Բայց ահա ոմանք այս բոլորին դրոշմովը աւելի տարբեր կերպով կը կնքուին, մարմնացում մը կ՚ըլլան։ Ապտուրրահիմ Արմէն Զօրարսլան Տեմիրճեանն ալ ահա անոնցմէ մէկը եղաւ։ Անունին երկայնութիւնը իր մեքսիկացի ըլլալէն չէ. քիւրտ, թուրք, հայ ճակատագրի ու վիշտի եռանկիւնը իր փոքրիկ մարմինին վրայ կրած ըլլալուն նշանն է, այնպէս վեհութեամբ, ինչպէս Յիսուս իր խաչը կրեց դէպի Գողգոթայի բլուրը, որ քանի քալէր այնքան կը հեռանար, ճանապարհը կ՚երկարէր։ Մարմնացում, բախտ, դրոշմ, Գողգոթա ըսի ըսելով՝ մի կարծէք որ, հսկայ մարդու մը մասին կը խօսիմ։ Ան պատմութեան բոլոր մեծ անցուդարձերը գրող, բայց այդ մեծութեան հետ գործ չունեցող այն փոքր մարդոցմէն էր, հողին մէջ մրջիւնի, ջուրին մէջ ձուկի, օդին մէջ թռչունի չափ շատ եղողներէն։
Աչքերուն փայլը
2008-ին Արաս հրատարակչատան անունով Ուիլիըմ Սարոյեանի մասին ցուցահանդէս մը կազմակերպելու համար գացեր էի Տիյարպէքիր։ Վազելով եկաւ։ Ծարաւի պէս։ Այն ատեն չհասկցայ, որ իր յուզումը՝ չծածկուած, չպահուըտած, կենդանի, անունով-ազգանունով հայ մը տեսնելու ուրախութենէն կու գար։ Միշտ այդպէս պիտի ընէր, երբ որ մեր ճամբան Տիյարպէքիր իյնար, իրմէ, հօրմէն, մեծ մայրերէն ու մեծ հայրերէն ստացուած ինքնութիւնը կրողներուն քով արագ, բայց լուռ ու անաղմուկ պիտի մօտենար, թարմ անտառի մը օդը ներս քաշելու պէս, զուլալ ջուր մը ումպ-ումպ խմելու պէս պիտի կենար մեր քովը։ Բան մը պէ՞տք է, պիտի վազէր, յոգնա՞ծ էք, աթոռը պիտի տար։ Անօթի՞ էք, վազելով տունէն ուտելիք մը պիտի բերէր։ Գիրք մը տեղափոխելու պէ՞տք է, վրան պիտի առնէր։ Թէյն ու սուրճը պակաս պիտի չընէր։ Յետոյ ձեռքերը առջեւը ծալելով նորէն քովերնիդ պիտի կենար, մինչեւ որ նոր պէտք մը ունենալնիդ զգար։ Յետոյ նորէն վազելով նոյն հոգածութեամբ ու լռութեամբ զայն ալ պիտի կարգադրէր, դարձեալ քովերնիդ գալով ձեռքերը իրար միացնելով ոտքի պիտի կենար։ Երբեմն աչքերը փայլելով ընտանիքին պատմութիւնը պիտի պատմէր, նոր գտած չեմ գիտեր ո՛ր գաւառի մէջ ապրող ազգականի մը հետ ինչպէս կապ հաստատած ըլլալը, սորված հայերէն բառ մը հպարտութեամբ պիտի ըսէր, հասակը իր հասակը անցած գեղեցիկ որդին պիտի բերէր ու պիտի ծանօթացնէր, յետոյ նորէն անմիջապէս շշնջալով պիտի հարցնէր՝ իր այդ թէ՛ թրքերէն, թէ՛ հայերէն, թէ՛ քրտերէն խօսող լեզուովը։ Բան մը պէտք ունի՞ս, ուզածդ բան մը կայ, աղբարիկ։
Սուրբ Կիրակոսի ամէն ինչը
