դատավարութիւնը աւարտեցաւ ի վնաս թաղականութեան
Կարծես քիչ էին մեր հոգերը
Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ գործատէր Նորայր Իշլերի միջեւ շարունակուող դատավարութիւնը անգամ մը եւս աւարտեցաւ ի վնաս թաղականութեան։ Վերջին որոշումը կայացնողը Վճռաբեկ Ատեանի երրորդ իրաւական բաժինն էր, որ դատական թղթածրարը քննարկելէ ետք վերահաստատեց առաջին աստիճանի դատարաններու վճիռները։
Յետադարձ ակնարկով յիշենք թէ Նորայր Իշլեր վարձակալած էր թաղականութեան սեփականութիւն պատմական կալուած մը, որ երկար տարիներէ ի վեր անմարդաբնակ եւ աւերակ դիրքի մէջ էր։ Կողմերու միջեւ կնքուած համաձայնութիւնով վարձակալը ստանձնեց շէնքի վերանորոգումը, զայն հիւրանոց ըլլալով օգտագործելու համար։ Բաւականին բազմածախս վերանորոգումէն ետք, երբ կալուածը պիտի դառնար շահութաբեր, վրայ հասաւ Քովիտի համավարակը։ Այդ շրջանին սնանկացան բազմաթիւ հիւրանոցային համալիրներ։ Վարձակալն ալ հարկադրուեցաւ իր խոստացած վարձակալութեան փոխարժէքը վճարելու մէջ թերանալու։
Թաղականութիւնը այս թերացումը պատճառաբանելով դատարան դիմեց պահանջելով կալուածի ազատումը։
Այս անգամ ալ վարձակալը պահանջեց իր կատարած ծախսերու հատուցումը։ Այս փոխադարձ տարակարծութիւնները հասան իրենց աւարտին, կարեւոր պարտք մը ներկայացնելով թաղական խորհուրդի ուսերուն։
«Յայտարարուած վճիռով թաղական խորհուրդը դէմ առ դէմ մնացած է լուրջ գումարի մը հետ։ Իրաւաբաններու համաձայն եթէ թաղականութիւնը այդ պարտքը չվճարէ կրնան գրաւի տակ դրուիլ եկեղեցապատկան կալուածներ, անոնց շարքին նոյնիսկ Պատրիարքարանի շէնքը։ Այլեւս վերջ գտած է իրաւական բանավէճը։ Այժմ վարչական պատասխանատուութիւնը պէտք է քննարկել։ Այս պահուն պէտք է հարցնել թէ նման անելին պատասխանատուն ո՞վ է։ Ո՞վ խնդիրը վերածեց անհատական վրիժառութեան»։
Նորայր Իշլերի այս բացատրութենէն ետք հիմա բոլորը մտահոգ են թէ այս խնդիրը ինչպէս պիտի հասնի խաղաղ լուծումի մը։

