Արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեանի ձեռնադրութեան 50-րդ տարին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանին կողմէ կազմակերպուած եւ երեք օրուան վրայ երկարած ձեռնարկներով նշուեցաւ տօնակատարութեան մթնոլորտով։
1976-ին քահանայական ձեռնադրութիւնը ստացած Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի համար Նոյեմբերի 13-14-15-ին ձեռնարկներու շարք մը կազմակերպուեցաւ։ Նոյեմբերի 13-ին Գումգաբուի Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ Պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեան Մշակութային Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած առաջին ձեռնարկին ընթացքին եղան վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն, երաժշտական ու գրական ելոյթներ։
Նոյեմբերի 14-ի Շաբաթ երեկոյեան, Գազազ Արթին Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ բազմաթիւ հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ ճաշկերոյթ սարքուեցաւ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի պատուին։
Նոյեմբերի 15-ի Կիրակի օրը, Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Պատրիարքական եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Սուրբ Պատարագը վարեց Արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան։ Տօնակատարութիւններուն պատճառով Պոլսոյ բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ Պատարագ չմատուցուեցաւ։
Եպիսկոպոսական աստիճանի հասած եւ ձեռնադրութեան 50-րդ տարեդարձը տօնող շատ հոգեւորականներ չունինք։ Ուստի Պատրիարքարանին կողմէ տօնակատարութիւն մը ընելը բնական է։ Սակայն երեք օրուան վրայ երկարող տօնակատարութեան ծրագիր մը, անկեղծ ըլլալու համար, քիչ մը զարմանալի ու տարօրինակ, նոյնիսկ չափազանց թուեցաւ։ Նախ՝ պիւտճէի տեսակէտէն։ Կը տեղեկանանք, թէ այս երեք օրուան տօնակատարութեան պիւտճէն հասած է 2 միլիոն 310 հազար թրքական լիրայի։ Պատրիարքարանը այս պիւտճէն հաւաքելու համար հիմնարկներէն նիւթական օժանդակութիւն խնդրած է, շատ հիմնարկներու գրաւոր խնդրագիր/աղերսագիր ղրկելով։ Պիւտճէն այս է։ Վերջին հաշուով այսքան հսկայ գումար մը իրապէս հաւաքուեցա՞ւ ու ծախսուեցա՞ւ, չենք գիտեր, սակայն իմացածնուս համաձայն այս գումարին մօտ ծախս մը կատարուած է։
Համայնքին ու հոգեւոր աշխարհին մէջ ոմանց համար այսպիսի շքեղ տօնակատարութիւն մը բնական կրնայ թուիլ։ Բայց երբ յարգելի Պատրիարքը ամէն սիրոյ սեղանի ընթացքին հայ համայնքին մէջ աղքատութեան ուշադրութիւնը հրաւիրէ, այսպիսի ծախս մը անհրաժե՞շտ էր արդեօք։
Կամ ենթադրենք, որ հայ համայնքին մէջ աղքատութիւն չկայ, բոլորը բարեկեցիկ են։ Գիտենք, որ այդպէս չէ, բայց ենթադրենք, թէ այդպէս է։ Նոյնիսկ այդպէս ըլլայ, ի վերջոյ խօսքը հոգեւորականութեան ձեռնադրութեան 50-րդ տարեդարձին մասին է։ Քրիստոնէական վարդապետութիւնը մեզի խոնարհութիւն, եկեղեցւոյ նուիրուածութիւն ու անպաճոյճութիւն կը քարոզէ։ Այս մասշտաբի տօնակատարութեան ծրագիր մը, առաջին հերթին, եկեղեցւոյ սեփական կեցուածքին հետ հակասութիւն կը պարզէ։
Արքեպիսկոպոս Աթէշեան իր պաշտօնավարութեան ամբողջ ընթացքին քննադատութիւններու կեդրոնը եղաւ։ Պատրիարք Մութաֆեանի հիւանդութեան շրջանին վիճելի ընտրութեամբ մը Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի պաշտօնը ստանձնելը քննադատուեցաւ, եւայլն։ Այս զարգացումները տարիներ շարունակ ոչ միայն Ակօսի, այլեւ համայնքին որոշ հատուածին կողմէ օրակարգ բերուեցան։
Սրանք չըլլային ալ կրնար։ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան կրնար ըլլալ հոգեւորական մը, որուն անունը որեւէ քննարկումի չէր խառնուած։
Նոյնիսկ այդպէս ըլլար, ձեռնադրութեան 50-րդ տարեդարձը կը պահանջէ՞ր արդեօք 2 միլիոն լիրային հասնող, միւս եկեղեցիներուն մէջ Պատարագ չմատուցուելու չափ ընդարձակ տօնակատարութեան ծրագիր մը։ Անկեղծ ըլլալու համար՝ չենք կարծեր։ Բայց այդուհանդերձ, այս հարցումին պատասխանը կը թողունք մեր ընթերցողներուն եւ ամէն առիթով մեզի խոնարհութիւն քարոզող հոգեւորականներուն։



