Թուրքիա-Հայաստան կրթաթոշակի ծրագիրը հիմնուեցաւ 2014-ին, Հրանդ Տինք Հիմնարկի կողմէ։ Ծրագիրը կը նպատակադրէ զօրակցիլ երկու դրացի երկիրներու միջեւ գիտական, հասարակութեան, մամուլի, մշակոյթ-արուեստի, իրաւունքի, առողջապահութեան, տնտեսութեան եւ տեղեկատուական տեխնոլոգիաներու նման ոլորտներուն մէջ, ուր կարիք կայ փոխադարձ մասնագիտական փորձառութեան փոխանակման ու համագործակցութեան։
Տարբեր մասնագիտութիւն ունեցող անձերու մասնակցութիւնը դիւրացնելու համար, ծրագիրը կ՚իրագործուի երկու ձեւաչափով՝ երկարաժամկէտ եւ կարճաժամկէտ կրթաթոշակի ծրագիր ըլլալով։ Կրթաթոշակի ծրագրին շրջագիծէն ներս, մինչեւ այսօր, Անգարայի, Կիւմրիի, Իսթանպուլի, Իզմիրի եւ Երեւանի մէջ, Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն ընդհանուր 58 կրթաթոշակառու օգտուած են։
Թուրքիա-Հայաստան Երկարաժամկէտ Կրթաթոշակի ծրագրին նոր շրջանը կը սկսի։ Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն ընդհանուր 3 մասնագէտ պիտի կարենան մասնակցիլ դրացի երկրի մէջ գտնուող հիւրընկալ կազմակերպութեան մը քով 3-էն 6 ամիս տեւող կրթաթոշակի ծրագիրին։
Հրանդ Տինք Հիմնարկը կոչ կ՚ընէ հիւրընկալ կազմակերպութիւն ըլլալու համար։
Կրնան դիմել Թուրքիոյ մէջ գրանցուած եւ շրջակայ միջավայրի ու կլիմայի փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ մշակութային ժառանգութեան ու զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ գործող կազմակերպութիւնները։ Եթէ առաջնահերթ աշխատանքի ոլորտներուն մէջ կատարուած դիմումները թիւով կամ որակով անբաւարար նկատուին, ապա միւս աշխատանքի ոլորտներն ալ կրնան նկատառութեան առնուիլ։
Հրանդ Տինք Հիմնարը կը սպասէ դիմումին այն կազմակերպութիւններէն, որոնք կրնան գրասենեակի տարածք տրամադրել դրացի Հայաստանէն եկող կրթաթոշակառուին եւ ունին որոշուած աշխատակից մը, որ ծրագրի ամբողջ տեւողութեան պիտի աջակցի ու հետեւի կրթաթոշակառուին։
Հիւրընկալ Կազմակերպութեան կրթաթոշակի ծրագրի գործունէութեան Առաջարկի Ձեւաթուղթը կրնաք լրացնել մինչեւ 20 Յուլիս 2026, հարցումներու համար կրնաք հասնիլ հիմնարկին՝ [email protected] հասցէով։



