարձաւ սեւ գոյնի ինքնաշարժներէն իջնող սեւազգեստ պետական այրերու եւ անոնք շրջապատող բազմութեան շնորհիւ։
Տօնավաճառի մուտքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Մալաթիոյ Գիրքի 12-րդ տօնավաճառի պաշտօնական բացման արարողութիւնը։ Օրուայ պատուոյ հիւրն էր Երիտասարդութեան Նախարարը, որու շուրջ անընդհատ վազվզուքի մը մէջ էին Մալաթիոյ Կուսակալը, քաղաքապետը, ԱՔՓ կուսակցութեան Մալաթիոյ կազմակերպութեան ատենապետը եւ բազմաթիւ պետական պաշտօնեաներ։
Բացման ճառը արտասանեց Մալաթիոյ քաղաքապետը, որուն յաջորդեցին վերեւ նշուած աւագանին, հուսկ բանքը թողելով նախարարին։
Ընթերցողը այս նկարագրումէն կրնայ ենթադրել թէ որքան ցանցրացուցիչ պահեր անցան մինչեւ որ այդ աւագները բազման արարողակարգի աւարտին լքեն տարածքը եւ տօնավաճառը սկսի շարունակել իր բնականոն ընթացքով։
Մալաթիոյ հայկական հետքերը
Օրուայ երկրորդ կէսը արժեւորելու համար մեզ կը սպասէին քաղաքի հայկական դիմագիծը ներկայացնելու կարողութիւն ունեցող կառոյցներ։ Մեր առաջին այցելավայրը եղաւ հանրածանօթ «Թաշ Խորան» Եկեղեցին, որ հայկական տօմարներու մէջ ծանօթ է իբրեւ Սուրբ Երրորդութիւն անուանումով։
Երկար տարիներ լքուած դիրքի մէջ մնացած այս տաճարը այսօր վերանորոգուած իր տեսքով արժանի է տարին գոնէ մէկ կամ երկու անգամ այցելողներու աղօթքները լսելու։ Կ՚երեւի 6 Փետրուար 2023-ի երկրաշարժն ալ ազդակ մը ըլլար, Մալաթիա «ՀայՏէր» վերջին տարիներուն թերացած է իր գլխաւոր առաքելութիւնը՝ դէպի բնօրրան ուխտագնացութիւնները կազմակերպելու խնդրին մէջ։
Երկրաշարժի աւերը տակաւին տեսանելի է քաղաքի բոլոր շրջաններուն։ Որոշ տեղեր կը տեսնենք փլատակներ, որոշ տեղեր տոմիկ -տնակներ, իսկ շատ աւելի յաճախակիօրէն ալ աւարտին մօտեցող շինութիւններ։
Տեղացիներ այդ բոլորը դիտելով կ՚ափսոսան իրենց ծանօթ Մալաթիայի առյաւէտ կորուստին։ Բոլորը համոզուած են թէ վերաշինութեան արշաւը առյաւէտ պիտի վերացնէ նախկին Մալաթիան։
Անխուսափելի ճշմարտութիւն, քանի որ այս երկրի մէջ զարգացման չափանիշն է նորակառոյց բազմայարկ շէնքերը, որ պիտի խոստանայ կառուցողին մեծ շահոյթ եւ գնողին ալ հետզհետէ արժէք ստացող ներդրում։ Սա ոչ միայն Մալաթիոյ, այլ բովանդակ Թուրքիոյ համընդհանուր այլասերումն է, ուր բնակարանները հետզհետէ կը հեռանան բնակելի վայրեր ըլլալու իմաստէն եւ կը վերածուին շահութաբեր ներդրումներու։
Մալաթիոյ մեր յաջորդ այցելավայրը եղաւ Հայոց Գերեզմանատունը։ Այստեղ մեր դիմաց կը յայտնուէր շրջապատուած տարածք մը, իր խնամեալ, մաքուր տեսքով։ Գերեզմանատունը օժտուած է նաեւ մատուրով մը, որ իբրեւ առաջին տպաւորութիւն ամէն ինչ տեղն ու տեղն է բացի կենդանութենէ։ Թերեւս ալ մեր տարօրինակ մտածելակերպն է, որ մեռեալներու տարածքին կենդանութեան կարիքը կը զգանք։ Համարեա բոլորն ալ լատինատառ շիրմաքարերով հարուստ այս գերեզմանատան մէջ հանգչող միակ ոչ հայն էր՝ Գերմանացի Քարոզիչ Հերման Կեսկէ, որուն այրին յատուկ ցանկութիւն ունէր իր ամուսինը յուղարկաւորել Հայոց Գերեզանատունը։