Տիյարպէքիր գացինք՝ ցուցահանդէսի համար, միջոցառումի մը համար, թէ ուրիշ որեւէ պատճառով, միշտ նոյն ուրախութեամբ ու փոխարէն բան չսպասող բարեկամութեամբ հոն պիտի ըլլար։ «Ակօս»ի համար բաժանորդ պիտի հաւաքէր, «Արաս»ի համար աշխատանք պիտի տար, քաղաքին հայերը լաստերու վրայ նստեցնելով Տիգրիսի մէջ մորթուած ժամանակ զանգակատունը թնդանօթի կրակով փլած, նախ զինուորական զօրանոց, ապա Սիւմերպանքի պահեստ ծառայած, վերջապէս պետական ապարատի ճիրաններէն հազար ու մէկ դժուարութեամբ ազատուած ու վերստին եկեղեցի վերածուած, քանի՛ անգամ իր մոխիրներէն վերածնած Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիին տէր պիտի կանգնէր։ Անոր պահակութիւնը պիտի ընէր, անոր մաքրութիւնը պիտի հոգար, այս բոլորը անխառն հաւատացեալի մը իր անձը Աստուծոյ նուիրելուն ակնածանքով ու ուրախութեամբ պիտի ընէր, այդ ադամորդին։
Ապտուրրահիմէն Արմէնի
1961-ին քիւրտ ծնած էր։ Մահմետական, Ապտուրրահիմ Զօրարսլան անունով։ Բայց 2026-ին Արմէն Տեմիրճեան անունով մեռաւ Արմէն աղբարիկը։ Անոր մեծերը, իրենց մեծերէն կրակի ու սուրի միջեւ ողջ մնացողները, 1915-ին չմեռնելու, չսպաննուելու համար կրօնափոխ եղած էին։ Իրենց գաղտնիքը եօթը տուփի մէջ փակելով, կոյր ջրհորներու մէջ նետած էին։ Կոյր ջրհորներուն, եօթնապատիկ կղպանքին անգամ պահել չկրցած գաղտնիքը քսանհինգ տարեկանին երբ իմացաւ, այլեւս նոյն մարդը չկրցաւ ըլլալ։ Առաջուան պէս չկրցաւ ըլլալ, բան մը պատահած չըլլալու պէս ձեւացնել չկրցաւ, սրտին մէջ Ապտուրրահիմը Արմէնի վերածեց։ Մի գուցէ ամենահայ անունը չէ՞ր ասիկա։ Քանի որ Աստուած ռահիմ՝ ողորմած, գթած, պահպանող էր, ինք ալ անոր ծառան էր, ուրեմն գիտէր թէ իր ըրածը մեղք չէր, իրաւունք էր, եւ թէ իրաւունքը եկած ատեն սուտը պիտի անհետանար։ Չափահաս տարիքին մկրտուած ու քրիստոնեայ դարձած, իր կորուստներուն հետ այսպէս կապ հաստատել յարմար նկատած էր։ Բայց խնդալով կը պատմէր թէ իր ընտանիքին, ազգականներուն մեծ մասը իր որոշումին դէմ կանգնած էին, իրեն բարկացած էին, յետոյ ալ «Որո՞ւ հոգն է» ըսելու պէս ձեռքը շարժելով՝ «Ez fılle me» կ՚ըսէր՝ կապտագորշ աչքը թարթելով։
Մէկ կողմը քրիստոնեայ, միւս կողմը մահմետական ընտանիք մը, թէ՛ քիւրտ թէ՛ հայ ծագումնաբանութիւն մը, ահա՛ ձեզի փաստաթուղթ-մարդ, մարդ-փաստաթուղթ Թուրքիոյ պատմութիւն մը։ Ծագումով լիճէցի էր։ Լիճէցիները իրենց քաջութեամբ, ըմբոստութեամբ, ուղղամտութեամբ, քիչ մըն ալ խենթութեամբ պարծենալ կը սիրեն, ինչպէս նաեւ իրենց լոլիկներով ու բերրի հողերէն բխած բոլոր այդ համեղ պտուղներով։ Հերետանցի Ալիի, մականունով Ատամնաբոյժ Սարգիսի որդիին՝ «Ըսէ՛ տեսնեմ, Մարկոս, որտեղի՞ց ես» հարցնելու եռանդովը կ՚ըսէր թէ լիճէցի է։ Սուրբ Կիրակոսը վերանորոգուելէ ու պաշտամունքին բացուելէ ետք իր ամբողջ կեանքին կեդրոնը Աստուծոյ տունը եղաւ։ Անոր ամէն գործին վազեց։ Ապտուլլահ Տեմիրպաշի Սուր թաղամասի քաղաքապետութեան շրջանին բացուած հայերէնի դասընթացքին, իր պէս հայութիւնը թաքցնելով ապրելու ստիպուած, վախնալով իսկ արեւուն տակ իրենց տեղը գրաւել սկսած սուրի մնացորդներուն հետ ուխտի երթալու պէս հետեւեցաւ։ Հայերէնը իր զէմզէմի ջուրը եղաւ, զայն ումպ-ումպ խմեց։ Սուրբ աւանդի մը պէս հոգիին մէջ տառերն ու բառերը քանդակեց, իւրաքանչիւրը համբուրելով ճակատին դրաւ, յետոյ ալ մաքուր, ճերմակ կտորի մը մէջ փաթթելով սրտին վրայ պահեց։
Ովքե՜ր, ովքեր գացին
Մարդ արարածը մոռացութենէն տառապող է, մոռացութիւններու ամենամեծն ալ մահը մոռնալն է։ Ես ալ Արմէն աղբայրիկին միշտ Տիյարպէքիր ըլլալուն, մեզ սպասելուն, մեզ միշտ տեսնելուն սխալ համոզումին մատնուած էի։ Չէի գիտակցած իր բացակայութեան։ Տօներու առթիւ կը հեռաձայնէր, մեր վիճակը կը հարցնեէր։ Եթէ զբաղած եմ եւ չեմ պատասխանած՝ հաղորդագրութիւն կը ղրկէր։ Երբեք դառնութիւն չէր ունենար։ Կը համակերպէր մեր քմահաճոյքներուն։ Կը կարծէի թէ եթէ հեռաձայնեմ իսկոյն պիտի պատասխանէ։ Եթէ երթամ միշտ քովս պիտի գայ, բան մը պէտք ունենամ անմիջապէս պիտի վազէ։ Մոռացութեան մեծ մասը ամբարտաւանութիւն է։ Ահա հիմա զինք կորսնցնելով կը հասկնամ ասիկա։ Տիյարպէքիրէն ովքե՛ր ովքեր գնաց էին, ան ալ պիտի չերթա՞ր։ Միայն սա վերջին տարիներուն Անդօ քեռին գնաց։ Պայծառ Պաճօն գնաց։ Սամի Հազինսես, կեղծանունով Սամուէլ Ուլուչը գնաց։ Հերետանցի վարպետս Մկրտիչ Մարկոսեանը գնաց։ Արմէնը պիտի մնա՞ր։ Ո՛չ, ան ալ գնաց։
Արմէն Ապտուրրահիմն ալ գնաց անշուշտ, բայց լսեցի որ այսօր ծնած տեղը՝ Լիճէի մէջ, մահմետական սովորութեամբ պիտի թաղուի։ Մահմետական Ապտուրրահիմ Զօրարսլան ծնաւ, քրիստոնեայ Արմէն Տեմիրճեան ապրեցաւ, քրիստոնեայ Արմէն Տեմիրճեան մեռաւ, մահմետական Ապտուրրահիմ Զօրարսլան կը թաղուի Ապտուրրահիմ Արմէն Զօրարսլան Տեմիրճեան։ Մեքսիկացի չէ, լիճէցի։ Լիճէի, Տիարպէքիրի վեհ, դիմացկուն, հաւատարիմ զաւակը, այդ փոքրիկ մարմինին մէջ այս երկրին կուրցած-կապուած ցաւերը թէ՛ վէրք, թէ՛ դարման ըլլալով կրեց։ Սիրտը այլեւս չդիմանալուն գացած «էնդի դէմ»-ը՝ անդենականը, կը մաղթեմ, այստեղինէն աւելի արդար, աւելի խաղաղ տեղ մը ըլլայ։ Ուր երկու կրօնքի ու երկու անունի միջեւ ո՛չ առանց նամազի, ո՛չ ալ առանց խաչի մնացած է, սրտէն անցած լեզուով սրտէն անցածին պէս աղօթելու ու երգելու։ Այլեւս քիչ մըն ալ իր անձին հանգչելու։ Իր կրօնքներով, իր լեզուներով հանգչելու։




