Հրատարակութեան թուական: 20 Օգոստոս 2026 11:46
 ~ Վերջին թարմացում: 20 Օգոստոս 2026 11:51
read.ReadTime

Կամրջել մտայինը զգացականին

Իւրաքանչիւր երաժիշտ ունի իր ուրոյն կատարողական ոճը։ Այս անգամ կ՚ուզենք ձեզ ծանօթացնել պոլսեցի երաժիշտ մը, թմբկահար Պուրաք Համզաօղլու։ Եթէ թմբուկը հարուածային գործիքներու ընդհանուր անուանումն է, նշեմ որ Պուրաք այդ ընդհանուրին մէջ մասնագիտացած է տարպուքայով, որ Միջին Արեւելքի եւ Պալգանեան թերակղզիի երաժշտութեան մէջ մեղեդիի կշռոյթը բնորոշող գլխաւոր գործիքն է։
Պատկերը մեծցնել
Կամրջել մտայինը զգացականին