ՏԵՄ-ի պատուիրակութիւնը փոխանցեց Էօճալանի պատգամները
ՏԵՄ կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը 16 Փետրուարին Իմրալը կղզիի արգելանոցին մէջ այցելեց քիւրտ ազգայնական շարժումի պետ Ապտուլլահ Էօճալանը։
Նախկին կուսակցապետեր Բերվին Պուլտան եւ Մնթհատ Սանճարի կողքինլ իրաւագէտ Ֆայիք Էօզկիւր Էրոլէ բաղկացող պատուրակութիւնը վերադարձին մամուլի ներկայացուցիչներուն բացատրութիւններ տուաւ կատարուած այցելութեան, յատկապէս ալ Էօճալանի փոխանցած պատգամներուն մասին։
Էօճալան ներկայ վիճակը մեկնաբանած է պատմական խորքերէն մեկնելով։ Այսպէս ան մերթ միջնադարեան օրինակներով, մերթ ալ հանրապետութեան հիմնադրութեան տարիներէն նշումներով բնութագրեց քիւրտ-թուրք յարարբերութիւնները եւ յայտնեց թէ ահաբեկչութիւնը վերացնելու միտող քաղաքականութիւնը լուծում մը չի կրնար արտադրել։
«Ես այս ժողովը կը գնահատեն իբրեւ ժողովրդավարական համակեցութեան նախափորձ մը։ Այս հանգրուանին երախտիքով կը յիշեմ Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտեր ընկերը մեր։ Հանրապետութեան հիմնադրութեան տանող գործընթացին մէջ թուրքերու եւ քիւրտերու համագործակցութիւնը կար։ Որքան ալ աւելի վերջ ուրանալ փորձեն, այս ճշմարտութիւնը բազմաթիւ առիթներով արձանագրուած է։ Միջնադարուն միասնականութիւնը կ՚ապահովուէր համակրօնական գետնի վրայ։ Այսօր ժամանակակից սկզբունքներու հիման վրայ եւ իրաւացի կերպով պիտի կերտենք այս միասնութիւնը։ Խնդիրը Պատժական օրէնքի քանի մը յօդուածը փոխելով կարելի չէ լուծել։ Շատ աւելի խորքային քաղաքացիութեան ընկալումի մը կարիքը ունինք։ Պետութեան մը քաղաքացիները չեն կրնար դասաւորուիլ իրենց կրօնքի, ազգութեան կամ գաղափարական հակումներու հիման համաձայն։ Այս բոլորը կը բնութագրէ ազատ քաղաքացին» ըսած է Էօճալան։

