Ժողովը կը գլխաւորէր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեան։ Հարթակի պատմութեան մէջ այս ժողովը բացառութիւն մը կը կազմէր իր դռնբաց յատկութիւնով։ Արդարեւ մամուլի ներկայացուցիչներ ալ մաս կազմեցին խորհրդակցական բնոյթով այս հանդիպման։ Օրակարգի գլխաւոր նիւթն էր Սամաթիոյ Սահակեան Նունեան Վարժարանի մատնուած տնտեսական դժուարութիւնը։ Թաղի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ ատենապետ Նուրհան Տավուլճուեան յայտնեց թէ, նոյնիսկ լուրջ դժուարութիւններ կ՚ապրին ուսուցիչներու ամսավճարները հոգալու խնդրին մէջ։ Սահակեան 312 սաներով Պոլսոյ վարժարաններու մէջ ամենաշատ աշակերտներ ունեցող երկրորդ դպրոցն է եւ աշակերտութեան 85 տոկոսը կը բաղկանայ թաղեցիներէ։
Ժողովի ընթացքին խիզախ ելոյթ մը ունեցաւ Պոյաճըգիւղի Եկեղեցւոյ ատենապետ Նազարեթ Էօզսահակեան, որ ընդգծելով փոքրամասնութիւններու վարժարաններուն հասարակապատկան յատկութիւնը, պահանջեց որ, ուսուցիչներու ամսաթոշակները վճարուին պետութեան կողմէ։
Սակայն Էօզսահակեանի այս տրամաբանական առաջարկը դիմաւորուեցաւ անմակարդակ հակազդեցութիւններով։ Առաջարկը փոխան կարծիքի փոխանակումներու դիմաւորուեցաւ անմակարդակ հակազդեցութիւններով։ Այդ պահուն ուշագրաւ է ԱՔՓ-ի երեսփոխան բժիշկ Սեւան Սըվաճըօղլուի «Դուն Ռէյիսը չես սիրե՞ր» հարցումը։ Այս անգամ «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագրապետ Արա Գօչունեան առարկեց Հանրապետութեան Նախագահի հասցէին «Ռէյիս» բառի գործածութեան դէմ։ Դահլիճի ընդհանուր համայնապատկերը կարծես թէ պատասխանը ըլլար «ԷՐՎԱՊ-ի ժողովները ինչո՞ւ դռնփակ կ՚ըլլան» հարցումին։
Արդարեւ արծարծուեցան զանազան նիւթեր, ընդհանուր մեղադրանքներ հնչեցին համայնքային հաստատութիւններու որդեգրած գաղտնապահութեան եւ անթափանցիկ վարչակարգին դէմ, տեղացին սուտ պնդումներ, զրպարտութիւններ, ցեխարձակումներ եւ ժողովը աւարտին հասաւ գործնական գետնի վրայ առանց հասարակական կամք մը ձեւաւորելու։