Պիտի յիշէք Կէսկէ վայրագօրէն սպանուած էր Մալաթիոյ մէջ, ձեռամբ մոլեռանդ արմատական մահմետականներու։ Այդ դէպքը Թուրքիոյ մօտ անցեալի պատմութեան մէջ կը յիշուի «Զիրվէ հրատարակչատան ջարդը» կոչումով։
Այս քաղաքին մէջ ընդունուած սովորութիւն է մսավաճառներու Քեպափ սարքելու աւանդոյթը։ Այս ընթացքին ծանօթ ենք Անտիոքի Սամանտաղ գաւառէն, ուր մսավաճառը իր ստանձնած պատուէրի քանակով միսը կը պատրաստէ օգտագործելով պատշաճ համեմունք եւ կը յանձնէ անմիջապէս կողքին գործող հացափուռին։
Մենք ալ հետեւեցանք այդ աւանդոյթին եւ մսավաճառին պատուիրած լահմաճունները ստացանք հացափուռէն եւ բռնեցինք մեզի ուղեկցող վաստակաւոր ուսուցիչ Ֆիքրի Տեմիրթաշի պարտէզը։
Ուսուցիչի բնակավայրը քաղաքի կեդրոնն էր։ Այս հատուածի պարտէզը ան կ՚օգտագործէ իբրեւ ժամանցի վայր, ուր կը զբաղի հողագործութեամբ եւ գրականութիւնով։
Անոր հետաքրքրութեան դաշտերն են Մալաթիոյ գաւառները, անոնց գիւղերը, իրենց պատմական անցեալով ու ներկայի պայմաններով։ Այդ գրութիւնները յաճախ լոյս կը տեսնեն շրջանային «Մալաթիա Հապէր» թերթի սիւնակներէն։
Նկատի ունենալով թէ նախորդ գիշերը համարեա անգուն անցած էր նախընտրեցինք փութալ մեր իջեւանած ոստիկանական հիւրանոցը, յաջորդ օրը աւելի առոյգ արթննալու տենչով։
Այդ օր մեզ կը սպասէր նորանոր ծանօթութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կու գար ալ աւելի հարստացնելու Մալաթիայի նկատմամբ մեր տպաւորութիւնները։
Այս անգամ այցելեցինք պատմական Վէնք Տաճարը։ Սա հայերէն վանք բառի աղաւաղուած անուանումն է, որ տեղական բարբառի մէջ դարձած է վէնք։ Այստեղ եւս ուշագրաւ էր կատարուած վերանորոգումը։ Վերանորոգուած բայց անտեսուած տաճար մըն է Վէնքը, ուր տիրող տպաւորութիւնն է լքուածութիւնը ու անկենդանութիւնը։ Ափսոս որ հայ անհատի բացակայումն է այդ լքուածութեան երեւոյթը։
Մեր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին հանդիպեցանք միայն կրօնափոխ եղած հայու մը ընտանիքին։ Շնորհիւ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի անձնական բարեկամութիւններուն այցելեցինք օճախներ, որոնք բացուեցան մեր առջեւ իրենց անկեղծութեամբ։ Բայց այդ տուներու իրողութիւնը մնաց անփոփոխ, որպէս ծպտեալ կեանք մը՝ այս կրօնամոլ ու ազգայնականացած քաղաքի մէջ։ Հայ ըլլալու, բայց ինքնութիւնը քօղարկելու ամենածանր դրսեւորումներուն ականատես ըլլալը իսկապէս ցաւալի է։
Քաղաքը բազում անակնկալներ պարգեւեց մեզի, որոնք շատ անգամ հաճելի պահերու վերածուեցան։
