Երբ մէկ կողմէն, հոգ չէ թէ դանդաղ քայլերով կը շարունակուի հաշտեցման գործընթացք մը, ազատ կամ ընդդիմադիր մամուլի դէմ հալածանքն ու ճնշումները կը շարունակուին մեծ թափով։ Այս ծիրէն ներս վերջին օրինակը հանդիսացաւ «Սէօզճիւ ԹՎ» հեռուստակայանի վարչութեան տեղապահի նշանակումը։
17 Նոյեմբերի առաւօտուայ լրահոսի գլխաւոր նիւթն էր այս, ուր լրատուամիջոցներ կը հաղորդէին ոստիկաններու ներխուժման։ Հրատարակութեան ընդհանուր վարիչի բերման ենթարկուելու եւ հեռուստակայանին տեղապահ նշանակուելու մասին լուրերը։
Կտրուկ վերյիշումով մը, նշենք թէ մօտ անցեալին նոյն գործողութեան ենթարկուած էին «Թելէ1», «Հալք ԹՎ» հեռուստակայանները։
Բոլորովին իշխանամէտ շրջափակման պայմաններու մէջ ընդդիմադիր ձայնը ներկայացնող եւ հաւանաբար յատկապէս ալ լուրերու հաղորդման ընթացքին ամենաշատ դիտուող երեք կայաններու չէզոքացումը կ՚ապացուցէ իշխանութեան ծանր ճնշումներու յարատեւութեան ռազմավարութիւնը։
Այս պահուն իսկոյն մտաբերուածը սակարանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ահռելի զեղծարարութեան արձագանգները լռեցնելու քաղաքականութիւնն է։
Արդարեւ քաղաքական գետնի վրայ ալ հետզհետէ կը ծաւալի այդ զեղծարարութենէն օգտուողներու անուանացանկի հրապարակման մասին պահանջները։ Կացութիւնը լուրջ է իշխանութեան համար, քանի այդ տեսակի պահանջներ կը հնչեն նաեւ իր շարքերէն։
Յիշենք թէ Նախագահ Էրտողան զեղծարարութեան յայտնաբերուած առաջին օրերուն մեծ ջանք վատնած էր կացութիւնը մեղմելու ուղղութեամբ։ Պնդած էր թէ զեղծարարութիւնը լուրջ վտանգ մը չսպառնար երկրի տնտեսութեան։
Օրերու հոլովոյթով հետզհետէ աւելի ծանր պատկեր մը գոյացաւ այդ զեղծարարութիւնով յափշտակուած ընդհանուր գումարի առումով։ Իսթանպուլի սակարանը ծանր նահանջ մը ապրեցաւ, կառավարութիւնը ստիպուեցաւ էնֆլասյոնի կանխատեսումները բարձրացնելու եւ միջազգային կազմակերպութիւններ ալ կրճատեցին երկրի տնտեսական աճի համեմատութիւնները։
Վերոնշեալ հեռուստակայանները ի դէմ իշխանամէտ կայաններու լռութեան, այս նիւթերը ամենաշատ արծարծող միջոցները հանդիսացան։ Մանաւանդ երբ սկսան կարգ մը անուանացանկեր շրջանառութեան մտնել, որոնք կ՚ակնարկէին նախագահի ընտանեկան շրջանակներուն անգամ, անխուսափելի դարձաւ ընդդիմադիր մամուլը լռեցնելու պահանջը։
Այս պահուն չենք գիտեր թէ ի՞նչ զարգացումներ կը սպասեն «Սէօզճիւ» հեռուստակայանի խմբագրակազմին։ Իրաւացի մտահոգութիւն մըն է այս, քանի որ «Թելէ1»ի ընդհանուր տնօրէն եւ սեփականատէր՝ Մերտան Եանարտաղ աւելի քան մէկ տարի է, որ ճաղերու ետին կը գտնուի, լրտեսութեան անհեթեթ մեղադրանքով։ Աւելին՝ հեռուստակայանն ալ իր բոլոր ենթակառուցուածքով գրաւուած է։ «Հալք ԹՎ»ի սեփականատէրը երկիրէ դուրս ըլլալուն պատճառաւ չէ բանտարկուած։
Մօտ անցեալին այս տեսակի զարգացումները բուռն հակազդեցութեան կը հանդիպէին յատկապէս Եւրոմիութեան շրջաններու կողմէ։ Ըստ երեւոյթի անոնք ալ համակերպած են Թուրքիոյ իշխանութիւններու որդեգրած հակաժողովրդավարական քաղաքականութեան, խուսափելով անտեղի լարուածութենէ։ Չէ որ նման լարուածութիւնը վերջին հաշուով կը նպաստէ երկրէ ներս հասարակութեան ազգայնական ու կրօնական զգացումները շահագործելու մեծ կարողութիւն ունեցող Էրտողանի գոնէ այդ շրջաններու վրայ ազդեցութիւնը զօրացնելու։ Մնաց որ արեւմուտքի այնքան ալ հոգը չէ Թուրքիոյ ժողովրդավարութիւնը։



