ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Սուրբ Ղազար կղզին դարեր շարունակ եղած է հայկական մտքի, յիշողութեան եւ մշակոյթի պահապանը։ Սոյն թուականի Յունիսի 21-22-ին ան դարձեալ վերածուեցաւ համահայկական հանդիպման վայրի, սակայն այս անգամ խօսակցութեան առանցքին ոչ միայն անցեալն էր, այլեւ ապագան։ Այստեղ կայացած Digital Julfa Venice 2026 միջազգային համաժողովը համախմբած էր աշխարհի տարբեր երկրներէն ժամանած գործարարներու, ներդրողներու, պատմաբաններու, իրաւաբաններու, գիտնականներու, արուեստագէտներու եւ սփիւռքի ներկայացուցիչներու՝ քննարկելու, թէ ինչպէս կարելի է հայկական պատմական առեւտրային ժառանգութիւնը վերածել XXI դարի համագործակցութեան եւ տնտեսական զարգացման գործիքի։ «Ակօս»-ը միջոցառման ներկայ էր որպէս պաշտօնապէս հրաւիրուած լրատուամիջոց՝ հնարաւորութիւն ունենալով հետեւելու ոչ միայն պաշտօնական քննարկումներուն, այլեւ այն երկխօսութիւններուն, որոնք կը ձեւաւորուէին նիստերու միջեւ, ցուցահանդէսներումն եւ Սուրբ Ղազարի խաղաղ միջավայրի մէջ։
Համաժողովին նախորդեց Վենետիկի հայկական ժառանգութեան նուիրուած մշակութային ծրագիրը։ Արուեստաբան տոքթ. Ռաքէլ Զանոնի ուղեկցութեամբ մասնակիցները շրջեցին քաղաքի այն հատուածներուն, որոնք դարեր շարունակ կապուած են հայկական ներկայութեան հետ։ Այդ շրջայցները ոչ միայն պատմական անդրադարձ էին, այլեւ կը յիշեցնէին, որ հայ վաճառականներու ու մտաւորականներու հետքը վաղուց արդէն դարձած է Վենետիկի մշակութային դիմագծի մի մասը։ Յաջորդ օրը մասնակիցները նաւով հասան Սուրբ Ղազար կղզի, որտեղ անոնց դիմաւորեց Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ Հայր Սուրբ Համազասպ Քեչեչեանը։ Միաբանութեան գրադարանը, թանգարանը եւ ձեռագրատունը իւրայատուկ նախաբան դարձան այն քննարկումներու համար, որոնց առանցքին հայկական յիշողութիւնը ու ապագան էին։ Պաշտօնական բացումը մեկնարկեց ամերիկացի դաշնակահար Joel A. Martin-ի «Jazzical Komitas» ծրագրով։ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու ջազային նոր մեկնաբանութիւնները ներդաշնակօրէն միաւորեցին աւանդոյթն ու ժամանակակից երաժշտութիւնը։
Բացման խօսքով հանդէս եկան «Digital Julfa Network»-ի հիմնադիր գործընկեր, «Orion Worldwide Innovations»-ի գլխաւոր տնօրէն Էմմա Առաքելեանը, Հայր Սուրբ Համազասպ Քեչեչեանը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան խորհրդական Հայկ Սարգսեանը։ Էմմա Առաքելեանը ներկայացուց նախաձեռնութեան առաքելութիւնը, այն է՝ վերականգնել համաշխարհային հայկական համագործակցութեան այն մշակոյթը, որ իր ժամանակին ձեւաւորուած էր Նոր Ջուղայի վաճառականական ցանցերու շնորհիւ։ Անոր խօսքով՝ «Digital Julfa»-ն պարզապէս համաժողով չէ, այլ երկարաժամկէտ հարթակ, որտեղ տնտեսութիւնը, մշակոյթը, դիւանագիտութիւնը ու նոր տեխնոլոգիաները պէտք է աշխատին մէկ նպատակի համար։