Այդպիսին պատահեցաւ, երբ մեր ինքնաշարժը կանգ առաւ բենզինի լցկակայանի մը մէկ անկիւնը եւ մենք ուղղուեցանք նոյն կայանի յետնամասը, ուր ընդարձակ պարտէզի մը մէջ կառուցուած էր ճաշարան։ Այս տարածքի սեփականատէրը դարձեալ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի բարեկամներէն մէկն էր, որ մեզ հիւրասիրեց տեղական խոհանոցի ուտեստներով։ Լեզուի ընկալած բոլոր համերը աղի, կծու, լեղի, թթու կամ քաղցր դարերու փորձառութեամբ ընդլուծուած են իրարու՝ ներկայանալով բոլորովին տեղական ճաշատեսակներով։ Խոստովանինք թէ պատահականութիւնը այնպէս ձեւաւորուեցաւ, ուր մենք այդ նոյն տեսականին քանի մը ժամերու ընթացքին երկու անգամ համտեսեցինք։ Երկուքն ալ ընկերական ջերմ միջավայրի մէջ։ Մին՝ Հասանի ճաշարանը, իսկ միւսը Ահմետի ընտանեկան հարկին տակ։ Կեռասը իբրեւ պտուղ բոլորին ծանօթ է։ Իսկ կեռասի տերեւներուն իբրեւ ճաշատեսակ շահագործումը բոլորովին տեղական։ Նոյնը կարելի է ըսել կաղամբի տերեւներուն համար ալ, ուր յատուկ միջուկով բոլորովին տարբեր ճաշատեսակի մը կը վերածուի։
Այստեղ մեզի համար ուշագրաւ էր որմնանկար մը, ուր կը նկատուէր քաղաքի պատմութեան մէջ որոշ տեղ զբաղեցուցած, համբաւի տիրացած հանրածանօթ խեւեր։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր իր յատկութիւնը եւ այդ յատկութիւնով ձեռք բերած անունը։ Իսկոյն յիշեցինք Հրանդ Տինքի յօդուածներէն մէկը՝ որու մէջ ինք եւս կ՚անդրադառնար Մալաթիոյ խեւերուն։ Իսկապէս ալ իւրաքանչիւր չափահաս մարդ, երբ պահ մը փորձէ յիշել իր կեանքի ընթացքին հանդիպած խեւերը, դիւրաւ կրնանք հաստատել թէ անոնք ցանկացած հաւաքականութեան լրացուցիչ տարրերն են, որոնց բացակայութիւնով կեանքը շատ աւելի անտանելի պիտի դառնար։ Մնաց որ շատ անգամ վիճելի երեւոյթ է թէ ո՞վ է խեւը, ո՞վ է խելօքը։ Համակարգը այնպէս կը գործէ թէ նոյնիսկ անմիտ ու անիմաստ պարտադրանքներուն հլու հնազանդ համակերպողները խելօք համարուին, իսկ առարկողները արժանանան խենդի կոչումին։
Բանախօսութիւն՝ Քենթ
Քոնսէյի դահլիճին մէջ
Շաբաթ օրուայ յետմիջօրէին այցելեցինք Ժպտադէմքերու սրճարանը, ուր անմիջական հարեւանութիւնով է մեր բանախօսելիք Մալաթիա Քենթ Քոնսէյի շէնքին։ Այնտեղ մատուցողները տաուն սենտրոմով թերաճ երիտասարդներ կամ պատանիներ են, որոնց դէմքին յատկանշական արտայայտութիւնն է ժպիտը։ Նախքան հանդիպում հաճելի զրոյցներով լեցուն երկու ժամեր անցուցինք, այդ սրճարանին մէջ, շրջապատուած սերելի Խոսրովի բարեկամներով ու բարեկամներու բարեկամներով։
Ապա ուղղուեցանք դէպի բանախօսութեան դահլիճը ուր մեզ կը սպասէին քաղաքապետարանի պաշտօնակազմը եւ ժողովավար բժիշկ Ալի Չաքըր։
Այդ հատուածի մասին անջատաբար պիտի արտայայտուինք թերթիս հայերէն բաժնի չորրորդ էջին վրայ։
Մալաթիոյ երեք օրերը ուսուցողական էին մեզի համար, իբրեւ նոր յայտնաբերումներ, բացայայտումներ եւ մանաւանդ ծանօթութիւններ։ Մալաթիայէն եւ մալաթիացիներէն հրաժեշտ առինք կրկին հանդիպելու եւ այս անգամ քաղաքի հարեւան վայրերն ալ այցելելու ցանկութեամբ։