Գիտական առաջին զեկոյցի մէջ արուեստաբան Ռաքէլ Զանոնէն ներկայացուց «Տեսանելին եւ անտեսանելին. հայկական նիւթական մշակոյթի առարկաները, ցանցերը եւ յիշողութիւնը» թեման՝ անդրադառնալով Նոր Ջուղայի հայ վաճառականներու մշակութային ժառանգութեան եւ անոնց ազդեցութեան Վենետիկի արուեստի ու հասարակական կեանքի վրայ։ Ապա իրաւաբան Սուրէն Իսրայէլեանը խօսեց հայկական ընտանեկան պիզնէսներու մասին՝ ընդգծելով, որ աշխարհի աւելի քան քառասուն երկրներուն գործող հայկական ձեռնարկութիւնները կրնան դառնալ ժամանակակից համագործակցութեան նոր ցանցի հիմքը։ «Հ. Յովնանեան» ընտանեկան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կորիւն Խաչատուրեանը ներկայացուց սփիւռքի ներուժը Հայաստանի զարգացման գործին՝ նշելով, որ ժամանակակից հայկական ցանցերը կրնան ձեւաւորուիլ ոչ միայն բարեգործութեան, այլեւ ներդրումներու եւ գործարար համագործակցութեան միջոցով։
Օրուայ կարեւոր մշակութային իրադարձութիւններէն էր ժամանակակից արուեստագէտ Ռուդիկ Պետրոսեանի հեղինակային ստեղծագործութեան նուիրումը Մխիթարեան Միաբանութեան։ Այդ արարողութիւնը կը խորհրդանշէր արուեստի եւ յիշողութեան շարունակականութիւնը։ «Թովմասեան» հիմնադրամի նախագահ Արտակ Թովմասեանը կարեւորեց կրթութեան, բարեգործութեան եւ տնտեսական զարգացման փոխ կապակցուածութիւնը, իսկ Վենետիկ գործող «Tokatzian Srl» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Սեթրակ Թոքաթզեանը կիսուեցաւ Իտալիոյ հայկական ձեռնարկատիրութեան իր փորձով։
Համաժողովի առանցքային մասը «Պատմութիւնը ժառանգութիւն չէ. ան ռազմավարութիւն է» խորագիրով փանելային քննարկումն էր, որ կը վարէր Սերժ Խավէսեանը։ Իրաւաբան Ռոյ Առաքելեանը եւ գործարար Վահէ Գաբրաշը խօսեցան հայկական առեւտրական աւանդոյթներու շարունակականութեան մասին, իսկ աշխարհահռչակ դիզայներ Ալեն Միկլին՝ ստեղծարարութեան, ինքնութեան եւ պիզնէսի փոխ կապակցուածութեան մասին։ Ուշագրաւ էր նաեւ «ACBA Ֆեդերացիա» ՓԲԸ-ի գլխաւոր տնօրէն, ACBA բանկի տնօրէններու խորհուրդի անդամ Յարութիւն Պօղոսեանի՝ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան եւ ֆինանսական ոլորտին նորարարական զարգացման հնարաւորութիւններուն նուիրուած զեկոյցը։
Քննարկումներու յաջորդ հատուածին սոցիոլոկ եւ արուեստաբան Ալեն Նաւարրա-Նաւասարդեանը ներկայացուց մշակոյթի ազդեցութիւնը քաղաքակրթութիւններու զարգացման վրայ, լրագրող եւ հետազօտող Տիգրան Եղիաեանը անդրադարձաւ «Digital Julfa»-ի եւ սփիւռքի փոխգործակցութեան։ Յաջորդիւ ճափոնագէտ, տնտեսագէտ Աննա Վարդանեանը ներկայացուց Նոր Ջուղայի հայերու ներկայութիւնը Ճափոնիոյ մէջ եւ Ափքարներու ընտանիքի պատմութիւնը՝ ընդգծելով հայկական առեւտրային ցանցերու աշխարհագրական լայն ընդգրկումը։
Առանձնայատուկ հետաքրքրութիւն առաջացուց նաեւ Ազատ ձեւաչափով զրոյցը, որ ընթացքին Ռաքէլ Զանոնէն եւ Կա' Ֆոսկարի համալսարանի հետազօտող Փաոլօ Լուկկան ներկայացուցին Շեհրիմաններու վաճառականական տոհմի պատմութիւնը՝ որպէս միջազգային վստահութեան եւ յաջող համագործակցութեան օրինակ։
Օրուայ ընթացքին զուգահեռ կը ներկայացուէին նաեւ մշակութային նախաձեռնութիւններ՝ Arumenia-Nippon ցուցադրութիւնը,«Tonir Wedding» նախագիծը, Ռուդիկ Պետրոսեանի արուեստի ցուցահանդէսը, ինչպէս նաեւ Digital Julfa-ի խորհրդանիշի ներկայացումը։ Երեկոն աւարտուեցաւ Ժոէլ Ա. Մարտինի «Jazzical Komitas» կատարման երրորդ մասով, հայկական գինու համտեսով:
Digital Julfa Venice 2026-ը սովորական պիզնէս համաժողով չէր։ Երկու օրերի ընթացքին այստեղ պատմութիւնը դիտարկուեցաւ ոչ թէ որպէս աւարտուած էջ, այլ որպէս կենդանի փորձ, որ կրնայ ոգեշնչել նոր տնտեսական կապեր, մշակութային համագործակցութիւններ եւ համահայկական նախաձեռնութիւններ։ Սուրբ Ղազարի մէջ հնչած ելոյթներն ու ծաւալուած քննարկումները մէկ ընդհանուր ուղերձ ունէին՝ համաշխարհային հայկական ներուժը դեռեւս ամբողջութեամբ բացայայտուած չէ, իսկ պատմական փորձը կրնայ դառնալ ապագայի զարգացման ամուր յենարան։ Եւ Վենետիկէն հեռանալուս առաւել տպաւորիչը ոչ միայն հնչած գաղափարներն էին, այլ ան զգացողութիւնը, որ Սուրբ Ղազարը կը շարունակէ մնալ ոչ միայն յիշողութեան, այլեւ նոր գաղափարներու ծննդավայր։ Իսկ Digital Julfa-ն, կարծես, կը փորձէ այդ գաղափարները վերածել գործնական համագործակցութեան՝ միաւորելով աշխարհասփիւռ հայութեան մէկ ընդհանուր տեսլականի շուրջ։
Համաժողովէն ետք «Ակօս» զրուցեց Digital Julfa Network-ի հիմնադիր գործընկեր, Orion Worldwide Innovations-ի գլխաւոր տնօրէն Էմմա Առաքելեանի հետ՝ միջոցառման արդիւնքները, նախաձեռնութեան գաղափարական հիմքերու եւ հետագայ ծրագիրներու շուրջ։
Տիկի՛ն Առաքելեան, Վենետիկի մէջ անցկացուած երկրորդ Digital Julfa-ն արդէն աւարտուած է։ Ի՞նչ կը համարէք այս համաժողովի ամենակարեւոր ձեռքբերումը։
Վենետիկ Յունիսի 21–22-ին անցկացուած միջոցառման ամենամեծ ձեռքբերումը մեր գաղափարի կենսունակութեան ապացոյցն էր՝ ռազմավարութիւնները համադրելու եւ իրական ժամանակին գործող ցանց ստեղծելու առումով։ Սուրբ Ղազար կղզիի մէջ անցկացուած երկու օրերու ընթացքին մենք ականատես եղանք, թէ ինչպէս տարբեր մայրցամաքներէն ժամանած ձեռնարկատէրերը, երաժշտութեան եւ արուեստի ներկայացուցիչները, պատմաբանները ու ներդրողները կը կառուցէին իրական եւ վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ։ Բանախօսները Նոր Ջուղայի դիմակայունութիւնը ներկայացուցին նիւթական մշակոյթի եւ անոր գործարար ազդեցութեան միջոցով՝ Վենետիկի, Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ՝ ընդգծելով, որ հայկական վաճառականները, միջնադարին հաղորդակցութեան չափազանց սահմանափակ պայմաններու մէջ, հանդէս կու գային որպէս մշակութային միջնորդներ եւ ստեղծած էին համաշխարհային ցանց։ Եւ, որ յատկապէս կարեւոր է, մենք նոյն հարթակին հաւաքեցինք ընտանեկան պիզնէսներ, որոնք այսօր ալ կենդանի կապ ունին այդ ժառանգութեան հետ։ Անոնց ներկայութիւնը գործնականին հաստատեց մեր հիմնական առաքելութիւնը. պատմութիւնը ժառանգութիւն չէ, այն ռազմավարութիւն է։
Համաժողովի առանցքին Նոր Ջուղայի առեւտրային ժառանգութիւնն էր։ Ինչպէ՞ս կրնայ այդ պատմական փորձը վերածուիլ ժամանակակից տնտեսական համագործակցութեան եւ ներդրումային իրական հնարաւորութիւններու։
Դարեր շարունակ հայերը, չնայած հաղորդակցութեան չափազանց սահմանափակ միջոցներուն, ստեղծած են լայն ցանց տնտեսութեան, իրաւունքի, առեւտուրի եւ նորարարութեան ոլորտներուն։ 21-րդ դարին փոխուած է թուային ենթակառուցուածքը՝ ակնթարթային կապը, արհեստական բանականութիւնը եւ համաշխարհային հարթակները կը վերացնեն այն հեռաւորութիւնները, որոնց յաղթահարումը նախկինին ամիսներ կը պահանջէր։ Իրական ներուժը հայկական ընտանեկան պիզնէսներու գոյութեան մէջ է, որոնք մինչ օրս կը շարունակեն այդ ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխարհի հայկական մտաւոր ներուժի հզօր ներկայութեան մէջ։ Անոնք կենդանի ապացոյցն են, որ հայկական նորարարութիւնը կրնայ գործել եւ ազդեցութիւն ունենալ համաշխարհային մակարդակի մէջ՝ առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ։ Այս ամէնը հնարաւորութիւն կու տայ, որ պիզնէսները գործարքներ իրականացնեն, կապեր հաստատեն, ստեղծեն աւելի մեծ հարստութիւն եւ ամրապնդեն շահերու պաշտպանութիւնը՝ նոյն վստահութեամբ, որով Ջուղայի վաճառականները ժամանակին կը գործէին Մերձաւոր Արեւելքին, Ասիոյ եւ Եւրոպայի մէջ։
Երկու օրերու ընթացքին մէկ յարկի տակ հաւաքուած էին գործարարներ, ներդրողներ, գիտնականներ, մշակոյթի գործիչներ եւ սփիւռքի ներկայացուցիչներ։ Արդեօք արդէն ձեւաւորուած են ճշգրիտ համագործակցութիւններ կամ նախագծեր, որոնք կարելի է համարել Digital Julfa-ի առաջին գործնական արդիւնքները։
Այո՛։ Փանելային քննարկումներէն բացի, Վենետիկի մէջ անմիջական կապեր հաստատուեցան սփիւռքի եւ Հայաստանի գործարարներու ու ներդրողներու միջեւ, որոնցմէ մի քանիսի շուրջ արդէն շարունակական բանակցութիւններ կ՚ընթանան։ Մենք նաեւ աւելի մեծ տեսանելիութիւն ապահովեցինք արուեստի, երաժշտութեան եւ ձեռնարկատիրութեան համար։ Օրինակ՝ DAJ pin նախագիծը, որ ծնած է ձեռնարկատէրեր եւ մշակութային պատմաբաններու համագործակցութեան արդիւնքին, ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս մշակութային ժառանգութեան պատմութիւններու ներկայացումը ու պիզնէսը կրնայ փոխադարձաբար ամրապնդել միմեանց։ Ասոնք խորհրդանշական քայլեր չեն. ասոնք գործող ցանցի առաջին թելերն են, եւ մենք կ՚ակնկալենք, որ մինչեւ տարեվերջ անոնցմէ մի քանիսը կը ստանան պաշտօնական ձեւակերպում։
Սուրբ Ղազար կղզին միայն միջոցառման անցկացման վայր չէր, այլ նաեւ խորհրդանշական ընտրութիւն։ Ի՞նչ ուղերձ կը ցանկանաք փոխանցել հէնց այս պատմական միջավայրի մէջ համաժողով կազմակերպելով։
Սուրբ Ղազար կղզին ժամանակին հայկական գիտութեան, ժառանգութեան եւ համաշխարհային կապերու կարեւոր կեդրոններէն մէկն էր։ Այդ վայրի ընտրութիւնը զգացմունքային որոշում չէր. այն լիովին գիտակցուած էր։ Մենք կը ցանկանայինք, որ մարդիկ կանգնին այն վայրի մէջ, որտեղ հայ վանականները, գիտնականները ու վաճառականները ժամանակին կը կապէին մայրցամաքները, եւ զգան, որ համաշխարհային յաւակնութիւնը մեզ համար նոր երեւոյթ չէ. այն ժառանգուած է։ Ուղերձը պարզ էր. այս կղզին կ՚ապացուցէ, որ հայերը միշտ գործած են համաշխարհային հարթակին։ Digital Julfa-ն կը վերակենդանացնէ այդ ուժը։
Եթէ փորձէք մէկ նախադասութիւնով ձեւակերպել Digital Julfa-ի ապագայի տեսլականը, ապա ինչպիսի՞ն կը պատկերացնէք այն եւ ի՞նչ դեր կրնայ ունենալ համաշխարհային հայկական համագործակցութեան զարգացման գործին։
Digital Julfa-ի նպատակն է դառնար մշտական թուային ենթակառուցուածք, որ կը կապէ աշխարհի տարբեր երկրներուն գտնուող հայ ձեռնարկատէրերուն, քափիթալը եւ հայկական մշակոյթը։ Երեքէն հինգ տարուայ ընթացքին մենք կը վերակենդանացնենք եւ կը վերակառուցենք վստահութեան վրայ հիմնուած հայկական առեւտրային մշակոյթը եւ համաշխարհային հայկական բրենդը, ինչ կը հանգեցնէ աւելի մեծ հարստութեան ստեղծման եւ հայկական շահերու աւելի ուժեղ ներկայացուցչութեան համաշխարհային մակարդակին։



